Սուրբ Փրկիչ (ամսագիր)
Արտաքին տեսք
«Սուրբ Փրկիչ», ամսաթերթ հայոց հիւանդանոցի, բժշկական, գրական, գիտական պատկերազարդ ամսագիր։ Լոյս կը տեսնէ 1949 թուականէն, Իսթամպուլի մէջ։ «Սուրբ Փրկիչ» ազգային հիւանդանոցի հրատարակութիւն։ Խմբագիրներ Արփիար Տէր-Մարգարեան, Մկրտիչ Հաճեան, Հերմինէ Սինանեան, Կարպիս Ե. Մուրատեան, 1980 թուականէն՝ Մաքրուհի Յակոբեան։ Կը ներկայացնէ նիւթեր համաշխարհային բժշկագիտութեան յայտնագործութիւններու, հիւանդանոցի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ ներդրած նորագոյն տեխնիկայի, հիւանդանոց-ծերանոցի առօրեայի, բարեգործութիւններու ու բարերարներու մասին։