Jump to content

Սուրբ Սարգիս Վանք (Ուշի)


Սուրբ Սարգիս Վանք
Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Առանձնայատկութիւններ

Սուրբ Սարգիս վանք, վանական համալիր, կը գտնուի Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղին մէջ։ Միջնադարուն եղած է հոգեւոր կրթութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը։

Վանական համալիրը հիմնադրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ՝ 5-7-րդ դարուն բարձունքի վրայ։ Վանքի մասին վկայած են պատմահայրեր Մովսէս Խորենացին եւ Ղեւոնդ Ալիշանը։

Համալիրը կը կազմէր երկու եկեղեցի, գաւիթ, պարսպապատերը եւ օժանդակ շինութիւնները։ Մաշտոց՝ Ս. Սարգիսի աճիւնը բերած է նախ Կարբի, ապա Ուշի փոխադրած և սուրբին մասունքներուն վրայ հիմնուած է եկեղեցին։

1827-ին Ուշիի Ս. Սարգիս վանքը երկրաշարժէն աւերակ դարձած է։

1999-էն, Շահէ Արք. Աճեմեանի նախաձեռնութեամբ սկսած են վանական համալիրի պեղումները[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ուշիի Սուրբ Սարգիս վանք»։ Հատիս Տուր։ արտագրուած է՝ 2025-07-09