Jump to content

Սուրբ Յակոբ եկեղեցի (Ժընեւ)

Սուրբ Յակոբ եկեղեցի

Հիմնական տեղեկութիւններ
Տարածաշրջան Եւրոպա
Ներկայ վիճակ Կանգուն
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապետ(ներ) Էտուարտ Ութուճեան
Կառուցման սկիզբ 1967
Կառուցման աւարտ 14 Sեպտեմբեր 1969
Առանձնայատկութիւններ

Սուրբ Յակոբ, հայ առաքելական եկեղեցի Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ։

Զուիցերահայ հոգեւոր համայնքը կազմաւորուած է 1960-ական թթ.։ 1969 թուականին ստեղծուած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ հոգեւոր հովուութիւնը։ Սուրբ Յակոբ եկեղեցին կառուցուած է 1967-1969 թթ.` Արեւմտեան Հայաստանէն ներգաղթած ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայերու ժառանգներու միջոցով։ Եկեղեցւոյ կառուցման առաջին հանգանակութիւնը` 400 000 ֆրանք, կատարած է իտալահայ գործարար Յակոբ Թօփալեանը (1897-1985)։ Եկեղեցին կառուցուած է դասական ոճով՝ հնագոյն հայկական եկեղեցիներու ճարտարապետութիւնով։ Կառուցուած է ճարտարապետ Էտուարտ Ութուջեանի նախագիծով։ Պաշտօնապէս բացուած է 1969 թուականի Սեպտեմբերի 14-ին։ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կից կը գործեն կիրակնօրեայ դպրոց, Հայ տիկնանց միութիւնը, Երիտասարդութեան ակումբը, Հայ բժիշկներու միութիւնը, «Պրօ Արմէնիա» կազմակերպութիւնը, «Անի» պարի համոյթը, «Արաքս» երգչախումբը եւ այլն։

Զուիցերիոյ թեմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1992 թուականին, ամէնայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. Պալճեանի կոնդակով, ստեղծուած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմ։ Առաջնորդանիստը՝ Ժընեւի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի։ Թեմի առաջնորդ նշանակուած է Վիգէն եպիսկոպոս Այքազեանը։ Սակայն նշուած կոնդակը չէ իրականացուած եւ համայնքին մէջ ներկայիս կը գործեն երկու հոգեւոր հովուութիւններ. մէկը երկրի արեւելեան թեմի՝ ֆրանսախօս հատուածին մէջ՝ Աբէլ քահանայ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ, միւսը՝ արեւմտեան թեմի՝ գերմանախօս մասին մէջ՝ 1992 թուականէն Զիւրիխի մէջ հաստատուած Շնորհք վարդապետ Չեքիջեանի գլխաւորութեամբ։ Հոգեւոր վարչատարածքային այս երկու միաւորները կը գտնուին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան իրաւասութեան ներքոյ[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հայերը Շվեյցարիայում, եկեղեցի[permanent dead link]
  2. «Армяне Швейцарии - Геноцид армян стал разменной монетой в торговле за результат мирных переговоров»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ մարտի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2021 թ․ մարտի 5