Սոցիալիստական Արշաւ (թերթ)

Սոցիալիստական արշաւ, արտադրական-բանուորական 5-օրեայ (յետագային՝ երկօրեայ) թերթ։ ՀԱՍ1ս-ի եւ Արհմիութիւններու կեդրոնական վարչութիւններու մարմին։ Լոյս տեսած է 1930— 1931-ին, Երեւանի մէջ։ Խմբագիր՝ Երուանդ Խոջամիրեան (սկիզբը՝ խմբագրական)։ Յաջորդած է «Աշխատանք» (Երեւան)։ Նպաստած է բանուորներու քաղաքական եւ մշակութային դաստիարակութեան գործի արհմիութիւններու դերի բարձրացման, լուսաբանած է ընկերային մրցութեան եւ հարուածային շարժման ընթացքը հանրապետութեան մէջ, ներկայացուցած է առաջաւոր ձեռնարկութիւնները, ընդհանրացուցած դրական փորձը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։