Սոցիալիստական Անասնապահութիւն (Պարբերական)
«Սոցիալիստական Անասնապահութիւն», գիւղատնտեսական երկօրեայ թերթ Խորհրդային Հայաստանի մէջ (1979 թուականէն «Արեւածագ», ռուսերէն տարբերակը՝ «Զարեայ» («Заря»)), ՀԿԿ Կալինինոյի շրջանային կոմիտէի եւ ժողովրդական դէպուտատներու Կալինինոյի շրջանային սովետի օրգան։
Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1938 թուականին, Կալինինոյի մէջ (այժմ՝ Տաշիր)։ Մինչեւ 1965 թուականը հանդէս եկած է «Կոլխոզնիկի ձայն», «Կոլտնտեսականի ձայն», «Փարոս» անուններով։ Տպագրուած է նաեւ Ստեփանաւանի մէջ։ Սեփական պնդմամբ՝ օգնած է «շրջանի կուսակցական, սովետական եւ տնտեսական մարմիններուն «մոբիլիզացնել աշխատաւորութեան ժողտնտեսութեան պլանները իրականացնելու գործին մէջ»։
Կարեւոր տեղ յատկացուցած է համաշխարհային դաստիարակութեան, լուսաբանած եւ գովազդած է աշխատանքի փորձը, ներկայացուցած է շրջանի առօրեան։
Տպագրած է լուրեր հանրապետական, միութենական եւ միջազգային իրադարձութիւններու մասին, իրաւաբանական, բժշկական խորհրդատուութիւններ եւ այլն։