Jump to content

Սովետական Վրաստան (պարբերական)

Սովետական Վրաստան
Տեսակ թերթ

«Սովետական Վրաստան», խորհրդային շրջանի օրաթերթ։ Հանդիսացած է Վրաստանի կոմունիստական կուսակցութեան Կենտկոմի, Վրացական ԽՍՀ Գերագոյն սովետի եւ Մինիստրներու խորհուրդի օրգան։

Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1920 թուականին (մինչեւ 1923 թուականը՝ «Կարմիր աստղ», 19231927 թուականին՝ «Մարտակոչ», 19271938 թուականին՝ «Պրոլետար», 19381940 թուականին՝ «Խորհրդային Վրաստան»), Թիֆլիսի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Դովլաթեան, Խանոյեան, Խումարեան, Մելիքեան, Վարդանեան, Ատրեան, Գասպարեան, Վարդանեան, Մարգարեան, Պողոսեան, Բլրցեան (1969 թուականէն)։

Գովազդած է մարքսիզմ-լենինիզմի գաղափարները, հանդէս եկած է Հայաստանի հանրապետութեան եւ անոր մամուլի դէմ (5-րդ համարէն ետք Վրաստանի մենշեվիկեան կառավարութիւնը թերթի հրատարակութիւնը արգիլած է, հրատարակութիւնը շարունակուած է 1921 թուականի Փետրուարէն)։

Կարմիր բանակի՝ Վրաստան ներխուժումէն եւ երկրին մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք խորհրդային գաղափարախօսութեան դիրքերէն լուսաբանած է կոմունիստական կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, Ռուսաստանի եւ Վրաստանի մէջ կատարուող հասարակական-տնտեսական վերափոխումները, նորաստեղծ Անդրֆետերացիայի կուսակցական, սովտական ու տնտեսական մարմիններու գործունէութիւնը։

Նախապատերազմեան հնգամեակներուն աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած է հանրապետութեան ինդուստրացման, գիւղատնտեսութեան կոլեկտիւացման եւ «մշակութային յեղափոխութեան» խնդիրներու իրականացման։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թերթը լուսաբանած է Նացիստական Գերմանիոյ դէմ մղուած պայքարը, բոլոր ազգերու ու ազգութիւններու եղբայրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը։

Թերթը պարգեւատրուած է «Պատուոյ նշան» շքանշանով (1970

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։