Jump to content

Սոխ

Սոխ[1] (լատ.՝ Allium cepa), ամէնէն տարածուած, արժէքաւոր եւ հնագոյն բանջարեղէններէն է, կը մշակուի կլիմայական բոլոր գօտիներուն եւ կ'օգտագործուի գրեթէ բոլոր կերակուրներու մէջ։

Նաեւ կ'օգտագործուի թարմ վիճակով, իբրեւ աղցանային բանջարեղէն։

Սոխի ծաղկաբոյլը

Սոխը երկամեայ բոյս է, ներկայիս տեսակներու ցողունները կը հասնեն 15-էն 45 սմ բարձրութեան: Տերեւներուն գոյները դեղնաւունէն մինչեւ կապտա-կանաչաւուն են եւ կ'աճեն հովհարաձեւ: Ատոնք գլանաձեւ եւ մսեղ են: Մինչեւ բարձրութեան քառորդը հաստ են եւ ապա կը դառնան սրածայր: Հասունանալիս, սնունդի պաշարները կը հաւքուեն ցողունին հիմքին քովը եւ արմատը կը սկսէ ուռչիլ: Աշնանը ցողունները կը թառամեն, սոխուկի դուրսի թեփուկները կը դառնան չոր եւ փխրուն եւ արդէն կարելի կ'ըլլայ բերքը հաւքել: Հողին մէջ ձմեռուան թողնելու պարագային գարնանը գլուխի միջուկը կը սկսէ զարգանալ:

Արցունքաբերութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կտրատած սոխը յառաջ կը բերեն արցունք:

Թարմ կտրատած սոխը կ'արձակէ ցնդող syn-propanethial-S-oxide կազ եւ յաճախ շրջապատի մարդոց աչքերը վառուելու զգացմունք եւ յաճախ անկառաւարելի արցունք կ'յառաջացնէ:[2] Աչքերու արցունքոտուելէն կարելի է խուսափել սոխը հոսող ջուրին տակ կամ ջուրով լեցուն ամանի մէջ կտրտելով: Մեկ այլ միջոց մըն է կտրատելուն ատենը բերնին մէջ ջուր առնելը: Ծծումբի միացութիւններ պարունակող հիմնական մասը արմատին քովն է, եւ այն ձգելը նոյնպէս պիտի նուազեցնի արցունքաբերութիւնը:[3][4]
2008-ին Նոր Զելանտային մէջ ստեղծուեցաւ անարցունք սոխ:[5]

Քիմիական Բաղադրութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոյսը կը պարունակէ մօտ 10 տոկոս շաքարներ, 1,5-2 տոկոս սպիտակուցներ, բջջանիւթ, եթերային իւղեր, պեկտին, լորձ, ֆերմենտներ, եոտ, ծծումբ, կիտրոնի եւ խնձորի թթուներ եւ շաքարային տիապեթի պարագային՝ օգտակար գլիկոզիդներ։ Քաղկիոնի (31 մկ), քաղիոնի (175), լուսաբերի (58) եւ մակնէզիումի (14 մկ) փոխհարաբերակցութիւնը ճերմակ կճեպով սոխին մէջ շատ բարենպաստ է կաղկիոնի իւրացման համար։ Կանաչ սոխը կը պարունակէ 2 մկ պեթա-կարոտին, 30 մկ ասկորբինաթթու, 0.3 մկ նիկոտինաթթու, 0,9 մկկ բիոտին, 18 մկկ ֆոլացին, 1 մկ E կենսամին։ Գլուխ սոխը կը պարունակէ 10 մկ ասկորբինաթթու, 1,2 մկ նիկոտինաթթու, 0,9 մկկ բիոտին, 9 մկկ ֆոլացին, 0,2 մկ E։ Բոյսը կը պարունակէ նաեւ B1, B2, B5, B6 վիթամիններ։

Սոխին բարիքները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սոխը բնութեան մէկ հրաշքն է` օժտուած բազմաթիւ բուժիչ յատկութիւններով.

Սոխին սննդարար յատկութիւնները կը բնորոշուին անոր մէջ եղած շաքարներով (6-10%), փրոթէիններով (2%-ին մօտ) եւ հանքային աղերով (0.6 - 1.12%)։

Սոխի քալորիականութիւնը շուրջ 400 է, ատկէ զատ, սոխը հին ժամանակներէն յայտնի է իբրեւ ուժեղ մանրէասպան եւ բուժիչ յատկութիւններով բուսատեսակ։ Պարզուած է, որ սոխի հիւթին մէջ քանի մը վայրկեանէն կրնան ոչնչանալ տիֆի, տիզէնթերիայի, տիֆթերիայի եւ այլ հիւանդաբեր մանրէներ։

  • «Ճըռնըլ աֆ քլինիքըլ ինվեսթիկէյշըն»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը համաձայն, սոխը կ'արգիլէ արեան մէջ caillot-ներու գոյացումը եւ երակներու խցանուիլը: Արդարեւ սոխին պարունակած ռիւթին կոչուած նիւթը, որ առկայ է նաեւ խնձորին մէջ ունի սրտանօթային հիւանդութիւններէ պաշտպանելու յատկութիւն:
  • Սոխը կ'օգնէ պայքարելու քաղցկեղին դէմ` արգիլելով ախտահարուած բջիջներու բազմացումը. կը հաստատեն «Քոռնել եունիվըրսիթի»-ի հետազօտողները:
  • Սոխը կը պարունակէ քերսեթին կոչուած նիւթը, որ կը նուազեցնէ արեան գերճնշումը: Նոյն այս նիւթը կը պաշտպանէ նաեւ արիւնատար երակներուն ներքին պատերը եւ բնականաբար կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններէ:
  • Այն կիները, որոնք յաճախ սոխ կ'ուտեն, դաշտանին նախորդող օրերուն նուազ ենթակայ են փորի ցաւերու եւ տրամադրութեան ելեւէջներու:
  • Սոխը կը զօրացնէ ոսկորները: Հարաւային Քարոլայնայի Բժշկական համալսարանի մէկ ուսումնասիրութիւնը հաստատած է, որ օրական առնուազն մէկ անգամ սոխ ուտող կիներուն ոսկորները 5 առ հարիւրով աւելի զօրաւոր են, քան` հազուադէպօրէն ուտողներունը:
  • Սոխը կ'աւելցնէ ֆոլիք թթուի, կամ Պէ 9 կենսանիւթի քանակը` մարմնին մէջ, ինչ որ կը նպաստէ ուղեղին լաւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` մեր մտային ու յուզական համակարգի առողջութեան[6]:
Սոխի արտադրումը 2014-ին
Երկիր (մլն.թօն)
 Չինաստան Չինաստան 22.5
 Հնդկաստան Հնդկաստան 19.4
 ԱՄՆ ԱՄՆ 3.2
 Եգիպտոս Եգիպտոս 2.5
 Իրան Իրան 2.1
 Ռուսաստան Ռուսիա 2.0
 Թուրքիա Թուրքիա 1.8
Կաղապար:Country data Պակիստան Փաքիստան 1.7
 Բրազիլիա Պրազիլ 1.6
Աշխարհ
88.5
Աղբիւր՝ ՄԱԿ-ի Պարենի եւ Գիւղտնտեսութեան Կազմակերպութիւն[7]

2014-ին չոր սոխի արտադրութիւնը եղած է 88.5 միլիոն թօն, որուն առաջատարներ Չինաստանը եւ Հնդկաստանը արտադրած են ամբողջի 25%-ը եւ 22%-ը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&dt=HY_HY&query=%D5%BD%D5%B8%D5%AD
  2. Scott Thomas։ «What is the chemical process that causes my eyes to tear when I peel an onion?»։ Ask the Experts: Chemistry։ Scientific American։ արտագրուած է՝ 2007-04-28 
  3. «FAQ»։ National Onion Association։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-03-18-ին։ արտագրուած է՝ 2013-03-28 
  4. Hiskey, Daven (2010-11-05)։ «Why onions make your eyes water»։ Today I Found Out։ արտագրուած է՝ 2013-03-28 
  5. «Tearless Onion Created In Lab Using Gene Silencing»։ ScienceDaily։ 5 February 2008։ արտագրուած է՝ 23 November 2016 
  6. Սոխին բարիքները
  7. «Onion (dry) production in 2014: Crops/World Regions/Production Quantity from pick lists»։ Food and Agriculture Organisation, Statistics Division (FAOSTAT)։ 2017։ արտագրուած է՝ 1 August 2017