Jump to content

Սկիւտարի Ճեմարան

Կ.Պոլիս

Սկիւտարի Ճեմարան, հայ աշխարհիկ առաջին ճեմարանը։ Հիմնադրուած է 1838 թուականին, Կոստանդնուպոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ։

19-րդ դարու 30-40-ական թուականներուն լայն ծաւալստացած էր կրթալուսաւորական շարժումը, ուր ազգային նախակրթարանները այլեւս չէին կրնար բաւարարել կրթական գործի աճող պահանջները։ Միաժամանակ կը խորանային աշխատաւորական, ամիրայական եւ կղերապահպանողական խաւերու հակասութիւնները, կը սրուէր պայքարը կաթոլիկութեան ու միսիոներութեան դէմ։ Նման պայմաններու մէջ խիստ անհրաժեշտութիւն դարձած էր արեւմտահայ մշակոյթի կեդրոնին մէջ ազգայիններ պատրաստող բարձր մակարդակի կրթական հաստատութիւն ունենալը։

1836-ին այդ հարցը քննութեան կ'առնուի Կ․Պոլսոյ պատրիարքարանէն ներս եւ որոշում կ'առնուի Երուսաղէմի միաբանութեան պատկանող վանքը վերակառուցել եւ այդ շէնքին մէջ բանալ ազգային ճեմարան։ Այդ նպատակին համար կը կազմակերպուի հանգանակութիւն, նիւթական միջոցներ կը տրանադրէ Երուսաղէմի միաբանութիւնը։

Կ. Պոլիս

Կ․Պոլսոյ արքունի ճարտարապետներ Հ․ Մերվուերեանը, Կ․ Պալեանը կը ստանձնեն շէնքի նախագծումի եւ կառուցումի գործը։ Ազգային ճեմարանի (գիշերօթիկ) բացումը տեղի կ'ունենայ 9 Դեկտեմբեր 1838-ին։ Կ'ընդունուի 50 աշակերտ (10-ը՝ անվճար), տնօրէն կը նշանակուի Հ․ Մանուէլեանը։ Ճեմարաննը կ'ունենայ ներքին կանոնադրութիւն։ Հոն կը դասաւանդուին հայերէն, ֆրանսերէն, տաճկերէն քերականութիւն, աշխարհագրութիւն, պատմութիւն, հանրահաշիւ, երկրաչափութիւն, գեղեցկագիտութիւն, կրկնատոմար, նկարչութիւն, գծագրութիւն, քաղաքավարութեան կանոններ, յետագային կ'աւելնան նաեւ հողագիտութիւն, բնագիտութիւն, ֆիզիկա, քիմիա, արհեստներ։ Ճեմարանի բացումը խանդավառութեամբ կ'ընդունին դեմոկրատական խաւերը, սակայն անոր աշխարհիկ բնոյթին դէմ էին ամիրաներն ու կղերապահպանողական խաւի ներկայացուցիչները։ Այդ հողին վրայ տեղի ունեցող բախումները սուր բնոյթ կը ստանան։ Շուտով ամիրաները ո՛չ միայն կը հրաժարին ճեմարանին նիւթական օգնութեան խոստումէն, այլեւ կը դիմեն իրենց բարեկամներուն ու համակրողներուն՝ երեխաներուն ճեմարանէն դուրս բերելու պահանջով։ Ուստի, Ուսումնական հաստատութիւնը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։

Ճեմարանի փակման նախադրեալները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կոյսի աշտարակը

1840 թուականին Սկիւտարի ճեմարանի աշակերտութեան, ուսուցչութեան եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներու միացեալ ժողովը կ'որոշէ ստեղծել «Միակամ ընկերութիւնը», որ իր վրայ կը վերցնէր ճեմարանի հոգատարութիւնը։ Կ․Պոլսոյ հայոց պատրիարքը կը հաստատէ նոր հոգաբարձութիւն (22 արհեստաւոր, 2 ամիրա)։ Ամիրաներու միջամտութեամբ թուրք կառավարութիւնը ո՛չ միայն չի հաստատեր հոգաբարձութիւնը, այլեւ կը ձերբակալէ անոր անդամները։

Ի պատասխան այդ քայլին՝ 24 Օգոստոս 1841-ին տեղի կ'ունենայ Կ․Պոլսոյ արհեստաւորներու ցոյց, որուն կը մասնակցին աւելի քան երեք հազար մարդ։ Թրքական կառավարութիւնը ստիպուած ազատ կ'արձակէ կալանաւորները, ապա՝ առանձին-առանձին դատաստան կը կատարէ անոնց հետ (կը բանտարկուին եւ կ'աքսորուին ճեմարանի տնօրէն Հ․ Մանուէլեանը եւ այլ ուսուցիչներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնանկ կ'ըլլայ պատրիարքը)։ 3 Հոկտեմբեր 1841-ին ճեմարանը կը փակուի, շէնքը կը վերածուի զինուորական հիւանդանոցի։

Ճեմարանի փակման պատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարատեւ բողոքներէ ետք այդ շէնքը հայերուն կը վերադարձուի 1846-ին եւ թոյլ կը տրուի վերաբանալ ճեմարանը։ Արքունի հրամանով կը ստեղծուի 27 անհատներէ (14 արհեստաւոր) կազմուած յանձնաժողով, որ իր ձեռքը կ'առնէ ո՛չ միայն ճեմարանի ղեկավարութիւնը, այլեւ պատրիարքարանի դրամական գործը։ 1851-59 թթ. ճեմարանը որոշ յառաջխաղացում կ'արձանագրէ, սակայն իյնալով նիւթական ու քաղաքական ծանր կացութեան մէջ՝ 1859 թուականին վերջնականապէս կը փակուի։

Ճեմարանի հանրայայտ ուսուցիչներ եւ սաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկիւտարի ճեմարանէն ներս դասաւանդած են Հ․ Թիւլեանը, Ս․ Փափալեանը, Ա․ Տէր-Սահակեանը, Մ․ Սրապեանը եւ ուրիշներ։ Ճեմարանի սաներէն եղած են Կ․ Ութականը, Հ․ Ալաճաճեանը, Մկրտիչ Մեզպուրեանը, Ե․ Դուրեանը, Զապէլ Ասատուրը, Ա․ Վրոյրը եւ ուրիշներ։

Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասը
  • Նազիկեան Գ․ Ս․ Արեւելահայ մանկավարժական միտքն ու դպրոցը, Ե․, 1969։