Սիւնիքի Մարզը եւ Արցախեան Ազատագրական Պատերազմը
Վարչատարածքային միաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Կազմուած է 4 Դեկտեմբեր 1995 թուականին։ Կը ներառէ Կապանի, Գորիսի, Սիսիանի եւ Մեղրիի նախկին վարչական շրջաններու տարածքները։ Վարչական կեդրոնը՝ Կապան: Հիւսիսի մէջ սահմանակից է ՀՀ Վայոց ձորի մարզին, արեւելքէն՝ Քաշաթաղի շրջանին, արեւմուտքէն՝ Նախիջեւանի Հանրապետութեանը, հարաւէն՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեանը։ Տարածքը՝ 4506 քմ, բնակչութիւնը՝ 152,8 հազար (2003 թուական): Մարզին մէջ կայ 113 համայնք, որմէ 7-ը՝ քաղաքային, 135 բնակավայր (127-ը՝ գիւղ): Մարզը կը համապատասխանէ պատմական Սիւնիք աշխարհի Ծղուկ (յետագային Սիսիան), Հաբանդ կամ Ցագեձու (Գորիս), Աեւիք (Մեղփ), Բաղք, Զօրք եւ Կովասկան (Կապան) գաւառներուն։ Տարածքը յայտնի է նաեւ Զանգեզուր բնապատմական կամ պատմաաշխարհագրական անունով։ Արեւմուտքէն Զանգեզուրի լեռնաշղթայով մարզը կը սահմանազատուի Նախիջեւանի Հանրապետութենէն եւ ՀՀ Վայոց ձորի մարզէն, հիւսիս-արեւելքէն՝ Ղարաբաղի լեռնաւահանի կեդրոնական մասով անցնող եւ մինչեւ Արաքս գետը հասնող սահմանագիծն Է, հարաւէն՝ Արաքս գետը, ոաւ ՀՀ կը բաժնուի Իրանէն։
Ազրպէյճանական ճնշումներու հետեւանքները Սիւնիքի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղարաբաղեան պատերազմը, հայ-Ազրպէյճանական սահմանային կռիւներն ու աւերածութիւնները, Ազրպէյճանի մէջ ծայր առած հայկական կոտորածներն ու հայերու բռնագաղթը Հայաստան, Հայաստանէն (նաեւ մարզէն) Ազրպէյճանցիներու հեռանալը, տնտեսական շրջափակումը, 1990-ական թուականներուն Սիւնիքի մարզի համար եղած տնտեսական ու մշակութային կեանքի կազմալուծման տարիներ։ Կապանի շրջանն Ազրպէյճանի հետ ունէր 80 քմ երկարութեամբ սահման։ Ազրպէյճանական կողմը պարբերաբար յարձակած է շրջանի սահմանամերձ գիւղերու վրայ։ Շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար 1988 թուականի նոյեմբերէն շրջանի գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ եւ Կապան քաղաքին մէջ ստեղծուած են «բաղաբերղ» (հրամանատարներ՝ Ռ. Գասպարեան, Ա. Յարաթիւնեան, Ս. Բաղդասարեան, Մ. Մորոոդեան), «շինարարների» (Բ. Գրիգորեան, Ս. Մկրտչեան), «շահումեան փողոցի» (Ռ. Աայեան), «դաւիթ Բեկ» (Գ. Մկրտչեան, Մ. Օհանեան), «հայոց պատմական իրաւունք» (Հ. Քոչարեան), «գարեգին Նժդեհ» (Մ. Մկրտչեան, Ա. Կարապետեան) կամաւորական ջոկատները։ 1989 թուականի վերջին ջոկատներու հրամանատարական կազմէն ձեւաւորուած է Կապանի պաշտպանական ռազմական խորհուրդը, ուր համակարգած է ջոկատներու ինքնապաշտպանական մարտերը, ստեղծած ուղեկալներ՝ Դաւիթ Բեկ, Կաղնուտ, Զայգամի, Կարմրաքար, Ուժանիս, Եղուարդ, Ագարակ, Սզնուտ, Ղարաչիման, Շիկահող, Արաշէն, Հանդ, Գեարդ, Հաջիբաջ գիւղերու եւ անոնց հարող բարձունքներու վրայ։ Նոյեմբեր 1990 թուականին կամաւորական ջոկատներու հաւաքին մէջ երկրապահ ջոկատներու ընդհանուր հրամանատար ընտրուած է Ա. Յարութիւնեանը, շտաբի պետ՝ Գ. Մկրտչեանը։ 1993 թուականին միացեալ ջոկատներու հիմքի վրայ կազմաւորուած է Կապանի առանձին մոտոերաձգային վաշտը (հրամանատարներ՝ 1990 թուական- Ա. Յարաթիւնեան, Մ. Օհանեան):
Կապանի զինուած ընդհանրումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կապանի շրջանին մէջ յատկապէս լարուած իրավիճակ ստեղծուած է 1991 թուականի վերջին եւ 1992 թուականին։ Հակառակորդը տարբեր բարձունքներուն վրայ տեղակայուած հաուբիցներէն, նռնականետերրն, իսկ Զանգելանի եւ Կուբաթլորի շրջաններէն՝ «օասդ» կայանքներէն, թնդանօթներէն անընդմէջ հրթիռահրետակոծած է Կապան քաղաքը, Դաւիթ Բեկ, Եղուարդ, Ագարակ, Գեղանուշ, ճակատեն եւ այլ գիւղեր, նշանոցի տակ պահած Կապան-ճակատեն, Առնիկ եւ Ներրին Գեօդաքլիի հատուածները, Գորիս-կապան մայրուղին։ 1992 թուականի ամռանը ինչպէս մարզի միւս շրջաններուն, այնպէս ալ Կապանին մէջ հայկական յարաւարեւելեան բանակային կազմաւորումները (14՛ զօրամասի 4-րդ, Կապանի սահմանապահ գումարտակները. Սիսիանի եւ Կապանի առանձին մոտոերաձգային վաշտերը են) աշխոյժացած են ինքնապաշտպանական գործողութիւնները։ Ինքնապաշտպանութեան մասնակցած են «դնեպր» հրետանային խումբը, նաեւ «մեծն Տիգրան», «սուրմալու», «դաւիթ Բեկ», «մի սական», «սասունցի Դաւիթ», Արարատի, էջմիածնի եւ այլ շրջաններու կամաւորական ջոկատները։ 1992 թուականի վերջին եւ 1993 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան հարաւ արեւելեան զօրամիաւորումները լայնածաւալ հակայարձակումներով վնասազերծած են հակառակորդի կրակակէտերը եւ ետ շպրտած հակառակորդին մարզի սահմաններէն, ապահովա շրջանի անվտանգութիւնը։ Կապանի երկրապահ կամաւորական ջոկատը (հրամանատար՝ Մ. Օհանեան) մասնակցած է շրջանի գիւղերու ինքնապաշտպանական ու ազատագրական մարտերուն, 1992-1994 թուականին՝ Զանգելանի (Ղազանչի, Աղքենդ, Վերին Եմազլիի, Շարիֆան, Կարագեօլ, Մինջէան), Ֆիզուլիի (Բոիւք Բահմանլիի, Ղազախլար, Հորադիզ) եւ այլ շրջաններու ազատագրմանը։ Խումբէն զոհուած է 18, շրջանէն՝ 173 ազատամարտիկ։
Գորիսի զինուած ընդհանրումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գորիսի շրջանը իր 25 գիւղական բնակավայրերով Ազրպէյճանի հետ ունէր 100 քմ երկարութեան սահման։ Սկսած 1988 թուականէն՝ Ազրպէյճանցիները պարբերաբար յարձակած են շրջանի սահմանամերձ գիւղերու վրայ՝ առգրաւած, գողցած գիւղացիներու անասունները, պատանդած, սպաննած խաղաղ բնակիչներ։ Շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու համար գրեթէ բոլու գիւղերուն եւ Գորիս քաղաքի մէջ կազմաւորուած են կամաւորական խումբեր ու աշխարհազօրային, որոնց հիմքի վրայ 1987 թուականին ստեղծուած է Գորիսի սահմանապահ միացեալ խումբերու խմբաւորումը, որուն հիմքի վրայ ալ 1992 թուականին ձեւաւորուած է Գորիսի պայմանագրային գումարտակը (հրամանատարներ՝ Ս. Խաչատրեան, Ս. Բաղդասարեան, Ա. Բէգլարեան, Մ. Պողոսեան, Մ. Գրիգորեան, Ս. Գալըստեան): Շրջանի սահմանամերձ տարածքներուն մէջ ստեղծուած են Խոզնավարի, Վաղատուրի, Խնածախի, Հարթաշէնի, Տեղի, Կոռնիձուի, Խնձորեսկի, Շուռնովսի ինքնապաշտպանական գօտիներ։ 1989 թուականին խորհրդային բանակի զինուորները եւ Ազրպէյճանական զինեալները զոհուած են Շուռնովս-խոզնավար գիւղերու միջեւ ինկած բնակավայրերու վրայ։ 1990 թուականին ուղղաթիռներով եւ «գրադ», «ռւռագան» կայանքներէն հրթիռակոծուած են Գորիս քաղաքը եւ շրջանի արեւելեան գիւղերը։ Գորիսի մէջ աւերուած են 528 պետական եւ մասնաւոր շինութիւններ, 6 մանկապարտէզ, 2 դպրոց։ Սահմանամերձ 16 գիւղէն 5-ը աւերուած է գրեթէ ամբողջովին, մնացածներուն մէջ չվնասուած մնացած է շինութիւններու ընդամէնը 15-20-ը։ Ավերածութիւնները ուղեկցուած են մարդկային զոհերով եւ վիրաւորներով։ Պարբերական հրթիռահրետակոծութիւններու, շրջափակման, կեանքի անվտանգութեան տարրական երաշխիքներու բացակայութեան պատճառով բնակիչներու մէհ մասը ստիպուած հեռացած է իր մշտական բնակավայրերէն։ 1992 թուականին Գորիսի եւ հանրապետութեան այլ շրջաններու կամաւորական ջոկատները ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտեր մղած են, անցնելով հակայարձակման՝ ազատագրած են Լաչինի շրջանի Ջիջիմլի-1, Ջիջիմլի-2 բնակավայրերը։ Տեղի գիւղի ջոկատը գրաւած է «թուրուսի խութ» կոչուող բարձունքը։ Զարգացնելով հակայարձակումները՝ Գորիսի շրջանի խումբերը եւ գումարտակը մասնակցած են Լաչինի («սարդասիրական միջանցք»), Շուշիի, Կուբաթլուի, Զանգելանի, Ֆիզուլիի (Հորադիզ) շրջաններու, Բերդաձորի (Եղցահող) ենթաշրջանի ազատագրական մարտերուն։ Գորիսի շրջանէն զոհուած է 168 ազատամարտիկ։
Սիսիանի զինուած ընդհանրումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիսիանի շըրջանը Նախիջեւանի Հանրապետութեան հետ ունի 51 քմ երկարութեան սահման։ Նախիջեւանի Բիչանակ, Արաւսա եւ այլ գիւղերու մէջ տեղակայուած կրակակէտերէն հակառակորդը պարբերաբար ռմբակոծած, յաճախակի յարձակած է սահմանամերձ գիւղերու վրայ։ Սկսած 1988 թուականի վերջերէն՝ շրջանին ստեղծուած են ինքնապաշտպանական խումբեր, որոնք շուրջօրեայ հերթապահութիւն սահմանած են հայԱզրպէյճանական սահմանագօտիին մէջ, կեդրոնական մայրղիի տարբեր հատուածներուն մէջ։
Կամաւորական մեծ խումբեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կամաւորական առաւել խոշոր ջոկատներ կազմաւորուած են Կորայքի մէջ (հիմնադիրներ՝ Ա. Առուստամեան, Հ. Աասքելեան, Զ. Եղիազարեան, Ս. Օհանեան), Անգեղակոթի մէջ (Ս. Կարապետեան, Հ. Հայոոպետեան, Ա. Յովհաննիսեան, Ն. Յարութիւնեան, Ս. Մուշափեան), Շաղատի մէջ (Գ. Խաչատրեան, Վ. Կարապետեան, Գ. Փանեան), Բարձրաւանի մէջ (Գ. Սահակեան), Բռնակոթի, Դարբասի, Աշոտաւանի, Ախլութեանի, Վսպորդիի, Հացաւանի եւ Թասիկի կամաւոր ազատամարտիկներու միաւորումէն՝ Ձորի գիւղերու միացեալ ջոկատը (ընդհանուր հրամանատար՝ Վ. Րակամեամ): 1990 թուականին Երեւանի մէջ կազմակերպուած է «սիւնիք» հայրենակցական միութիւն հասարակական կազմակերպութիւնը. «աֆղանցինեղյ» Սիսիանի մէջ, որ նիւթական օգնութիւն ցօյց տուած է շրջանի սահմանները պաշտպանող կամաւորական ջոկատներուն, նիւթական օգնութիւն ցոյց տուած է զոհուածներու ընտանիքներուն, կազմակերպած վիրաւոր ազատամարտիկներու բուժսպասարկումը։ Օգոստոս 1992 թուականին շրջանի կամաւորական խումբերու հիմնի վրայ կազմաւորուած է «սիսական» կամաւորական զօրամիաւորումը (հրամանատար՝ Հ. Ազղեամ, շտաբի պետ՝ Ա. Միմասեամ): Խումբերը առանձին կամ զօրամիաւորման կազմին մէջ մասնակցած են ՀՀ Սիսիանի, Գորիսի, Կապանի, ԼՂՀ Մարտակերտի, (Սարսանգի ջրամբար, Ումուլդու, Հաթերք, Ջանեաթաղ եւ այլն), Լաչինի («մարդասիրական միջանցք») ինքնապաշտպանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Կորայքի սկաուտական խումբը (խմբապետ՝ Ա. Զոհրաբեան) մասնակցած է Նիւուաղիի ազատագրմանը։ Շրջանէն զոհուած է 105 ազատամարտիկ։
Մեղրիի զինուած ընդհանրումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեղրիի շրջանի 14 գիւղերէն 3-ը Ազրպէյճանաբնակ էին, իսկ մի քանի հատը՝ խառը բնակչութեամբ։ Շրջանը Հհ-ի հարաւային դարպասն է, ունի առանձնայատուկ ռազմավարական նշանակութիւն։ Այն սահմանակից է Նախիջեւանի Հանրապետութեանը, հարաւէն՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեանը։ Շարժման զարգացումներուն զուգընթաց՝ շրջանին մէջ ստեղծուած են հանրահաւաքներ, ցոյցեր կազմակերպող խումբեր, որոնք 1989 թուականի վերջը համախմբուելով՝ կազմաւորած են կամաւորական ջոկատներ Մեղրիի (2), Ագարակի (4), Կուլիսի, Գորդեմնիսի եւ Կարճեւանի մէջ (միացեալ՝ 1), Վահոովարամ եւ Լեհվազում (միացեալ՝ 1), Մարալզամիի եւ Վարդանիձորի. Ալդարայի, Շուանիձորի (1) մէջ։ Մեղրիի մէջ Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «փարամազ» կամաւորական խումբը։ 1990 թուականի վերջին ջոկատները միաւորուած են «ղեւոնդի» ջոկատին, որուն հիմքի վրայ կազմաւորուած է Մեղրիի վաշտը (հրամանատար՝ Ղ. Յովհաննիսեան), իսկ 1992 թուականին շրջանի ազատամարտիկներու, «ջիւանի» եւ «վայրի Սնդիկիէ ջոկատներու հիմքի վրայ` Մեղրիի առանձին մոտոհրաձգային զումարտակը (հրամանատար՝ Ռ. Գաբփելեան): 1993 թուականին կամաւոր ազատամարտիկներէն ստեղծուած է պայմանազոսյին գումարտակը (հրամանատար՝ Ա. Մովսիսեան): Մեղրիի պաշտպանութեանը մասնակցած են նաեւ Կապանի մոտոհրաձգային գունդի «լիճք» գումարտակը (հրամանատար՝ Ա. Թումանեան), «սասունցինէմ» (հրամանատար՝ Ա. Նհաիսեան) եւ այլ կամաւորական խումբեր։ Շարժման սկզբին Ազրպէյճանցիները խաղաղ հեռացած են շրջանէն։ Ազրպէյճանաբնակ Նիւուաղի գիւղը (սահմանակից էր Զանգելանի շրջանին) ունէր ռազմավարական կաճար դիրք եւ յարձակումներու ժամանակ կարող դառնալ բաց դարպաս դէպի Մեղրի։ Նիւուադիի մէջ տեղակայուած էին խորհրդային բանակի ստորաբաժանումներ եւ հակառակորդի ՄՀՆՋ-ականներ։ Կամաւորականներու առջեւ խնդիր դրուած էր գրաւել Նիւուադին։ 1990 թուականի գարնանը սկսած է գրոհը Ղ. Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ եւ աւարտուած յաղթանակով։ Օգոստոս 1992 թուականէն շրջանի կամաւորական խումբերը եւ ռազմական միաւորումները գրաւած են «սոյըզ» բարձունքը։ 1988- 1994 թուականներուն շրջանի առանձին մոտոհրաձգային, պայմանագոսյին գումարտակները, կամաւորականները մասնակցած են Լաչինի («մարդասիրական միջանցք»), Կարղանի (Ծաւ եւ Ներքին Հանդ, «շքեօրոսթազ», «բարթազ», «սղըրթ» հանդամասէր), Ֆիզուլիի (Հոոոդիզ), Զանգելանի եւ այլ շրջաններու ինքնապաշտոյանական եւ ազատագրական մարտերուն։ Շրջանէն ռազմական տարբեր գործողութիւններու ժամանակ հրամանատարներ եղած են Ղ. Յովհաննիսեանը, Վ. Ազատեանը, Ա. Թումանեանը, Խ. Անդրէասեանը, Ա. Մովսիսեանը, Ռ. Գաբփելեանը, Ա. Կսաաղէտեանը, Վ. Մարզպանը, Մ. Անտօնեանը, Օ. Ասլանեանը եւ ուրիշներ։ Շրջանէն ՀՀ 2-րդ աստիճանի «մարտական խաչ» շքանշանով պարգեւատրուած են Ղ. Յովհաննիսեանը եւ Ա. Օհանեանը։ Զոհուած է 21 ազատամարտիկ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս յօդուածի կամ անոր որոշակի հատուածի սկզբնական կամ ներկայիս տարբերակը առնուած է Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ (1988—1994) հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ |