Jump to content

Սիւլէյման էֆենտի

Սիւլէյման էֆենտի վէպ, յայտնի գրագէտ, գրաքննադատ, ուսուցիչ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշական-ի գրիչով։

Արեւմտահայ նշանաւոր գրագէտ, գրաքննադատ, ուսուցիչ եւ մանկավարժ Յակոբ Օշական իր այս վէպը բաժնած է չորս գլխաւոր մասերու։ Գլխաւոր հերոսը այն անձն է, որուն անունով ան խորագրած է վէպը։ Իր բաժնած մասերուն մէջ ան մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ ո՛չ միայն Սիւլէյման էֆենտին, այլ նաեւ անոր ծնողքը։[1]

Սիւլէյման էֆենտին թուրք երիտասարդ մը, որուն տրուած վճիռը հարիւր մէկ տարի բանտարկութեան էր, իսկ պատճառը՝ իր կնոջ եւ հօր սպանութիւնը նոյն դանակով, նոյն վայրկեանին։ Սակայն ան մեծ սխալ գործած էր ինքզինք ալ չսպաննելով։ Ան մերժած էր հօրը տիտղոսը կցել իր անունին եւ ստացած էր իր մօր մականունը՝ ետին ձգելով ու արհամարհելով իր հօր անսահման կալուածները։ Հայրը, որ հարազատ դժոխքի վերածած էր իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, զայն նետած էր գիշերօթիկ՝ վախնալով, որ նոր աճող իր որդին կրնայ հրապուրել անոր անհաշուելի ու անպաշտօն կինը։[2]

Իւրաքանչիւր մասի մէջ Օշական կը ներկայացնէ կերպար մը՝ միշտ տիրական ներկայութեամբ Սիւլէյման էֆենտիի անարդար եւ դաժան հօր, որ տարբեր ձեւերով կ՛ոտնակոխէ մարդոց արժանապատուութիւնը՝ իր կնոջ, զաւակին եւ այն կիներուն, որոնց կը ստիպէ իր սիրեկանները դառնալ։  

Օշական կը ներկայացնէ նաեւ տուեալ ժամանակաշրջանի դպրոցներուն վիճակը։ Հոն կը ծանօթանանք նաեւ բանտարկեալի ահաւոր կացութեան, ապրած արհաւիրքներուն։[3]

«Սիւլէյման էֆենտի»-ի մէջ դէպքերը դանդաղ կ՛ընթանան, շեշտը կը դրուի մարդոց հոգիի մանրամասն վերլուծումին վրայ։ Ոճը օշականեան է, ինչ որ կ՛ենթադրէ աւելի ուշադիր եւ կեդրոնացած ընթերցում։[4]3

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Սիւլէյման էֆէնտի - Ա.»։ digilib.aua.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-09-21 
  2. pakinx (2023-04-11)։ «ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ – ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»։ Pakine (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-09-21 
  3. «Յակոբ Օշականի Մահէն Անցեր Է 67 Տարի…»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-02-27։ արտագրուած է՝ 2025-09-21 
  4. «Քննական Ընթերցում Յակոբ Օշականի – Kurkjian» (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-09-21