Jump to content

Սիրտի կաթուած

Սիրտի կաթուած-տագնապը կը յառաջանայ, երբ սրտամկաններուն բաւարար չափով թթուածինով յագեցած արիւն չի հասնիր: Այս մէկը հետեւանքն է սիրտի պսակաձեւ զարկերակներու (coronary arteries) ամբողջական եւ կամ մասնակի խցումին: Սիրտի տագնապի պարագային, տեղի կ'ունենայ սրտամկաններու հիւծում եւ մահ, բայց` ոչ անպայման անհատին մահը:

Սիրտի կաթուածը սիրտի երակներու խցման արդիւնք է: Յաճախ արեան գունդ մը կազմելով սիրտի երակներուն մէջ կամ այլուր, կու գայ ու կը խցէ սիրտի որեւէ երակ` յառաջացնելով սիրտի ու կուրծքի սուր ցաւ ու կաթուած[1]:

Սիրտի կաթուածը կրնայ յառաջացնել սրտականգառ: Սրտականգառի պարագային, տեղի կ'ունենայ սրտամկաններու անակնկալ եւ շատ արագ պրկում-բաբախում, որ կը կոչուի սրտաբաբախում (arrhythmia)[2]:

Սիրտի երակներու խցանման պատճառներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիրտի կաթուածը՝ կիներու պարագային

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած է այն սխալ կարծիքը, թէ սիրտի կաթուածը առաւելաբար տղամարդոց բնորոշ հիւանդութիւն է. մինչդեռ միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ սիրտի կաթուածէն տարեկան կը մահանայ 270 հազար կին:

Հիւանդութեան յառաջացման հարցով մեծ դեր կը խաղայ ծխելու հանգամանքը, քանի որ ծխող կիները չորս անգամ աւելի ենթակայ են սիրտի կաթուածի, քան չծխողները:

Սրտաբանները կիներուն պարագային սիրտի կաթուածէն մահացութիւններու թիւը նուազեցնելու համար կոչ կ'ուղղեն` ստուգելու արեան ճնշումը, քոլեսթերոլը, շաքարի տոկոսը, եւ այլն: Առողջարար սննդակարգը, մարզանքը եւ բնականոն կշիռքը լաւագոյն տարբերակներն են սիրտի կաթուածէ խուսափելու:

Վեց նախանշանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մասնագէտ սրտաբանները ներկայացուցած են այն վեց նախանշանները, զորս կիները պէտք չէ անտեսեն եւ անոնց առկայութեան պարագային դիմեն բժիշկին.

  • Շնչառութեան դժուարութիւն
  • Ուսերու, ձեռքերու, մէջքի կամ ծնօտի ցաւ
  • Անբացատրելի, անհիմն յոգնածութիւն
  • Չափազանց քրտնարտադրութիւն
  • Սիրտ խառնուք եւ գլխացաւ
  • Անհանգստութեան զգացում[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]