Սիս

(Վերայղուած է Սիս (արեւմտահայերէն)-էն)
Նախկին մայրաքաղաք
Սիս
Երկիր  Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն
Պաշտօնական լեզու Հայերէն
Ազգային կազմ Հայեր
Կրօնական կազմ Հայ Առաքելական եկեղեցի Հայ Առաքելական եկեղեցի
Տեղաբնականուն Սիսեցի

Սիս, քաղաք Դաշտային Կիլիկիոյ տարածքին։

Մինչեւ մայրաքաղաք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կիլիկիոյ Թորոս Ա․ իշխանապետը գահակալման սկիզբին, տեղի հայերու աջակցութեամբ, բիւզանդական տիրապետութենէն կ՛ազատագրէ Սիսը եւ մօտակայքը կը հիմնէ Դրազարկի վանքը, որ այնուհետեւ կը դառնայ նաեւ Ռուբինեաններու դամբարանը։ 13 Նոյեմբեր 1114–ի երկրաշարժէն՝ խիստ կը տուժէ նաեւ Սիսը, կը զոհուին բնակիչներուն մեծ մասը։

Սիսը մայրաքաղաք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մլեհ իշխանապետը կը վերակառուցէ Սիսը եւ 1173–ին այն կը հռչակէ Կիլիկեան Հայաստանի մայրաքաղաք։ Լեւոն Բ․ Մեծագործ Սիսը հիմնովին վերակառուցել, պարսպապատել, արքունի ապարանքով, աշխարհիկ ու կրօնական շէնքերով, պարտէզ–զբօսարաններով ու ծաղկանոցներով կը ճոխացնէ։

Շինութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շինարարական աշխատանքները Սիսի մէջ կը շարունակուին նաեւ Հեթում Ա․ թագաւորին եւ անոր յաջորդներուն ժամանակ։ Հայ պատմիչները առաձնապէս գովեստով կը խօսին քաղաքի հիւսիսաին թաղամասին մէջ՝ Հեթում Ա․–ի հիմնադրած նոր ապարանքն ու անոր ճոխ քանդակներուն մասին։ Բոլորաձեւ յօրինուածքով՝ Դարպաս–ապարանքը, կերտուած է սրբատաշ խոշոր քարերով, մարմարեայ սեւ սիւնաշարով։ Հզօր աշտարակներով եռապարիսպ, եռադարպաս բերդը բաժնած է երեք մասի, որոնք իրարու կը կապուին քարակերտ ուղիներով։ Բերդի հարաւային կողմը՝ ներքնաբերդն է կամ բուն դղեակը, ուր վտանգի ժամանակ կը պատսպարուէր արքունիքը։ Սիսը ունեցած է մի քանի տասնեակ եկեղեցիներ ու վանքեր։ Հին եպիսկոպոսարանը եւ անոր եռախորան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին կը գտնուէին քաղաքի հարաւաին ծայրամասը։ Հռոմկլայի գրաւումէն յետոյ, այն դարձած է հայոց ընդհանրական կաթողիկոսութեան, այնուհետեւ՝ Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսութեան, աթոռանիստ կեդրոնը։

Սիսի բարեգործական հիմնարկներէն յայտնի էր՝ Զապել թագուհիի հիւանդանոցը, որուն հիմնադրամի մասին մարմարեայ քարի վրայ պահպանուած է թագուհիի արձանագրութիւնը։ Սիսը եղած է համահայկական մշակոյթի խոշորագոյն կեդրոնը, ուր արքունիքի ընտրութեամբ եւ պետական ռոճիկով գործող առաջնակարգ մտաւորականները, հաւաքած, ուսումնասիրած, բազմացուցած եւ կորուստէ փրկած են բազմահազար հին ձեռագիր՝ գիտական ու գրական արժէքաւոր մատեաններ։ Սիսի ընտիր ձեռագիր մատեանները՝ հիմնականօէն, կը պահուէին արքունի մատենադարանին մէջ։

Սիսը հռչակաւոր եղած է իր մասնագիտացուած բարձրագոյն դպրոցներով, որոնցնէ մեծահամբաւը եղած է Ներսէս Լամբրոնացիի հիմնադրած աշխարհիկ համալսարանը։

Սիսի անկումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1266-ի Օգոստոսին, Եգիպտոսի Պիպարս սուլթանը խոշոր ուժերով կը ներխուժէ Կիլիկիա, կը պաշարէ Սիսը, բայց չկարողանալով գրաւել բերդը, կը հրկիզէ քաղաքը, կը կողոպտէ հարստութիւնները։ 1270–ական թուականներուն քաղաքը կը վերաշինուի, կ՛ամրացուին նաեւ պարիսպները։ 1275–ին Եգիպտոսի սուլթանութեան զօրքերը կրկին կը փորձեն գրաւել Սիսը, սակայն քաղաքի պարիսպներուն մօտ գտնուող հայկական զօրաբանակը, Սմբատ Սպարապետի առաջնորդութեամբ կը ջախջախէ ու ետ կը շպրտէ զանոնք։ Այնուհետեւ, շուրջ մէկ դար, Սիսը կ՛ապրի համեմատաբար խաղաղ կեանք մը։ Եգիպտոսի սուլթանութեան 60 հազարանոց զօրաբանակը վերստին կը պաշարէ Սիսը՝ 1369–ին։ Հրդեհի ճարակ դարձնելով եւ կողոպտելով քաղաքը՝ թշնամին, ամէն պարագային, հարկադրուած կ՛ըլլայէ հրաժարիլ բերդի գրաւման գաղափարէն, ու նահանջել։ Օգտուելով Կիլիկեան Հայաստանի պետական իշխանութեան թուլացումէն ու ներքին երկպառակտութիւնէն՝ Եգիպտոսի սուլթան Մելիք Աշրաֆը 1375–ին կը պաշարէ եւ կը գրաւէ բերդը, կը ձերբակալէ թագաւորին ու շարք մը իշխաններուն։ Սիսի անկումը հայ պատմիչները գնահատած են որպէս՝ հայկական պետականութեան կորուստ։ Սաստկացող բռնութիւններու պայմաններուն շատ սիսեցիներ գաղթած են օտար երկրներ։