Jump to content

Սիսուան (թերթ, Ֆրեզնօ)

Սիսուան ազգային, գրական, հասարակական, ռամկավարական ուղղութեան շաբաթաթերթ։ «Սիսուան» հրատարակչական ընկերութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1918 -1920 թուականներուն, Ֆրեզնոյի մէջ։ Խմբագիր՝ Մ․ Մինասեան[1][1]։

«Սիսուան» կամ ՙՍիսուան անուանումը կու գայ Կիլիկիա հայկական երկրամասի հայկական անուան տարբերակէն[2]։

Անդրադարձած է առաջին համաշխարհային պատերազմի, յատկապէս Կովկասեան ճակատի իրադարձութիւններուն, գաղթահայ կեանքին։ Նիւթեր նուիրած է «Հայ ազգային միութիւն Ամերիկայի» եւ ՀԲԸ գործունէութեան, Պրեսթ-Լիթովսկի եւ հայ-թուրք․ հաշտութեան (1918 թ.) պայմանագրերուն, տպագրած է Մեծ եղեռնը վերապրողներու նամակներ։ «Համաշխարհային քրոնիկ», «Վերջին լուրեր» խորագրերով ներկայացուցած է միջազգային կեանքը։ 1920 թուականին միացած է «Նոր կեանք» (1914-1919 թթ., Ֆրեզնօ) շաբաթաթերթին եւ կոչուած է «Նոր կեանք Սիսուան» (1920-1921 թթ.)[1]։

Հայկական սովտական հանրագիտարան, հատոր 10, էջ 404։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 10, էջ 404։
  2. Գնդապետ Մնացական Ռ․ Խաչատրեան։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։