Jump to content

Սիսի Նոր վանք Կաթողիկոսարան

(Վերայղուած է Սիսի Եկեղեցիները-էն)

Սիսի Նոր վանք (կաթողիկոսարան), կաթողիկոսական համալիր, որ կը գտնուէր քաղաքին հիւսիս-արեւմուտքը, բերդին բլուրին լանջին։

Այս վայրին տեղը հին ատեն, Կիլիկեան Թագաւորութեան օրերուն, Հեթում Ա. (1226-1269) կառուցել տուած է թագաւորական պալատը, որ ունէր իր սեփական տաճարը՝ Ս. ՍոՖիան[1]։ Սիսը դարձած էր արդէն (1180-ի եւ 1190-ի միջեւ) Կիլիկիոյ հայ իշխաններուն մայրաքաղաքը եւ այս ձեւով փոխարինած նախկին կեդրոնը՝ Անաւարզան։ Թագաւորական համալիրը կը քանդուի Եգիպտոսի մեմլուքներուն դէմ պատերազմներուն ընթացքին, 1375-ին։ Կանգուն կը մնան երկու անկիւնային աշտարակներ, որոնք հետագային մաս կը կազմեն նոր կաթողիկոսարանին ընդհանուր կառոյցին

Նոր վանքը կառուցած է Կիրակոս Ա. Աջապահեան կաթողիկոսը (1797-1822)։ Աշխատանքները սկսած են 1810-ին։ Նորակառոյց մայր տաճարը կը բարձրանայ թագաւորական տարիներու Ս. Սոֆիայի աւերակներուն վրայ։ Նոր տաճարը նոյնպէս կը կոչուի Ս. Սոֆիա. անիկա ճարտարապետական տպաւորիչ գործ մըն է, օժտուած՝ շքեղ աւագ խորանով մը եւ նոյնքան հիանալի կաթողիկոսական գահով մը։ Այս վերջինը մարմարեայ շինութիւն մըն է, որուն վրայ փորագրուած են հարթաքանդակներ, չորս կողմերէն սիւներ կը բարձրանան եւ կ'աւարտին թագանման ամպհովանիով մը։ Տաճարը ունի իր զանգակատունը, բայց զանգը տեղադրուած է նոյն տաճարին յարակից մասերէն՝ Ս. Պօղոս-Պետրոս մատրան պատուհանին բացուածքին մէջ։ Այս զանգակին հնչեղութեան պատճառով, տեղաբնիկ թուրքերը տաճարը կը կոչեն չանլը քիլիսէ (çanlı kilise, զանգակաւոր եկեղեցին)։ Բացի Ս. Պօղոս-Պետրոս մատուռէն, տաճարին կցուած են նաեւ Էջմիածնի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Հոգիի մատուռները, ինչպէս նաեւ գանձատունը։

Կաթողիկոսարանին համալիրը հիւսիսային դռնէն մտնելով, ձախին կը տեսնենք քարաշէն մարագ մը եւ ախոռ մը։ Ասոնցմէ քիչ անդին կայ երկյարկանի տուներու փոքր թաղամաս մը, որ կը ծառայէ իբրեւ ուխտաւորներու հիւրանոց։ Այս վայրին ղամըշլը (kamışlı, եղէգնուտ) անունը կու տան, նկատի ունենալով, որ սենեակները իրարմէ կը բաժնուին եղէգեայ պատերով։ Այս թաղին արեւմուտքը կը գտնուի վանքին խոհանոցը՝ իր մառանով եւ փուռով։ Աւելի հարաւ երթալով կը հասնինք դարպասին, որ երեք կամարներով փայտածածկ երկար սենեակ մըն է։ Դարպասին կողքին կառուցուած են բազմաթիւ փոքր կամ միջակ չափի տնակներ, որոնք միաբաններուն ննջարաններն են։ Ասոնց մէջ է նաեւ Սահակ Բ.ին նախորդած՝ Մկրտիչ Քեֆսիզեան կաթողիկոսին (1871-1894) վեհարանը։ Աւելի հարաւ ուղղուելով կը հասնինք վեհարանին։ Կառոյցին մուտքին կայ լիվանը (էյվան, պատշգամ), որ դէպի վեհարանին շէնքը տանող քանի մը դուռներ ունի։ Անոնցմէ մէկը կաթողիկոսին ննջասենեակն է, ուրիշ դուռներ կ'առաջնորդեն դէպի ճաշասենեակը, մառանը եւ բաղնիքը։ Վերջապէս դուռ մըն ալ կը բացուի այս կառոյցին կարեւորագոյն սենեակին՝ խաչաձեւ դահլիճին վրայ։ Վեհարանը շինուած է Կիրակոս Ա. կաթողիկոսի օրով։ Ամբողջութեամբ փայտեայ կառոյց մըն է, ուրկէ ընդհանուր տեսարան մը կը բացուի քաղաքին վրայ։
- Սահակ Բ. կաթողիկոս (1902-1939), 1903-ին։

Մուշեղ Սերոբեան Ատանայի առաջնորդ եղած օրերուն, Մարտ 1905-ին կ'այցելէ Սիսի կաթողիկոսարանը եւ վկայութիւններ ունի վեհարանին մասին։ Ըստ անոր այս դահլիճը կը կոչուի նաեւ խաչ օտա, պատերը վրձինուած են գեղատեսիլ պատկերներով, ինչպէս սուրբերու պատկերներ, բայց նաեւ աշխարհիկ կեանքէ առնուած տեսարաններ, ինչպէս ծաղիկներ, դաշտանկարներ, մշակը, որ հողը կը հերկէ, հովիւը, որ ոչխարները կ'արածէ, առագաստանաւեր, որոնք ծովը կը ճեղքեն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Lévon Nordiguian, “La cathédrale de Sis. Essai de reconstitution” in Raymond Kévorkian, Mihran Minassian, Lévon Nordiguian, Michel Paboujian, Vahé Tachjian (eds), Les Arméniens de Cilicie. Habitat, mémoire et identité, Presses de l’Université Saint-Joseph, Beyrouth, 2012, էջ 55, 57, 64-73:
  • Առաքել Ա., Ազգաբանութիւն Աջապահեանց ազնիւ գերդաստանին (ձեռագիր), 1865, Սիս, էջ 27։
  • Victor Langlois, Voyage dans la Cilicie et dans les montagnes du Taurus, Paris, 1861, էջ 389, 391-392: