Սիմոն Աչըքկէօզեան

(Վերայղուած է Սիմոն Աչիքկէօզեան-էն)
Սիմոն Աչըքկէօզեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Դեդ (Ded եւ "Baba")
Ծնած է 6 Փետրուար 1939(1939-02-06)
Ծննդավայր Կալաց, Ռումանիա
Մահացած է 30 Ապրիլ 1991(1991-04-30) (52 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարտունաշէն, Շահումեան (Արցախ), Արցախի Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն երկրաբան, զինուոր
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Սիմոն Յովհաննէս Աչըքկէօզեան «Տետ» (6 Փետրուար 1939(1939-02-06), Կալաց, Ռումանիա - 30 Ապրիլ 1991(1991-04-30), Մարտունաշէն, Շահումեան (Արցախ), Արցախի Հանրապետութիւն), ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ եւ Արցախեան Ազատագրական Շարժման Ազատամարտիկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիմոն Յովհաննէս Աչըքկէօզեան ծնած է 6 Փետրուար 1939-ին Ռումանիոյ Գալաց քաղաքը։ Աշիկգէօզեաններու տոհմական բնօրրանը եղած է Արեւմտեան Հայաստանը: Հայրը՝ Յովհաննէսը, Մեծ Եղեռնէն հրաշքով փրկուած է, Ռումանիա պանդուխտ գտնուելու բերումով։ Աշըկգէօզեաններու 86 հոգինոց գերդաստանէն 78ը զոհուած են Տէր-Զօրի անապատին մէջ։ 1946-ի հայրենադարձութեան օրերուն, Յովհաննէս Աշիկգէօզեանի ընտանիքն ալ Ռումանիայէն ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան։

Սիմոն նախնական իր ուսումը ստացած է Երեւանի թիւ 24 միջնակարգ դպրոցին մէջ։ 1955-ին ընդունուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Երկրաբանական Ֆակուլտետը, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1960-ին՝ ինժեներ-երկրաբանի որակաւորմամբ։ Ս. Աչըքկէօզեան 1970 թուականին Մոսկուայի մէջ պաշտպանած է իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը։ 1984-ին արժանացած է աւագ գիտաշխատողի կոչումին։ 1960էն 1991, աւելի քան 30 տարի, Սիմոն Աշիկգէօզեան աշխատած է Երկրաբանական Գիտութիւններու Ինստիտուտին մէջ, հեղինակելով 70է աւելի գիտական աշխատութիւններ եւ զբաղելով թարգմանութիւններով։ Շուրջ 11 տարի դասախօսի պաշտօն կատարած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ Զբաղած է Հայաստանի գունաւոր եւ ազնիւ մետաղներու հանքավայրերու հեռանկարային ուսումնասիրութեամբ։

1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ, ան Աղէտի Գօտիին մէջ ղեկավարած է երկրաշարժաբանների միջազգային ջոկատը։ Իր ազատ պահերուն կը զբաղի արուեստով եւ մարզանքով եւ երկար տարիներ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Նարեկ» արական երգչախումբին մէջ՝ Խոր Վիրապի վանքը։

1988-ի Արցախեան Շարժման սկզբնական փուլին իսկ, գիտական իր աշխատանքը մէկդի ձգած՝ Աշիկգէօզեան ամբողջապէս նուիրուած է ազգային-ազատագրական պայքարի վերածնունդին։ «Դէպի Երկիր» վերադարձող Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամագրուած առաջին կուսակցականերէն կ՚ըլլայ։ Գործօն մասնակցութիւն ունեցած է 1990-ի Նոյեմբերին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի անդրանիկ՝ հիմնադիր Շրջանային Ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ։

1989 թուականի Հ.Հ.Շ. առաջին համագումարին, ան ընտրուած է Հ.Հ.Շ. արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի անդամ։ 1990-ին ընտրուած է Երեւանի Քաղաքապետական Խորհուրդի պատգամաւոր եւ մասնակցած է Խ.Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի աշխատանքներունն՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան յանձնաժողովի կազմէն ներս։

1989-ին Սիմոն Աիկգէօզեան անդամագրուած է «Արաբօ» կամաւորական ջոկատին եւ մասնակցած է Եղէգնաձորի շրջանի Գնիշիկ, Երասխ, Արենի, Խաչիկ, ապա Նոյեմբերեանի մէջ՝ Ոսկեպար եւ սահմանամերձ այլ գիւղերու ինքնապաշտպանական մարտերուն։ Այնուհետեւ մեկնած է Արցախ (Շահումեանի շրջան), ուր 19 Ապրիլ 1991էն սկսեալ ստանձնած է Մարտունաշէնի «Արաբօ» ջոկատի հրամանատարութիւնը։

Ս. Աչըքկէօզեան զոհուած է 30 Ապրիլ 1991Մարտունաշէնի ինքնապաշտպանութեան ժամանակ, Խ.Ս.Հ.Մ. ներքին գործերու նախարարութեան ուժերու աջակցութեամբ ատրպէյճանական յատուկ նշանակութեան զինեալ ջոկատներու (ՕՄՕՆ) կողմէ իրագործուող Արցախը հայաթափելու «Օղակ» գործողութիւնը կանխելու կռուին։ Սիմոն Աչըքկէօզեանին Դեդ (Dad- Հայր անգլերէն լեզուով) կը կոչէին իր ընկեր-զինուորները, որովհետեւ ջոկատին ամենատարեցն էր եւ անոր խօսքը վիճելի չէր։ Կը պատմուի թէ իր զոհուելէն ետք, մէկ շաբաթ ատրպէյճանցիները իրենց վախէն չեն համարձակած Մարտունաշէն մտնել։

Հ.Հ. նախագահի 1996 թուականի 20 Սեպտեմբերին ՆՀ-640 հրամանագրով՝ Ս. Աչըքկէօզեան յետ-մահու պարգեւատրուած է «Մարտական Խաչ» Ա. կարգ աստիճանի շքանշանով։ 29 Ապրիլին 2011-ի Ե.Պ.Հ. Աշխարհագրութեան եւ Երկրաբանութեան Ֆակուլտետի Միներալոգիայի եւ Պետրոգրաֆիայի Կաբինետը անուանակոչուած է Սիմոն Աչըքկէօզեանի անունով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]