Jump to content

Սիէլ Տուպայ Մարինա Հիւրանոց

Սիէլ Տուպայ Մարինա Հիւրանոց (Ciel Dubai Marina)[1], աշխարհի ամենաբարձր հիւրանոցը, որուն բացումը կատարուեցաւ 15 նոյեմբեր 2025-ին:

377 մեթր բարձրութեամբ կառուցուած Սիէլ Տուպայ Մարինա հիւրանոցը աշխարհի ամենաբարձր հիւրանոցն է: Հիւրանոցին կառոյցը «The First Group»-ի կողմէ մշակուած է եւ «InterContinental Hotels Group»-ի «Vignette Collection»-ի ներքոյ շահագործուող 82 յարկանի աշտարակը կը գերազանցէ Շէյխ Զայէտ ճանապարհին վրայ գտնուող «Gevora» հիւրանոցին:

Հիւրանոցը կը համալրէ Տուպայի բարձրայարկ հիւրընկալութեան տեսարժան վայրերու աճող ցանկը եւ կ'ընդգծէ քաղաքի շարունակական ուշադրութիւնը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ:

Մրցանակակիր «NORR» ճարտարապետական ընկերութեան կողմէ նախագծուած ապակեպատ աշտարակը կառուցուած է տպաւորիչ կեդրոնական նախագաւիթի շուրջ, որ ներքին բաժինները կ'օժտէ բնական լոյսով: Հիւրերը կրնան վայելել տանիքին դիտահարթակը, ուրկէ կը բացուի Տուպայի տեսարժան վայրերը, յատկապէս՝ Պուրճ Ալ-Արապի եւ Այն Տուպայի 360 աստիճանի տեսարանը:

Հիւրանոցը նաեւ կը նուաճէ Կինէսի համաշխարհային նոր մակարդակ՝ աշխարհի ամենաբարձր անվերջ լողաւազանը եւ ամենաբարձր ակումբը պարունակելով: 76 յարկ բարձրութեան վրայ գտնուող «Tattu Sky» լողաւազանը կը գերազանցէ «Address Beach Resort»-ի նախորդ նուաճումը՝ 294 մեթր: Քանի մը յարկ վեր գտնուող «Tattu Sky Lounge»-ով, որ կը գտնուի 81-րդ յարկին վրայ, կը գործէ աշխարհի ամենաբարձր ակումբը:

Հիւրանոցի 1004 սենեակներն ու համարները կը տարածուին 82 յարկերու վրայ: Բացման գիները կը սկսին 1310 տիրհամով մէկ գիշերուայ համար, մինչդեռ յատուկ համարներու գիները կը բարձրանան մինչեւ շուրջ 2400 տիրհամի՝ վերի յարկի հիւրասենեակ մուտք ունեցող աւելի մեծ սենեակներուն համար:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://www.cieldubai.com//