Սեւ Տուրմը

Սեւ տուրմը (dark chocolate) կը պատրաստուի քաքաոյէն եւ շաքարէն։
Սեւ տուրմը կը գործածուի տուրմի սալիկներ պատրաստելու եւ քաղցրաւենիքներ պատելու համար[1]։
Սեւ տուրմը սկսած է արժեւորուիլ Ի. դարու վերջաւորութեան, երբ ֆրանսացի գործատէրեր զայն գերադասած են կաթնային տուրմէն։ Այս նախընտրութիւնը կը սկսի տարածուիլ նաեւ այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներ։
Համեմատած այլ տեսակներու հետ՝ սեւ տուրմը ունի աւելի դառն եւ ուժեղ համ։
Սեւ տուրմը նոյնպէս կը պարունակէ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը նպաստեն տրամադրութեան բարելաւման: Անիկա հարուստ է Պէ. կենսանիւթով, մակնեզիոմով եւ քաֆէինով. այս տարրերը կ'օգնեն աւելի շատ ուժանիւթ հաւաքելու:
Պայման է, որ տուրմը պարունակէ առնուազն 72% չմշակուած քաքաօ: Այլապէս անիկա պարզապէս բարձր ջերմուժով քաղցրութիւն է, որ քանի մը վայրկեան հաճոյք կը պատճառէ, բայց ոչ մէկ օգուտ կու տայ[2]: