Սեւրի դաշնագիր

Յամաղխարհային Ա. Պատերազմին Օսմանեան Կայսրութիւնը պարտութիւն կրեց։ Կայսրութիւնը սկսաւ քայքայուիլ են հրապարակ եկան նոր երկիրներ ու պետութիւններ։ միւս կողմէ, ցարական Ռուսիոյ տարաղքին գտնուող մատմական Հայաստանին մէկ պատառիկին վրայ ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը (1918-1920)։ Նոր հրապարակ եկած երկիրներու միջեւ սահմանները ճշդելու համար, տեզի ունեցան զարք մը միջազգային խորհրդաժողովներ եւ կնքուեցան համաձայնագիրներ։ այս շարքին է որ Սեւրի դաշնագիրը, կնքուեցաւ յաղթական տարած Դաշնակից երկիրներուն եւ պարտութիւն կրած Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ, 1920 Օգոստոս 10-ին։ Դաշնագիրի ստորագրութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանը, որուն պատուիրակութիւնը կրեց Աւետիս Ահարոնեան։

Դաշնագրին 88-93 յոդուածները կը վերաբերին Հայաստանին։ Այդ յոդուածներուն համաձայն, Թուրքիա կը ճանչնար Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ նահանքներու Նախագահ՝ Ուտրօ Ուիլսընի իրարավարութեան կը յանձնուէր Հայաստանի սահմաններուն որոշումը։ Նախագահ Ուիլսըն գծեց Հայաստանի գարտեսը, որուն համաձայն՝ հայաստանի հանրապետութեան մէջ կը մտնէինն նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան մաս կազմող հայաբնակ նահանգներ՝ Էրզրումը, Վանը, Պիթլիսը եւ ծովեզերեայ Տրապիզոն քաղաքը։ Ընդհանուր առմամբ Հայաստան կ՛ունենար շուրջ 160.000 քառ.քիլոմեթր տարածութիւն։

Յջորդող տարիներուն, քաղաքական շարք մը իրադարձութիւններու պատճառով Սեւրի Դաշնագիրը չգործադրուեցաւ։ Սակայն անիկա կը մնայ հայ ժողովուրդի իրաւատիրութիւնը հաստատող միջազգայըն կարեւիոր փաստաթուղթ մը։