Jump to content

Սեւան (թերթ, Սեւան)

«Սեւան», խորհրդային շրջանի հայկական երկօրեայ թերթ։ Հանդիսացած է ՀԿԿ Սեւանի շրջանային կոմիտէի, պատգամաւորներու շրջանային եւ քաղաքային խորհուրդներու օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1939 թուականին (1939-1956 թուականներուն՝ տարբեր անուններով) Սեւանին մէջ։

Կոմունիստական գաղափարախօսութեան դիրքերէն, լուսաբանած է շրջանի աշխատաւորութեան գործունէութիւնը ԽՄԿԿ եւ ՀԿԿ համագումարներու եւ պլենումներու որոշումներու կատարման ասպարէզին մէջ, կուսակցական, խորհրդային անցուդարձը։

Տպագրած է յօդուածներ շրջանին սոցմրցութեան ընթացքի մասին, ներկայացուցած է առաջաւոր համարուողներուն, նիւթեր փոխանակել այլ շրջանային թերթերու հետ։

«Մասնագէտի ամբիոն», «Գիտութեան եւ տեխնիկայի նորութիւններ», «Բարձր գիտելիքներ արտադրութեանը» մշտական խորագրերը կը ծանօթացնէին աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղիներուն, տալիս գործնական խորհուրդներ։ Տպագրած է նաեւ յօդուածներ մարդաբնութիւն փոխյարաբերութեան, Սեւանի պահպանման խնդրի շուրջ, աշխարհագրական տեղեկանքներ, բժշկական, իրաւաբանական խորհրդատւութիւններ, մարզական լուրեր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։