Սեւան (թերթ, Պուէնոս Այրէս)
Արտաքին տեսք
Սեւան, գրական-հասարակական շաբաթաթերթ։ Առաջին անգա լոյս տեսած է 1961 թուականին, Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Հրատարակիչներ՝ Ա․ Աիրաբոնեան, Ս․ Ցաղուրտճեան։ «Հայրենիքէն լուրեր» խորագրով յօդուածներ, տեղեկութիւններ հաղորդած է Սովետական Հայաստանի անցուդարձի, կառոյցներու, արդիւնաբերական օբյեկտներու մասին։ Փորձած է արտացոլել Հարաւային Ամերիկայի (Ուրուկուաէյ, Պրազիլ, Արժանթին) հասարակական-մշակութային կեանքը, սատարած է հայկական կազմակերպութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու հայապահպանութեան ուղղուած ջանքերուն, հանդէս եկած է «յանուն սփիւռքի միասնականութեան»։
Տպագրած է նաեւ միջազգային լուրեր, Հայաստան այցելած զբոսաշրջիկներու տպաւորութիւններ, գրական ստեղծագործութիւններ են։ Նիւթերու մէկ մասը շարադրուած է սպաներէնով։