Սեւան (թերթ, Աթենք)
«Սեւան», քաղաքական, հասարակական եւ գրական թերթ։ Լոյս տեսած է 1933-1936 թուականներուն, Աթէնքի մէջ, անկանոն պարբերականութեամբ։ Խմբագիր՝ Մ․ Դարբինեան։ Հանդէս եկած է սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման եւ ներգաղթի օգտին։ Տպագրած է Խորհրդային Միութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի տնտեսութեան ու մշակոյթի անցուդարձին վերաբերող յօդուածներ, հանրապետութեան կուսակցական եւ պետութեան ղեկավար գործիչներու (Աղասի Խանճեան, Ս․ Տէր-Գաբրիէլեան եւ ուրիշներ) ճառերն ու զեկուցումները։
Լուսաբանած է յունահայ գաղութի կեանքը, ՀՕԿ-երու, ՀԲԸՄ գործունէութիւնը։ Անդրադարձած է միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն, անհանգստութիւն յայտնած գերմանական ֆաշիզմի հակասովետական եւ հակակոմունիստական ելոյթներու վերաբերեալ։
Ունեցած է հարուստ գրական-հրապարակախօսական բաժին, ուր հանդէս եկած են Վ․ Դաքեսեանը, Ա․ Պոյաճեանը, Ե․ Արմէնեանը, Վահան Թէքէեանը, Արշակ Չօպանեանը, Կ․ Սիտալը, Զ․ Պոյաճեանը, Ս․ Աելեանը, Եղիշէ Չարենցը, Ակսել Բակունցը, Գուրգէն Մահարին եւ ուրիշներ։