Սեւան (ամսագիր)
«Սեւան» (ռումաներէն՝ Sevan), պատկերազարդ ամսագիր։ Լոյս տեսած է 1950-1958 թուականներուն, Պուխարեսթի մէջ (հայերէն եւ ռումաներէն)։ Խմբագիր՝ Վ․ Խաթենեսեան։
Ռումին աշխատաւորներուն եւ սփիւռքահայութեան ծանօթացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի անցուդարձին, լայնօրէն լուսաբանած է Ռումանիոյ հայկական գաղութի կեանքը, մասնաւորապէս Պուխարեսթի Ստեփան Շահումեանի անուան մշակոյթի տան եւ անոր ստեղծագործական խումբերու գործունէութիւնը։ Տպագրած է խորհրդահայ հեղինակներու (Եղիշէ Չարենց, Սարմէն, Յովհաննէս Շիրազ, Սիլվա Կապուտիկեան, Գուրգէն Բորեան եւ ուրիշներ), ինչպէս նաեւ արեւմտահայ դասական (Յակոբ Պարոնեան, Միսաք Մեծարենց, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ) եւ երիտասարդ գրողներու ստեղծագործութիւններ, հայ նկարիչներու գործեր։ Լուսաբանած է նաեւ Ռումանիոյ ներքին կեանքի իրադարձութիւնները, լուրեր տպագրած է Պուլկարիոյ, Ֆրանսայի, Մերձաւոր Արեւելքի հայկական կեդրոններու առօրեայէն։