Սերգէյ Մերկելեան

Սերգէյ Մերկելեան
Ծնած է 19 Մայիս 1928
Ծննդավայր Սիմֆերոփոլ
Մահացած է 20 Օգոստոս 2008
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն հայ
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Կոչում փրոֆէսոր[1]
Մասնագիտութիւն թուաբանութիւն
Աշխատավայր ՌԳԱ Ստեկլովի անվան մաթեմատիկական ինստիտուտ?
Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիա
Անդամութիւն Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիա
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Սերգէյ Մերկելեան (19 Մայիս 1928, Սիմֆերոփոլ20 Օգոստոս 2008, Լոս Անճելըս), հայ թուաբանագէտ, գիտութեան եւ կրթութեան ականաւոր գործիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1928 թուականին Սիմֆերոփոլի մէջ։ Թեկնածուական թէզը կ'առնչուէր գործառնութեան մօտաւորութեան տեսութեան։ 1951 թուականին Մերկելեանը ապացուցած է բազմանդամային մօտաւորութեան հայեցողութիւնը։ 19 տարեկանին էքստըրը աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բնագիտութեան եւ թուաբանութեան դպրոցը։ 21 տարեկան հասակին Մերկելեանը կը դառնայ գիտութիւններու դոկտոր, 25 տարեկանին կ'ընտրուի ԽՍՀՄ եւ ՀՍԽՀ ԳԱ թղթակից անդամ, իսկ 28 տարեկանին՝ Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի ակադեմիկոս։ Ան եղած է ԽՍՀՄ ԳԱ Ստեկլովի անուան Թուաբանութեան հաստատութեան բարդ վերլուծութեան բաժինի հիմնադիրը եւ ղեկավարը։ Հետագային Հայաստանի մէջ հիմնած է թուաբանական մեքենաներու Երեւանի գիտահետազօտական հաստատութիւնը, իսկ հետագային նաեւ արտադրական ձեռնարկներ։ Այդպիսով սկիզբ դրուած է ժամանակակից հաշուիչ մեքենաներու արտադրութեան ստեղծման Հայաստանի մէջ։ Շնորհիւ Մերկելեանի կազմակերպական տաղանդի՝ Հայաստանը դարձաւ այդ ուղղութեամբ ԽՍՀՄ հիմնական կեդրոններէն մէկը։ Հատատութեան տնօրէնը եղած է 1956-1960 թուականներուն։ Մերկելեանը ԽՍՀՄ տարիներուն արժանացած է Սթալինեան մրցանակի, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 26 Մայիս 2008-ի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով[2]։ Շքանշանը անոր յանձնուած է Լոս Անճելըսի մէջ, քանի որ այդ ժամանակ Մերկելեանը մշտական բնակութիւն հաստատած էր ԱՄՆ-ու մէջ։ Մերկելեանը մահացած է 2008 թուականին Լոս Անճելըսի մէջ՝ երկարատեւ հիւանդութունէ ետք։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]