Սեպուհ Պաղտոյեան

Սեպուհ Պաղտոյեան
Ծնած է 1952
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Աւստրիա
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն Արարատ մարզական միութեանՀիմնադիր նախագահ,Համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի անդամ
Մասնագիտութիւն միջազգային յարաբերութիւններ
Գործունէութիւն (ՄԱԿի) մէջ, թմրեցուցիչներու հսկողութեան բաժնին մէջ աշխատող
Անդամութիւն Աւստրիոյ Հայ ուսանողական միութեան, ՀԲԸՄի Վիեննայի մանաճիւղ,Հայաստան Հիմնադրամի Աւստրիոյ մանաճիւղ
Ամուսին Շողիկ
Երեխաներ Սալբի, Սիփան եւ Սարին

Սեպուհ Պաղտոյեան (ծն.՝ 1952 Պէյրութ), Համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի անդամ, Արարատ մարզական միութեան Հիմնադիր նախագահ, (ՄԱԿի) մէջ՝ թմրեցուցիչներու հսկողութեան բաժնին մէջ աշխատող, բանաստեղծ, «Հրայրք» շաբաթաթերթի խմբագիր: ներկայիս հաստատուած է Վիեննա, Աւստրիա։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեպուհ ծնած է 1952 թուականին, Լիբանան: 1958ի եղբայրասպան, միջկուսակցական կռիւներու հետեւանքով Սեպուհի հայրը ստիպուած եղած է գոցելու իր կօշիկի գործարանը եւ փոխադրուիլ Դամասկոս։ Սեպուհ մանկութիւնը անցուցած է աղքատութեան մէջ։Իր վրայ շատ մեծ դրական ազդեցութիւն ունեցած է մեծ հայրը, Կարապետը որ պատմած է ցեղասպանութեան մասին, փոխանցած է ցաւը։

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Շամլեան-Թաթիկեան եւ Հայ Աւետարանական քոլեճին մէջ՝ Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն իսկ մասնակցած է ազգային կեանքին որպէս սկաուտ՝ ՀՄՄ եւ ՀԵԸ Զարեհ Նուպար:

Երկու ուսուցիչներ շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած են Սեպուհի վրան:Անգլերէնի ուսուցչուհին, տիկին Ռութ Աճեմեանը, որ Սեպուհի մօտ արթնցուցած է ընթերցասիրութեան սէրը, եւ Հայերէնի ուսուցիչ պարոն Վարդգէս Թութիկեանը, որ արթնցուցած է Հայոց պատմութեան, գրականութեան սէրը։ Պատանի տարիքէն ընդգրկուած է «Խօսնակ պատանեկան» թերթի խմբագրութեան մէջ։

Ուսանած է նաեւ միջազգային յարաբերութիւններ։

Ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դպրոցը աւարտելէ ետք անցած է գործի Լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան (MEA) մօտ։ 1976 թուականին հաստատուած են Վիեննա՝ Աւստրիայ, ուր կ'ապրին մինչեւ այսօր։

1992 թուականէն սկսեալ կ՛աշխատի միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿի) մէջ, թմրեցուցիչներու հսկողութեան բաժնին մէջ (ODCCP)։

Իր աշխատանքի բերումով մեծ փորձառութիւն շահած է, այցելած է 60 երկիրներ, կազմակերպած է եւ մասնակցած հարիւրաւոր համագումարներու:

Ազգային գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վիեննա հաստատուելէ ետք կ՛ունենայ բեղուն ազգային գործունէութիւն։

Գործունեայ վարչական անդամ կ'ըլլայ Աւստրիոյ Հայ ուսանողական միութեան, ՀԲԸՄի Վիեննայի մանաճիւղին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Հայաստան Հիմնադրամի Աւստրիոյ մանաճիւղին:

Հիմնադիր նախագահն է Արարատ մարզական միութեան: Անդամ համաեւրոպական եւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային խորհուրդի անդամ՝ որոնց շնորհիւ հազարաւոր Հայ երիտասարդ/ուհիներ զիրար կը ծանօթանան, ընկերային կապեր կը ստեղծեն եւ կը ծանօթանան հայրենիքին։[1]

«Հրայրք» շաբաթաթերթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1984-1988 թուականներուն իր փեսային, Հրայր Կարապետեանի հետ միասին հրատարակած են «Հրայրք» շաբաթաթերթը։

Հրատարակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ, պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով։
  • Վերջերս հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը անգլերէն լեզուով:“The Adventurous Life of Sebouh Baghdoyan A Universal Armenian“:[2]: Այս գիրքը սփիւռքի մէկ բեկորին, Սեպուհ Պաղտոյեանի պատմութիւնն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ որպէս պատմութիւն եւ պատգամ:
Մեր վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը, սփիւռքի պատմութիւնը, թագաւորներու պատմութիւնը չէ, այլ Հայ մարդու եւ իր գերդաստաններու պատմութիւնն, է Սեպուհներու պատմութիւնն է։

Ցեղասպանութենէն ետք միջին արեւելքի գաղութներու, Սուրիա, Լիբանան, Պոլիս,Պարսկաստան, Իրաք, Յորդանան Երուսաղէմ եւ Եգիպտոս, համեստ պայմաններու մէջ, ընտանիք-ՀԱՅ դպրոց -եկեղեցի եւ ակումբ, նուիրուած ուսուցիչներու շունչին տակ դաստիարակուեցան սերունդներ որոնք մինչեւ իրենց ոսկորին ծուծը հարիւր տոկոս Հայ ըլլալով հանդերձ, սորվեցան բազմաթիւ լեզուներ, ստացան բարձրորակ կրթութիւն,( Շնորհակալութիւն հայ դպրոց), եւ յաջողեցան աշխարհի ամենահզօր երկիրներու մէջ, միշտ հաւատարիմ մնալով իրենց արմատներուն։

Սփիւռքը յարատեւեց եւ կը յարատեւէ հարիւրաւոր/հազարաւոր նուիրուած հայորդիներու շնորհիւ։
- ՐԱՖՖԻ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]