Սարգիս Քէլ խաչերեան
Սարգիս Քէլ խաչերեան | |
---|---|
Ծնած է | 1974-ին |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Հայ Առաքելական եկեղեցի |
Ամուսին | Լինտա Թաշճեան-Քէլ Խաչերեան |
Երեխաներ | Թինա Քէլ Խաչերեան-Ալ Ուասսի |
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1974-ին, Հալէպ: Երկու տարի տեղւոյն Սահակեան վարժարանի մանկապարտէզը յաճախելէ ետք , անցած է Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու Զուարթնոց վարժարանը, ուր աւարտած է իր նախակրթական բաժինը 1986-ին:
1987-էն մինչեւ 1992 կը հաճախէ Հալէպի Հայկական Բարեգործական Ընթհանուր Միութեան Լազար Նաճարեան Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանը, աւարտելով երկրորդական գիտական բաժինը:Այդ միջոցին կը ծանօթանայ ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանակային վարչութեան գարտուղար Գէորգ Սարեանին, զոր կը հանդիսանայ Սարգիսին խեղճուկ բանաստեղծութիւններուն լոյս ընծայողը, ՀԵԸ-ի ՏԻՐ պարբերականին մէջ: Քանի մը թիւ լոյս տեսնելէ ետք, Սարգիս կրցած էր իր գրութիւններով hալէպի մտաւորական ու գրական շրջանակի նշանաւոր դէմքերէն Պրն Յակոբ Միքայէլեանին ուշադրութիւնը գրաւել: Վերջինիս կատարած ճշդումներն ու մատնանշումները Սարգիսի գրական փորձերուն, բաւական կը հարթեն այն դժուար ուղին, ուրկէ անցած են բոլոր սկսնակ գրողները:
1996-ին, արդէն ընտանիքի տէր դարձած Սարգիս, իր կնոջ պնդումներումներուն ենթարկուելով, բանաստեղծութիւններու սեւագիր տետրակը կը ներկայացնէ 1990 եւ 1991-ի ուսանողական տարիներուն հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Ազնիւ Արապեանին, զոր ծայրէ ծայր կարդալով Սարգիսի տետրակը, մեծ դեր կ’ունենայ անոր գրական ասպարէզ մուտք գործելուն մէջ:
Գանձասար պաշտօնաթերթի աշխատակից, Սուրիահայ Գրողներու Խումբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2000 թուականին, Սարգիս մաս կը կազմէ Գրական Վեցանկիւն Խմբակէն, որուն անդամներն էին Մարուշ Երամեան, Արա Ճուհարեան, Յակոբ Տլտըլեան, Յարութ Վարդանեան եւ Նանոր Ինճէճիկեան: Խմբակը հիմնուած էր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Պաշտօնաթերթ <<Գանձասարի >> խմբագրատան մէջ: Խմբակը տարիներ կ’աշխատակցի Գանձասարի գրական էջին,ու բազում գրական ելոյթներով հանդէս կու գան Հալէպի մշակութային կեանքին մէջ: Խմբակը ամէն շաբաթ իր հերթական հանդիպումները կ’ունենար Գանձասարի Խմբագրատունէն ներս: Սարգիսին համար ոսկէ առիթ էր շփուիլ Հալէպի տարբեր ոճեր որդեգրած գրողներու հետ, այնտեղ գտած էր իր փնտռածը…:
Սարգիսի կապը աւելի կ’ամրապնդուի Հալէպի ԳԱՆՁԱՍԱՐ շաբաթաթերթին եւ Պէյրութի ՇԻՐԱԿ եւ ԿԱՄԱՐ ամսագիրքերուն:
Շատ չանցած Վեցանկիւն Խմբակը կը դառնայ բազմանկիւն,կը դառնայ շրջանակ, շնորհիւ Հալէպի բարեջան առաջնորդ ՆՍՕՏՏ Սուրէն Գաթարոեանի: Կը հիմնուի Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումը, որուն մաս կը կազմէին սուրիահայ բոլոր գրողները,թարգմանիչները,ուսումնասիրողները,բեմադրիչներն ու արուեստագէտները: Համախմբումը կը շարունակուի Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան սրբազանի օրերուն, ունենալով իր ԵՐԹ խորագրեալ տարեգիրքը, որուն շնորհիւ Սարգիսի անունը դարձած էր հանրաճանաչ:
Համահայկական գրողներու ընդհանուր համաժողով
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2006-ին կը մասնակցի Պէյրութի մէջ կազմակերպուած համահայկական գրողներու ընդհանուր համաժողովին:
Հրատարակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2006-ին լոյս կ'ընծայէ իր անդրանիկ գրքոյկին՝ ԼՈՅՍՆ Ի ՎԵՐ խորագրեալ, Հալէպի «Կիլիկիա» հրատարակչատան կողմէն:
Այդ միջոցին, Սարգիս բազմաթիւ կապեր հաստատած էր թէ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի գրական թերթերու հետ: Անոր գործերը լոյս կը տեսնեն Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի գրողներու միութեան հրատարակած ԱՐԴԻ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՆԵՐ գրքոյկին մէջ, Արքեմնիկ Նիկողոսեանի խմբագրութեամբ,Երեւան 2011:
2011-ին, Պէյրութաբնակ հալէպահայ անուանի բանաստեղծ ու մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանի քաջալերանքով, իր բանաստեղծութիւններու երկրորդ գիրքը՝ ԵՐԳԵՐ ՈՍԿԵԼԱՐ ՔՆԱՐԻՍ, կ’արժանանայ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Ռիչըրտ Եւ Թինա Գարօլան հիմնադրամի մրցանակին, գիրքի խմբագիր Պարոյր Աղպաշեան[1]:
Բանաստեղծութիւններու կողքին, Սարգիսի կարճ պատմուածքներն ալ հերթական օրէն լոյս կը տեսնեն Գանձասարի ու այլ թերթերու մէջ: Այդ պատմուածքները առ այժմ անտիպ կը մնան իբրեւ գիրք, ԲՌՆԿՈՂ ԵՐԿԻՆՔԻՆ ՏԱԿ խորագրով:
2012-ին, Սարգիս Քէլ խաչերեան իր ընտանիքին հետ միասին կը հաստատուի Պէյրութ, Լիբանան:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սարգիս Քէլ Խաչերեան – Հալէպահայ բանաստեղծ