Jump to content

Սարգիս Տարչինեան

Սարգիս Տարչինեան
Ծնած է 5 Սեպտեմբեր 1947(1947-09-05)
Ծննդավայր Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 2 Հոկտեմբեր 2013(2013-10-02) (66 տարեկանին)
Մահուան վայր Թիֆլիս, Վրաստան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն և  Վրաստան
Մասնագիտութիւն լուսանկարիչ

Սարգիս Տարչինեան (5 Սեպտեմբեր 1947(1947-09-05), Թիֆլիս, Խորհրդային Միութիւն - 2 Հոկտեմբեր 2013(2013-10-02), Թիֆլիս, Վրաստան), հայ յուշարձանագէտ, արխիւագէտ, լուսանկարիչ, թիֆլիսագէտ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Թիֆլիս։ Դպրոցէն շրջանաւարտ եղած է 1966-ին, երբ նաեւ աւարտած է ուսումնարանի քանդակագործութեան բաժինը։ Յաջորդ տարին սկսած է ոսկերչութեան գործարանին մէջ իբրեւ նկարիչ եւ փորագրող։

Պատանեկութեան սկսած է զբաղիլ լուսանկարչութեամբ եւ աստիճանաբար մտած է փաստա-վաւերագրական լուսանկարչութեան մէջ, աշխատակցելով զանազան վրացական պարբերականներու։

1970-ական թուականներուն սկիզբներուն, հանդիպած է թիֆլիսահայ յայտնի լուսանկարիչ Ալեքսանդր Արութիւնովին, որուն խորհուրդին հետեւելով, կեդրոնացած է պատմա-ճարտարապետական եւ քաղաքային տիպարներու լուսանկարչութեան վրայ։

Տարիներու ընթացքին, Տարչինեան ո՛չ միայն հաւաքած է Թիֆլիսի եւ Վրաստանի հայ համայնքի պատմութեան վերաբերեալ նիւթեր, այլ գործնական քայլերու դիմած է այդ ժառանգութիւնը փրկելու համար։

1970-ական թուականներուն, շարժանիւով շրջագայած է Վրաստանի եւ Հայաստանի մէջ՝ Արութիւնովի հետ, հետազօտելով եւ լուսանկարներու շարքեր պատրաստելով։

1979-ին ծանր արկածէ մը ետք, Տարչինեան այլեւս չէ կարողացած երկար ճամբորդութիւններ կատարել, եւ ինքզինք սահմանափակած է Թիֆլիսի միջավայրի լուսանկարչութեան եւ վաւերագրութեան։

Ուսումնասիրած է հայապատկան 12.000 անձնական տուներ եւ մանրակրկիտ փաստագրումը կատարած է վրացական մայրաքաղաքի երկու հայաշատ թաղամասերու՝ Սոլոլակի եւ Հաւլաբարի պատմութեան եւ ճարտարապետութեան։ Անոր մեծարժէք արխիւը հիմք ծառայած է բազմաթիւ յօդուածներու եւ գիրքերու։

Սարգիս Տարչինեան չէ սահմանափակած ինքզինք պատմական լուսանկարչութեան։ 1960-1980-ական թուականներու իր գործերուն մէջ յատկապէս, աշխատած է փաստագրել ամէնօրեայ կեանքը, դրսեւորելով իր գեղարուեստական կրթութիւնը եւ նուրբ զգայնութիւնը կեանքի անցողիկ պահերուն հանդէպ։

Որոշ կարօտաբաղձութեամբ այդ լուսանկարները հայրենի ընթերցողներու ուշադրութիւնը գրաւած են եւ յաճախ հրատարակուած՝ «Գարուն», «Սովետական Հայաստան» եւ այլ պարբերականներու մէ[1]ջ։

Տարչինեան թաղուած է հայ գրողներու եւ հանրային գործիչներու նուիրուած Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]