Jump to content

Սարգիս Սարեան (գրականագէտ)

Սարգիս Սարեան
Ծնած է 26 Յունուար 1917(1917-01-26)
Ծննդավայր Նոր Նախիջեւան, Ռոստովի շրջան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 20 Օգոստոս 1962(1962-08-20) (45 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրականագէտ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն
Ծնողներ հայր՝ Մարտիրոս Սարեան

Սարգիս Սարեան (26 Յունուար 1917(1917-01-26), Նոր Նախիջեւան, Ռոստովի շրջան, Դոնի զորքի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն - 20 Օգոստոս 1962(1962-08-20), Երեւան, Խորհրդային Միութիւն), հայ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, ԽՍՀՄ Գրողներու Միութեան Անդամ՝ 1956 թուականէն։ ԽՄԿԿ անդամ՝ 1954 թուականէն[1]։

Գեղանկարիչ Մարտիրոս Սարեանի որդին է։

Ծնած է Նոր Նախիջեւան քաղաքին մէջ։ 1939 թուականին աւարտած է Երեւանի համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետը։ 1945-1947 թուականներուն ուսանած է ԽՍՀՄ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան գրականութեան ինստիտուտի ասպիրանտուրային մէջ։ 1950 թուականին «Վերածնունդի դարաշրջանի իտալական նովէլի զարգացման նոր աստիճանը Մ․ Պանտելլոյի ստեղծագործութիւններուն մէջ» թեմայով ատենախօսութիւն պաշտպանած է եւ ստացած բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։ 1951-1962 թուականներուն աշխատած է ՀՍՍՀ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մ․ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտին մէջ իբրեւ աւագ գիտաշխատող։ Կազմած է «Չարենցը գրականութեան մասին» ժողովածուն (Երեւան, 1957)։

Ռուսերէն լոյս տեսած են անոր «Յետպատերազմեան խորհրդահայ գրականութիւնը» (Երեւան, 1956) եւ «Խորհրդահայ գրականութիւնը» (Երեւան, 1964) գիրքերը։

Մահացած է Երեւանի մէջ, 1962 թուականին՝ Երեւան-Սեւան մայրուղիին վրայ տեղի ունեցած ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով[3]։

2017 թուականին Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ կազմակերպուած է Սարգիս Սարեանի 100-ամեակին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցադրութիւն մը[4]։

Ս․ Սարեանի Երկերու Մատենագիտութիւն[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Յետպատերազմեան խորհրդահայ գրականութիւնը խաղաղութեան համար մղուող պայքարին մէջ, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1954, 103 էջ։
  • Խորհրդահայ արդի պատմուածքը, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1959, 128 էջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]