Jump to content

Սարգիս Չիլինկիրեան

Սարգիս Չիլինկիրեան
Ծնած է 25 Յունուար 1884(1884-01-25)
Ծննդավայր Պանտրմա (Պանտերմա)
Մահացած է 1916
Կրթութիւն Բիւթանիոյ բարձրագոյն վարժարան,
Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Սարգիս Չիլինկիրեան (25 Յունուար 1884/1885, Պանտրմա (Պանտերմա)- 1916, Կոշհիսար), հայ բժիշկ։

Ծնած է 1884/1885 թուականի Յունուար 25-ին, Մարմարա ծովու ասիական ափի՝ Պանտրմա (Պանտերմա) քաղաքին մէջ, հայ առաքելական ընտանիքէ ներս։ 1899 թուականին, աւարտած է ծննդավայրի թաղային վարժարանը։

1899-1902 թուականներուն ուսանած է ամերիկացի մի­սի­ո­ներ­ներու Պրուսայի նահանգի Նիկոմիդիոյ գաւառակի, Պարտիզակ աւանի՝ Բիւթանիոյ բարձրագոյն վարժարանին մէջ։ 1902-1906 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինէն ներս։ 1908-1909 թուականներուն վիրաբուժութեան եւ մանկաբարձութեան մէջ կատարելագործուելու նպատակով յաջորդաբար եղած է Փարիզի եւ Լոնտոնի բժշկական խոշորագոյն հաստատութիւններուն մէջ։1909 թուականին, վերադառնալով Կ. Պոլիս, որպէս վիրաբոյժ եւ մանկաբարձ աշխատած է։ 1914 թուականի դրութեամբ եղած է անուանի եւ հարգուած բժիշկ՝ Կ. Պոլսոյ բազմազգ բնակչութեան շրջանակէն ներս։

Գրական-ստեղծագործական աշխատանքներով աշխատակցած է «Ման­զու­մէի էֆ­քե­ար»-ին եւ պրոֆէսոր Յակոբոս Ճէճիզեանի հրատարակած «Բիւ­րակն»-ին, իսկ «Բժիշկ»-ի հրատարակումէն սկսած՝ եղած է անոր կանոնաւոր աշխատակիցը։ Գրած է ընկերային եւ առողջապահական բնոյթի յօդուածներ, որոնք ընթերցողները մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացած են։ Կոշհիսարի թաղապետական բժիշկ աշխատած է։

Մահացած է 1916 թուականին, Կոշհիսարի մէջ, ժանտախտէ՝ 31 տարեկան հասակին։ Այլ տուեալով՝ սպանուած է Տէր Զօրի ճամբուն վրայ։

Աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Առողջապահութիւն կամ հիւանդ չըլլալու արուեստը, Առողջապահական դասագիրք նախակրթարաններու համար։
  • Սիրոյ զոհը, Վահան Ղազարեանի «Բժշկա­կան եւ առող­ջա­պա­հա­կան տա­րե­ցոյց» գիրքին մէջ, Կ. Պոլիս, 1914։
  • Ղազարեան Վահան, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-11-2012։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։