Սարգիս Կուկունեան

Սարգիս Մովսես Կուկունեան (Յունուար 23, 1863 - նոյեմբեր 26, 1913, Օրյոլի բանտ, Օրյոլ, Ռուսական կայսրութիւն), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարգիս Կուկունեան (Աւետիսեան) ծնած էՅունուար 23 1863–ին Նուխի գավառի Նիժ գիւղին (այժմ՝ Ադրպեճանի Կուտակաշենի շրջանը), չքաւոր Ընտանիքի մէջ։ Նախնական կրթութիււնը ստացած է գիւղի տէր–թոդիկեան դպրոցը, ապա 1877-ին ընդունուած է Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը: Ուշիմ ու աչքաբաց Սարգիսին վիճակուած չէր աւարտել ճեմարանական դասընթացը: 1883-ին տեղի ունեցած աշակերտական խռովութիւներու պատճառով ճեմարաանէն հեռացուեցան շուրջ 80 աշակերտ, որոնց մէջ էր 6–րդ դասարանի Սարգիսը,որ դեռ կը կրեր Աւետիսեան մականունը: Ան Էջմիածինէն կը մեկնէր Երեւան, կը փորձեր մտնել ուսուցչական սեմինարններու, բայց չէր յաջողէր: Հօրեղբօր աջակցութեամբ անկը տեղափոխուի Թիֆլիս,եւ կը մտնէ զինուորական դպրոց:Սարգիս երկար չի մնար այնտեղ եւ ձգելով զինուորական դպրոցը,կը փորձէ ընդունուիլ Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցը: Սակայն անոր ղեկավարութիւնը Գէորգեան ճեմարանի վարչութեան կողմէ արդէն տեղեկացած էր արտաքսուածներու մասին: Այդ ժամանակ ան դիմում կը ներկայացնէ Կուկունեան մականունով եւ կ'ընդունուի Ներսիսեան դպրոց: 1884-ինկը մեկնի Բաքու եւ մասնաւոր դասեր կու տայ: Շուտով, կը ձգէ Բագուն, եւ կը մեկնի Սանկտ Պետերբուրգ եւ ուսումը կը շարունակէ տեղական համալսարանոի մէջուր կը տարուի հայրենասիրական գաղափարներով, շուտով կը դառնայ Պետերբուրգի հայ ուսանողութեան կեդրոնական դեմքերէն մէկը: Ան իր ազատ ժամերուն շուրջ մէկ տարի կը զբաղուի զինավարժութեամբ իր ընկերներ Կոստանդին Լիսինեանի եւ Ռուբէն Յովհաննէսեանի հետ: Այստեղ Սրագի Կուկունեան կը ներշնջուի Արեւմտեան Հայաստան տեղափոխուելու գաղափարով:

Կուկունեանի խումբի ձեւաւորումը:[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սարգիս Կուկունեան եւ անոր կողմնակիցներուն գործունէութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն է ցուցաբերէ եւ իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Կարապետ Եզեանը, որ խիստ պահպանողական գործիչի համբաւ ունէր: Սարգիս Կուկունեանը կ'օգնէ Կարապետ Եզյեանին՝ կազմել «Պետրոս Մեծին հարաբերութիւնները հայ ազգին հետ» (1898) վավերագրական ժողովածուն։ Կարապետ Եզեանը Սարգիս Կուկունեանին կ'առաջարկէ երթալ Պարսկաստան, այնտեղ անցնիլ ծառայութեան եւ ստանալ խանի տիտղոսը, իր` Եզեանի աջակցութեամբ հաստատուելու թուրք–պարսկական սահմաններուն մօտ, եւ բաւականաչափ ուժ հավաքելէ ետք կազմակերպել շարժումներ Վասպուրականին մէջ։ Բայց Կարապետ Եզեանի ծրագրի կենսագործելը երկարատեւ ժամանակ կը պահանջէր, իսկ Սարգիս Կուկունեանը կը շտապէր օր առաջ նետուիլ պայքարի ասպարեզ: Եւ ահա, 1890-ի Մայիսին մի քանի երիտասարդներու գլուխը անցնելով, Սարգիս Կուկունեան կու գայ Թիֆլիս: Այստեղ Կոջոր ամառանոցին մէջ կը հանդիպի «Մշակ» թերթի խմբագիր Գրիգոր Արծրունու հետ:Արծրունի անոր կու տայ հրաժարիլ Կարապետ Եզեանի առաջարկած ծրագիրէն, որ երկար ժամանակ կը պահանջէր: Փոխարէնը Արծրունի կ'առաջարկէ Կովկասի մէջ կազմաւորլ խումբ մը, տեղափոխուելու Արեւմտեան Հայաստան եւ «Հայկական Դատին» միջազգային ճանաչում տալու համար գործել մի քանի յարձակումներ:Իսկ «Դեյլի նյուս» թերթի թղթակից Ֆից-Ջերալդը կը խօստանայ թղթակցութիւններով հանրային կարծիք ստեղծել մեծ տերութիւններու մէջ:

Թիֆլիսի մէջ,ապա Ալեքսանդրապոլ տեղի կ'ունենայ խումբի համալրում: Խումբին կը միանան Ռուբէն Դերձակեանը, Յովսէփ Մովսէսեանը , Եփրեմ Դաւիթեանը Արամայիս Ազնաւուրեանը, Արշակ Գաւաֆեանը , Սարդար Աւետիսեանը , Աբրահամ Տէր-Անդրիասեանը, Ստեփան Ստեփանեանը (բալաջան), Մեսրոպ Վարդանեանը եւ ուրիշներ:Խումբի անդամները կ'ապրէին Կարս մարզի Բերնա, Չորուք, Շադեւան, Արմուդլի գիւղերուն մէջ եւ կը զբաղուէին զինավարժութեամբ:

Օգոստոսի 14-ին Կարսի Ճալա գյուղի ձորում Սարգիս Կուկունեանի հանձնարարութեամբ կը սպանուի Մշեցի Յակոբ Գալֆա սարկաւագը (Յակոբ ՏԷր-Ղեւոնդեան) որ Կուկունեանի օգնականն էր եւ տարաձայնութիւններ ունէր վերջինիս հետ: Նոյն օրը Սատաշանեան բաժանմունքի կոմէն Չորուք գիւղի խումբի անդամներէն մէկը կը սպաննուի,իսկ վեցը կը ձեռբակալուին:

Միեւնոյն ժամանակ Թիֆլիս հրաւիրուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Սահմանադիր Ժողովը» կ'որոշէ ոյժ տալ եւ միաժամանակ ղեկավարել Կուկունեանի արշավախումբի նախապատրաստական աշխատանքները, սակայն Արեւմտալ Հայաստանէն Յովսէփ Արղութեանի եւ Մարտիրոս Մարգարեան վերադարյէն ետք ՀՅԴ-ն կը փոխէ իր դիրքորոշումը արշաւախումբի հանդէպ եւ կը հանձնարարէ Կարսի մէջ գտնուող Մարտին Շաթիրեանի՝ յետաձգել արշաւանքը, որովհետեւ Ռուսական ժանդարմերիան մանրամասն տեղեակ է Կուկունեանի խումբի մարտիկներու տեղակաեման վայրերու, անոնց զոնուածութեան, Արեւմտեան Հայսատան անցնելւ մտադրութեանեւ այլն բաներու մասին:

Մատին Շաթիրեանի, Յովսէփ Արղութեանի, Կոսդանդին Խատիսեանի եւ Սիմոն Զաւարեանի բոլոէ ջանքերը՝ յետաձգելու Կուկունեանի արշաւախումբի սահմանացումը, ապարդիւն կ'ըլլայ: Հետեւելով Գրիգոր Արծրունիին՝ ինչքան հնարաւորէ շուտ Արեւմտեան Հայաստան տեղափոխուելու յորդորներուն՝ Սարգիս Կուկունեան իր 107 հոգիէ փաղկացած խումբով Սեպտեմբեր 23-ի գիշերը Սաաթվերան Գիւղի վերնամասով կ'անցնի Արաքս Գետը ու ափով կ'ուղղուի դէպի Չիչակլու կիրճը:

Թափրակկալէի թրքական կայազորի հրամանատարութիւնն ու ռուս սահմանապահներն արդէն տեղեակ էին խումբի նպատակի մասին: Իսկ երկրի խորքերը տանող լեռնալանջերը ծածկուած էին քրդական աշիրեթներով սահմանանցումէն շատ չանցած խումբը երեք կողմէ շրջապատուած էր արդէն թրքական ուժերով, իսկ չորրորդ կիղմէն՝ ռուսական սահմանի երկարութեամբ կեցած էին ռուս սահմանապահերը: Կը սկսի կռիւը, որ կը տեւէ մինչեւ երեկոյ: Երեկոյան թուրքերը նահանջեցին Ալաշկերտ: Առանց սնունդի եւ ռազմամթերքի մնացած խումբը կ'որոշէ վերադառնալ ռուսական սահման: Խումբը կ'իջնէԱրաքսի հովիտը, կ'անցնի գետը եւ հանգիստ է առնում խառ գիւղի այգիներուն մէջ, ուր Կաղզուանի գավառապետի օգնական Կուգուշեւի եւ անոր օգնութեան եկած ռուսական 154-րդ գունդի զինուորնուն կողմէ խումբին անդամներէն մաս մը կը ձեռթակալուի, իսկ մաս մըն ալ, կռիւի ճանապարհ բանալով, կը հեռանան՝ խուսաբելով ձերբակալութենէն:

Դատաւարութիւնն ու Աքսորը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձերբակալուածներուն 25 օր բանտը պահելէ ետք՝ Հոկտեմբերի 23-ին շղթայակապ կը փոխադրեն Կարսի բանտը: Այդ միտքով, թէ իրենց այսօր-վաղը ազատ կ'արձակեն, խումբի անդամներուն կը հեռացնէր փախուստի մտքից: Հակառակ այս սպասումներուն՝ ցարական իշխանութիւնները խումբի անդամներուն հանդէպ կ'ընդունին խստագոյն վճիռները անոնց մեղադրելով, սպանութեան, աւազակութեան եւ իշխանութիւնը դիմադրելւ մէջ:

Երկու տարի տեւած նախագրութիւններէն ետք՝ 1893 . Ապրիլի 7-ին Կարսի մէջ կը սկսի 43 ձեռբակալուածներուն դատաւարութիւնը, ուր ձեռբակալուածներէն 16-ը ազատ կ'արձակուին, իսկ 26-ը կը դատապարտուին, որմէ էին Սարգիս Կուկունեանը որ կը դատապարտուի 20 տարուա տաժանակիր աշխատանքներով, խումբէն 19-ը՝ 15, 1-ը՝ 12,4-ը՝ 8, 1-ը՝ 3 տարուայ տաժանակիր աշխատանքներով: Թիֆլիսի վերաքննիչ ատեանը 1893 Մայիս 26-ին, իսկ սենատը 1895 Մարտի 1-ին բանտարկեալները շղթայակապ կ'աքսորեն թէպի Սիբիր:

Չնայած Կուկունեանի արշաւանքը շործնականօրէն ձախողեցաւ, սակայն արեւելահայերու շրջանին մէջ իր բերած աննխադէպ ոգեւորութեան եւ Դէպի Երկիր գաղափարախօսութեան տարծման առումով Կուկունեանի արշաւանքը կարեւոր դեր խաղցաւ:

բանտարկեալ Սարգիս Կուկունեան կամաւորապէս կը մասնակցի ռուսռճաբնական պատերազմին: Անոր շնորհիւ Սարգիս Կուկունեան ազատ կարձակուի եւ իր հայազգի կնոջ հետ, ոդ իր հետ ծանօթացած էր Սախալինի մէջ, կը վերադառնայ Կովկաս:

Վերադարձ աքսորէն(Կեանքի վերջին տարիները)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1906 Օգոստոսին Կուկունեանն արդէն Թիֆլիսի մէջ էր, Իսկ երկու ամիս անց՝Հոկտեմբեր 30-ին կը վերադառնայ իր հայրենի գիւղը՝ Նիժ: Այստեղ Կուկունեանը կ'ընկերակցի սոցեալական պայքարին՝ հանունաղքատներուն բարօրութեան ենդդէմ հարուստ գիւղացիներուն: Ան կ'անդամակցի 1907 Սեպտեմբերէն Նիժի մէջ իր գործունէութեան ծաւալած «Գիւղացիական Միութիւն» ընդյատակեայ կազմակերպութեան:

1908-էն յեղափոխականներու հանդէպ Կովկասի մէջ ծայր առած քաղաքական բռնաճնշումները չանտեսեցին Սարգիս Կուկունեանը: Մեղադրելով անոր «Գիւղացիական Միութիւն» անդամակցութեանմէջ՝ 1909 Փետրուարի 6–ին ան Բաքուի մէջ դարձեալ կը ձեռբակալուի եւ հինգ տարուայ դրութեամբ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Աւօ, Սարգիս Կուկունեան, «Յեղափոխական ալպոմ (ազատագրական պայքարի յուշամատեան)», հատ. 4, Պէյրութ, 1962, էջ 35–51։
  • Բդէեան Սարգիս եւ Միսաք «Հարազատ պատմութիւն Տարօնոյ», խմբ. Աղան Տարօնեցի, Գահիրէ, 1962, 676 էջ։
  • Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, խմբ. Ս. Վրացեան, հատ. 1, Պոսթըն, 1934, 395 էջ։
  • Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, խմբ. Ս. Վրացեան, հատ. 2, Պոսթըն, 1938, 464 էջ։
  • Եղիազարեան Կարինէ, Սարգիս Կուկունյանը եւ անոր գլխաւորած արշավանքը, «Պատմա-բանասիրական հանդես», Երեւան, 2000, թիւ1, էջ 69-84։
  • Եղիազարեան Կարինէ, Սարգիս Կուկունեանի արշավանքը, Երեւան, 2016, 180 էջ։
  • Եղիազարեան Կարինէ, Սարգիս Կուկունեանի խմբի դատավարութիւնը եւ անոր հետագայ ճակատագիրը, «Բանբեր Հայաստանի արխիվների», Երեւան, 2006, թիւ 1, էջ 216-221։
  • Լազեան Գաբրիէլ, Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն, Գահիրէ, 1949, 397 էջ։
  • Լազեան Գաբրիէլ, Յեղափոխական դէմքեր (մտաւորականներ եւ հայդուկներ), Գահիրէ, 1945, 413 էջ։
  • Խուդինյան Գեւորգ, «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցությանծնունդը», Երեւան, 2000, 227 էջ։
  • Խուդինյան Գեւորգ, Սարգիս Կուկունեան, «Լրաբեր հասարակական գիտությունների», Երեւան, 1989, թիվ 11, էջ 24-35։
  • Կուկունեան խմբի դատավարութիւնը. ամբաստանագիր, «Դրօշակ», 1912, թիւ 6, էջ 163-168, թիւ 7-8, էջ 189-191, թիւ 11-12, էջ 280-282։
  • Մ. Շ.-ի յուշերը, Հայոց հասարակական շարժումներու պատմութիւնէն, գրի առաւ` Ն. Հանգոյց, «Հայրենիք»ամսագիր, 1923, թիւ 5, էջ 27-39, թիւ 6, էջ 50-66։
  • Յուշեր Կուկունեան արշաւախմբից, Յովսէփ Մովսիսեանի (Արգամ Պետրոսեան), գրի առաւ` Ա. Ամուրեան, «Հայրենիք ամսագիր», Պոսթըն, 1933, թիւ 2, էջ 70-86, 1934, թիւ 1, էջ 116-125, թիւ 2, էջ 100-110, թիւ 3, էջ 121-135, թիւ 4, էջ 79-89, թիւ 5, էջ 57-69, թիւ 6, էջ 108-123, թիւ 7, էջ 128-137, թիւ 8, էջ 97-107, թիւ 10, էջ 116-126, թիւ 11, էջ 106-127, թիւ 12, էջ 107-118, 1935, թիւ 3, էջ 91-113։
  • Չորմիսեան Լեւօն, Համապատկեր արեւմտահայոց մէկ դարու պատմութեան, Բ. հատ., 1878-1908 թթ., Պէյրութ, 1974, 572 էջ։
  • Սեւեան Ռուբէն, Հ. Յ. Դ. առաջին գործիչներն ու հերոսները, «Հայրենիք» ամսագիր, 1937, թիւ 9, էջ 107-113, թիւ 10, էջ 126-131, թիւ 11, էջ 137-141։
  • Սեւեան Ռուբէն, Հ. Յ. Դաշնակցութեան առաջին քայլերն ու գործիչները, «Հայրենիք» ամսագիր, 1937, թիւ 6, էջ 59-81, թիւ 7, էջ 110-121։
  • Վալադեան Վալադ, Սարգիս Կուկունեանի արշաւանքը, «Հայրենիք ամսագիր», 1957, թիւ 9, էջ 1-9, թիւ 10, էջ 23-32, թիւ 11, էջ 38-50, թիւ 12, էջ 57-70։
  • Վարանդեան Միքայէլ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն», Երեւան, 1992, 536 էջ։
  • Վարդանեան Մեսրոպ, Կուկունեանի արշաւանքի մասին, «Դրօշակ», Փարիզ, 1930, թիւ 5, էջ 132-135, թիւ 6-7, էջ 168-173, թիւ 10, էջ 246-248։
  • Վրացեան Սիմոն, Կուկունեան արշաւանքը, տե՛ս Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան (1890-1950 թթ.), Բոստոն, 1950, էջ 272-279։
  • Тунян Валерий, Легенды и были: охранка и Армения XIX – нач. XX вв., Ереван, 2008, 131 стр.
  • Վերջին օրերս Սախալինում, Բաքու, 1910։