Jump to content

Սահմանադրութիւն

Տարեթիւ XII-ի Սահմանադրութիւնը - Առաջին Ֆրանսական Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը

Սահմանադրութիւն, կամ գերագոյն օրէնք, հիմնարար սկզբունքներու կամ հաստատուած նախադէպերու ամբողջութիւնն է, որոնք կը կազմեն քաղաքական կազմակերպութեան, երկիրներու, պետութիւններու, կազմակերպութեան կամ այլ տեսակի հաստատութեան իրաւական հիմքը, եւ սովորաբար կը որոշեն թէ այդ հաստատութիւնը ինչպէս պիտի կառավարուի։[1]

Երբ այս սկզբունքները գրի առնուած են մէկ փաստաթուղթի կամ իրաւական փաստաթղթերու շարքի մը մէջ, այդ փաստաթղթերը կրնան համարուիլ գրաւոր սահմանադրութիւն մը. եթէ անոնք ընդգրկուած են մէկ ընդհանրական փաստաթուղթի մը մէջ, կը համարուի օրէնսգրքացուած սահմանադրութիւն մը։ Միացեալ Թագաւորութեան սահմանադրութիւնը օրէնսգրքացուած չըլլալու նշանաւոր օրինակ մըն է. անիկա փոխարէնը գրուած է օրէնսդիր մարմինի բազմաթիւ հիմնարար ակտերու, դատարանի գործերու եւ պայմանագիրներու մէջ։[2]

Սահմանադրութիւնները կը վերաբերին տարբեր մակարդակներու կազմակերպութիւններու, ինքնիշխան երկիրներէ մինչեւ ընկերութիւններ եւ անվաւեր միութիւններ։ Միջազգային կազմակերպութիւններու հիմնադրող պայմանագիրը յաճախ անոր սահմանադրութիւնն է, այն իմաստով որ անիկա կը սահմանէ թէ այդ կազմակերպութիւնը ինչպէս կազմուած է։ Պետութիւններու ներսիդին, սահմանադրութիւն մը կը սահմանէ այն սկզբունքները, որոնց վրայ պետութիւնը հիմնուած է, այն ընթացքը՝ որով օրէնքներ կը կատարուին, եւ որոնց կողմէ։ Քանի մը սահմանադրութիւններ, մանաւանդ օրէնսգրքացուած սահմանադրութիւններ, նաեւ կը գործեն որպէս պետական իշխանութեան սահմանափակիչներ, հաստատելով գիծեր՝ զորս պետութեան կառավարիչները չեն կրնար անցնիլ, ինչպիսիք են հիմնարար իրաւունքները։ Սահմանադրութիւններու փոփոխութիւնները յաճախ կը պահանջեն համաձայնութիւն կամ գերակշռութիւն։[3]

Հնդկաստանի սահմանադրութիւնը աշխարհի ամեներկար գրաւոր սահմանադրութիւնն է[4], 146,385 բառերով[5] իր անգլերէն տարբերակին մէջ[6], մինչդեռ Մոնաքոյի սահմանադրութիւնը ամենակարճ գրաւոր սահմանադրութիւնն է՝ 3,814 բառերով։[7][8] Սան Մարինոյի սահմանադրութիւնը կրնայ ըլլալ աշխարհի ամէնէն հին գործուն գրաւոր սահմանադրութիւնն է, որովհետեւ անոր առաջնային փաստաթղթերէն մի քանին գործողութեան մէջ են 1600էն ի վեր, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութիւնը ամէնէն հին գործուն օրէնսգրքացուած սահմանադրութիւնն է։ 1789էն ի վեր գրաւոր սահմանադրութեան պատմական միջին կեանքը մօտաւորապէս 19 տարի է։[9]

Նաեւ կան սահմանադրութիւններու տարատեսակներ, օրինակ ազատական սահմանադրութիւններ եւ համայնավար պետութիւններու սահմանադրութիւններ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. The New_Oxford_American_Dictionary, Second Edn., Erin_McKean (editor), 2051 pp., 2005, Oxford University Press, 0-19-517077-6.
  2. R_(HS2_Action_Alliance_Ltd)_v_Secretary_of_State_for_Transport [2014] UKSC 3 Archived March 5, 2017, at the Wayback Machine., [207]
  3. King, Brett W. "The Use of Supermajority Provisions in the Constitution: The Framers, The Federalist Papers and the Reinforcement of a Fundamental Principle." Seton Hall Const. LJ 8 (1997): 363.
  4. Pylee M.V. (1997)։ India's Constitution։ S. Chand & Co.։ էջ ISBN 978-81-219-0403-2
  5. «Constitution Rankings»։ Comparative Constitutions Project (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-05
  6. «Constitution of India»։ Ministry of Law and Justice of India։ July 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ February 23, 2015-ին։ արտագրուած է՝ December 17, 2008
  7. «Monaco 1962 (rev. 2002)»։ www.constituteproject.org։ արտագրուած է՝ 2016-06-05
  8. «Constitution Rankings»։ Comparative Constitutions Project (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-10-01-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-05
  9. Elkins, Zachary; Ginsburg, Tom; Melton, James (2009), «Conceptualizing Constitutions», The Endurance of National Constitutions, Cambridge: Cambridge University Press, pp. 36–64, doi:10.1017/cbo9780511817595.004, ISBN 978-0-511-81759-5, http://dx.doi.org/10.1017/cbo9780511817595.004