Սահմանադրական ճգնաժամ Սպանիոյ մէջ (2017)

Քաթալունիոյ անկախութեան հռչակում․ 1 Հոկտեմբեր 2017

Սահմանադրական ճգնաժամ Սպանիոյ մէջ, Սպանիոյ իշխանութիւններու եւ Քաթալոնիոյ ինքնավար համայնքին միջեւ հակամարտութիւն՝ Սպանիոյ վարչական միաւորման համար։

Սեպտեմբեր 2017-ին Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը կ'ընդունի օրէնքներ, Քաթալոնիոյ համար իրաւական կարգավիճակ ստանալու եւ Սպանիայէն հեռանալու մասին։ 1 Հոկտեմբեր 2017-ին Քաթալոնիոյ Հանրապետութեան մէջ անկախութեան հանրաքուէ մը տեղի կ'ունենայ, որու իբրեւ արդիւնք՝ 10 Հոկտեմբեր 2017-ին քաթալոնեան կառավարութիւնը կ'ընդունի անկախութեան հռչակագիր մը եւ 27 Հոկտեմբեր 2017-ին կը յայտարարուի Քաթալոնիոյ անկախութիւնը:

Սպանիոյ իշխանութիւնները Քաթալոնիոյ կառավարութեան գործողութիւնները կը համարեն իրաւաբանօրէն անվաւեր, օգտուելով Սպանիոյ Սահմանադրութեան 155-րդ յօդուածէն, կը լուծարեն Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը: Վերջինս կը հրաժարի ճանչնալէ իր լուծարումը եւ կը շարունակէ իր աշխատանքը[1]։

Նախապատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկար ժամանակ Քաթալոնիոյ տեղական իշխանութիւնները պարբերաբար կը դիմադրեն Սպանիոյ իշխանութիւններուն, պահանջելով ընդլայնել Քաթալոնիոյ ինքնավարութիւնը: 2014-ին Քաթալոնիոյ մէջ հետազօտութիւն մը տեղի կ'ունենայ Քաթալոնիոյ քաղաքական ապագային վերաբերեալ:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քարլէս Պուչտէմոն․ Քաթալունիոյ խորհրդարանի մէջ, 10 Հոկտփեմբեր 2017

6 Սեպտեմբերին Քաթալոնիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն կու տայ «Քաթալոնիոյ ինքնորոշման հանրաքուէի մասին» օրէնքին, որ կը նախատեսէ 1 Հոկտեմբեր 2017-ին անկախութեան հանրաքուէ մը կատարել:

8 Սեպտեմբեր 2017-ին կ'ընդունուի Քաթալոնիոյ խորհրդարանը, որ կը պարունակէ իրաւական ընթացակարգերու մասին դրոյթներ, որոնք կրնան իրականացուիլ Քաթալոնիոյ կարգավիճակ ձեռք բերելու իբրեւ անկախ պետութիւն, այն պարագային, երբ անկախութեան գաղափարը կ'աջակցի Քաթալոնիոյ բնակիչներուն հանրաքուէին:

1 Հոկտեմբեր 2017-ին Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ անկախութեան հանրաքուէ մը տեղի կ'ունենայ, որուն ընթացքին ընտրողներուն 90,18%-ը կ'աջակցի Քաթալոնիոյ բաժանման՝ Սպանիայէն։ 10 Հոկտեմբերին կը նշանակուի Քարլէս Պուչտէմոնի ինքնավարութեան ղեկավարի ելոյթը, որ անկախութեան հռչակում կը յայտարարէր: Այնուամենայնիւ, հակառակ բոլոր յոյսերուն, իր ելոյթին ընթացքին ան կը յետաձգէ հռչակագիրը եւ կոչ կ'ընէ շարունակելու բանակցութիւնները, ինչ որ հասարակութեան մէջ տարբեր կարծիքներ կը հրահրէ։ Ուշ երեկոյեան, բողոքէն ետք, Պուչտէմոն կը ստորագրէ «Քաթալոնիոյ ժողովուրդին ներկայացուցիչներուն հռչակագիրը», որ կ'ենթադրէր անկախ հանրապետութեան ստեղծումը։ Միաժամանակ, կ'որոշուի կասեցնել հռչակագիրը Սպանիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն հաստատելու նպատակով որոշակի պայմաններու հասնելու եւ հարցին լուծման համար։ Մատրիտ՝ իր հերթին, կը պահանջէր Քաթալոնիոյ ղեկավարութիւնէն մինչեւ 16 Հոկտեմբեր որոշակի պատասխան տալ. արդե՞օք տարածաշրջանին անկախութիւնը հռչակուած էր, թէ արդեօք հռչակագիրին ստորագրումը խորհրդանշական փաստ էր։ Քարլէս Պուչտէմոն կը խուսափի անմիջապէս պատասխանելէ եւ կրկին կոչ կ'ընէ երկխօսութիւններու սկսելու։ 21 Հոկտեմբերին Սպանիոյ կառավարութեան նիստին որոշում կը կայացուի լուծարել Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը եւ արտահերթ ընտրութիւններ կատարել, զորս պէտք է հաստատէր Սենատը՝ Քաթալոնիոյ ուղղակի կառավարման հարցը եւ ինքնավար կարգավիճակի դադրեցումը։ Սպանիոյ խորհրդարանին վերջնական որոշումը պէտք է ընդունուէր 27 Հոկտեմբերին: Քաթալոնիա կտրուկ կ'արձագանգէ Մատրիտի գործողութիւններուն. տարածաշրջանին ղեկավարը այս գործողութիւններուն կոչ կ'ընէ ժողովրդավարութեան, ամենավատ յարձակումը՝ տիքթաթոր Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոյի ատեն։ Միաժամանակ, «El Confidencial» սպանական հրատարակութիւնը կը հաղորդէ, որ հաւանաբար 23 Հոկտեմբերին Քաթալոնիա յայտարարէ իր անկախութիւնը[2]։ Մէկ այլ թերթ, Լա Ռասոն, կ'ըսէ, որ անկախութիւնը պիտի հռչակուի 27 Հոկտեմբերին[3]։ 23 Հոկտեմբերին կը կայանայ 26-րդ կալանավայրի նախարարութեան լիագումար նիստը։ 27 Հոկտեմբերին վերջապէս կը յայտարարուի անկախ Քաթալոնիոյ հանրապետութիւն ստեղծելու մասին:

30 Հոկտեմբերին Քաթալոնեան խորհրդարանը Սպանիոյ կառավարութեան որոշումը կը ճանչնայ լուծարման մասին եւ կը դադրեցնէ աշխատանքը վաղաժամկէտ ընտրութիւններէն առաջ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քուէարկութիւններ[permanent dead link]