Jump to content

Սահմանադրականութիւն

Անգլիոյ Մակնա Քարթան («Մեծ Խարթիան»), որ ստեղծուած է 1215-ին, կը համարուի բոլոր ժամանակներու ամենամեծ սահմանադրական փաստաթղթերէն մէկը։

Սահմանադրականութիւնը «գաղափարներու, վերաբերմունքներու եւ վարքագծի օրինակներու բարդոյթ մըն է, որ կը մանրամասնէ այն սկզբունքը թէ կառավարութեան իշխանութիւնը կը սերտուի եւ կը սահմանափակուի հիմնարար օրէնքի մարմինէ մը»։[1]

Քաղաքական կազմակերպութիւնները սահմանադրական են այնքանով որքանով որ անոնք «կը պարունակեն իշխանութեան վերահսկողութեան հաստատութայնացուած դրութիւններ՝ քաղաքացիներուն շահերը եւ ազատութիւնները պաշտպանելու համար, ներառեալ անոնք որ կրնան փոքրամասնութեան մէջ ըլլալ»։[2] Ինչպէս որ նկարագրուած է քաղաքագէտ եւ սահմանադրական հետազօտող Տեյվիտ Ֆելմընի կողմէ`

Սահմանադրականութիւնը բարդ հասկացողութեան մը նկարագրութիւնն է, խորապէս արմատացած պատմական փորձառութեան մէջ, որ կառավարական իշխանութիւններ գործադրող պաշտօնատարները կը հնազանդեցնէ բարձրագոյն օրէնքի մը սահմանափակումներուն։ Սահմանադրականութիւնը կը հռչակէ օրէնքի իշխանութեան ցանկալիութիւնը՝ հանրային պաշտօնատարներու կամայական դատողութեան կամ պարզ հրամանով կառավարութեան հակառակ... Ժամանակակից հանրային օրէնքին եւ պետականութեան հիմքերուն վերաբերող ամբողջ գրականութեան մէջ սահմանադրականութեան հասկացողութեան կեդրոնական տարրը այն է, որ քաղաքական հասարակութեան մէջ կառավարական պաշտօնատարները ազատ չեն ընելու ի՛նչ որ կ՚ուզեն ի՛նչ ձեւով որ ընտրեն. անոնք պարտաւոր են պահպանելու ե՛ւ իշխանութեան սահմանափակումները, ե՛ւ այն ընթացակարգերը, որոնք սահմանուած են համայնքին գերագոյն, սահմանադրական օրէնքին մէջ։ Ուստի կրնայ ըսուիլ թէ սահմանադրականութեան հարուածաքարը բարձրագոյն օրէնքի տակ սահմանափակ կառավարութեան հասկացողութիւնն է։[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Don E. Fehrenbacher, Constitutions and Constitutionalism in the Slaveholding South (University of Georgia Press, 1989). p. 1. 978-0-8203-1119-7.
  2. Gordon Scott (1999)։ Controlling the State: Constitutionalism from Ancient Athens to Today։ Harvard University Press։ էջ ISBN 0-674-16987-5
  3. Philip P. Wiener, ed., "Dictionary of the History of Ideas: Studies of Selected Pivotal Ideas" Archived 2006-06-23 at the Wayback Machine., (David Fellman, "Constitutionalism"), vol 1, pp. 485, 491–492 (1973–74) ("Whatever particular form of government a constitution delineates, however, it serves as the keystone of the arch of constitutionalism, except in those countries whose written constitutions are mere sham. Constitutionalism as a theory and in practice stands for the principle that there are—in a properly governed state—limitations upon those who exercise the powers of government, and that these limitations are spelled out in a body of higher law which is enforceable in a variety of ways, political and judicial. This is by no means a modern idea, for the concept of a higher law which spells out the basic norms of a political society is as old as Western civilization. That there are standards of rightness which transcend and control public officials, even current popular majorities, represents a critically significant element of man's endless quest for the good life.")