Սալոր

Սալոր (Prunus), կորիզաւոր միրգ։
Երբ սալորը հասնի, իր մակերեսին վրայ երբեմն կը գտնուի սպիտակագոյն փոշոտ շերտ մը, զոր կը կոչեն «մոմապատ ծածկոյթ»։ Այդ ծածկոյթը սալորին կապտաւուն երանգ մը կու տայ։ Չորցած սալորը կը կոչուի սալորաչիր, որ մութ գոյն ունի եւ կնճռոտ կը թուի։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կ'ենթադրուի, թէ սալորը եղած է մարդոց ընտելացուցած առաջին պտուղներէն մէկը[1]։
Ամէնէն շատ մշակուող տեսակները վայրի բնութեան մէջ չեն հանդիպիր, այլ միայն այն տեղերուն, ուր մարդիկ կը բնակին[2]։
Տնական սալորը տարածուած է Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի լեռներուն մէջ, իսկ չինական սալորը եւ Prunus simonii-ն ծագած են Չինաստանէն։
Կարգ մը գիտնականներու կարծիքով՝ սալորին հայրենիքը Իրանն է։ Սալորը Ասիայէն բերուած է նաեւ Եւրոպա։
Միջին դարերուն, օրինակ՝ Անտալուսիոյ (Սպանիա) մէջ, սալորի ծառեր կը մշակէին։ Այդ մասին կը պատմուի Իպն ալ-Ավվամի գիւղատնտեսական աշխատութիւններուն մէջ։
Յատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սալորը շատ օգտակար միրգերէն է։ Կը պարունակէ բազմաթիւ կենսանիւթեր՝ Ա (մասնաւորաբար մութ գոյնի սալորներուն մէջ), «Պի1», «Պի2», «Սի» եւ «Փի»։ Սալորը քաղցր պտուղ է, որովհետեւ իր մէջ 9-17% շաքար կայ (ֆրուքթոզ, կլուքոզ եւ սախարոզ)։ Ունի նաեւ օրկանական թթուներ, ինչպէս՝ խնձորաթթու, կիտրոնաթթու։ Անիկա կը պարունակէ նաեւ օգտակար հանքային նիւթեր՝ կալիում, ֆոսֆոր (աւելի շատ, քան խնձորի ու տանձի մէջ), կալցիում, մակնեզիում եւ երկաթ։