Ռուպա Ալ Ճամալ

Ռուպա Ալ Ճամալ
Անուն Ռուպա Ալ Ճամալ

Ռուպա Էլ Ճամալ, իսկական անունն է՝ Ծովինար Խաչատուր Կարապետեան: (Ծնած է 1966ին, Հալէպ, Սուրիա - Մահացած է 12 Ապրիլ 2005ին, Դամասկոս, Սուրիա):Ան հանրաճանաչ էր կատարելով արաբական աշխարհի աստղեր «Ում Քալսում»ի եւ «Ասմահան»ի երգերը[1]: Արժանացած է ոսկէ ափսէին, ուր փորագրուած է «Ռուպա Ալ Ճամալ արաբական աշխարհի լաւագոյն իգական ձայնը»:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուպա Էլ Ճամալ, իսկական անունն է՝ Ծովինար Խաչատուր Կարապետեան: Ան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, ծագումով Հալէպահայ հօր եւ Լիբանանցի արաբ մօր կողմէ: Իր երաժշտական գեղարուեստական ասպարէզը սկսած է 1975-ին: 1979-ին զինք նշանակած են որպէս Պէյրութի եւ Դամասկոսի ռատիոկայաններու երգչուհի[1]:

Ռուպա Էլ Ճամալի ընտանիքը համաձայն չեն եղած, որ ան երգչուհի դառնայ եւ կամ երաժշտական ուղին ընտրէ, որովհետեւ անոնք յոյս ունէին, որ Ռուպան կը դառնայ բժշկուհի եւ այդ պատճառաւ ալ Ռուպա Ծովինար կը մեկնի Ֆրանսա, այնուհետեւ Լոնտոն ուսանելու բժշկութիւն` մասնագիտանալով մանուկներու հիւանդութեան բնագաւառի մէջ: Այնուամենայնիւ բժշկուհի Ռուպա Ծովինար բնաւ չէ աշխատած իր մասնագիտութեան ոլորտին մէջ:

Ան ունեցած է անյաջող ամուսնութիւն մը, որ շատ երկար չի տեւեր՝ ընդամէնը հինգ տարի, ունենալով մէկ հատիկ տղայ՝ Ռամի:

Տարաձայնութիւն կայ, որ անոր վնասուածքին պատճառը եղած է սուրիական արաբական հեռուստաընկերութեան կողմէ, 2005-ի Մարտի 13-ին «Էպլա Ալ-Շամ» պանդոկի մէջ տեղի ունեցած համերգին, երգչուհին կը սկսի երգել, եւ ըստ ներկաներու ոմանց վկայութիւններուն, մեծ տարբերութիւնկար երգչուհիին եւ նուագախումբին կատարման միջեւ, որ կը զայրացնէ երգչուհին, այնուամենայնիւ ան կը շարունակէ՝ յոյս ունենալով, որ նուագախումբը կը մտնէ համահունչ երաժշտութեան մթնոլորտին մէջ, զոր ինք կը ջանար փրկել: Ներկաները կը սկսին բարձրաձայն ծափահարել, որպէսզի ցոյց տան իրենց համակրանքը եւ գոհունակութիւնը, եւ այդ բաւարար էր իր զայրոյթը ներծծելու եւ վերստին երգելու համար, բայց վերջաւորութեան կատարուածը աւելի դառն էր, որովհետեւ երաժիշտներէն մէկը ոտքի կը կանգնի մինչ երգչուհին կ’երգէր, կը վերցնէ իր գործիքը եւ կը լքէ համերգը, իսկ խմբավարը չի յաջողիր կասեցնելու նուագահարը: Այդ արարքը, երգչուհի Ռուպան արհամարհանք կը համարէ իրեն եւ իր արուեստին հանդէպ, որմէ ետք իր վիճակը օրէ օր կը վատթարանայ, կը ստանայ insulin Էնսիւլին: Այդ օրերուն, ան կ’ապրի ընկճուածութիւն եւ որու պատճառաւ ալ իր ընկերներն ու դրացիները զինք կը տանին «Հիշամ Սինան» հիւանդանոցը, եւ մէկ շաբաթ անցնելէն յետոյ, երգչուհին ստիպուած էր լքելու հիւանդանոցը մեծ ծախսերու պատճառով, որմէ ետք ան կ’որոշէ երթալ Թումա հիւանդանոց, որ կը գտնուի Թումա, Դամասկոսի մերձակայքը եւ հոն ան կը մահանայ 2005 թուականի Ապրիլի 12-ին, ուղեղի կաթուածով:

ՀԲԸՄ՝ Հայ բարեգործական ընկերութիւնը կը հոգայ յուղարկաւորութեան ծախսերը, եւ միութիւնը անոր համար անվճար գերեզման կը տրամադրէ[1]:

Երաժշտական ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մարիա Քալաս» անուան փառատօնի Առաջին դիրք արձանագրողը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Մարիա Քալաս» անուան փառատօնին, ուր կան նաեւ 30 մասնակից եւրոպական եւ արտասահմանեան շարք մը երկիրներէ: Եւ ան ոչ միայն փառատօնին յաջողութիւն արձանագրելով կը գրաւէ առաջին դիրքը, այլեւ կ’արժանանայ աշխարհի ամենաբարձր իգական ձայնի պատուատիտղոսին, ինչպէս նաեւ պատուանուններու՝ «նրբագեղութեան եւ վայելչութեան տիկինը» եւ «Սոփրանօ ձայնի լաւագոյն ներկայացուցիչը»:

«Արաբական Երաժշտութեան Չորրորդ Գիտաժողով»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան կը մասնակցի 1995-ի նոյեմբերին «Արաբական Երաժշտութեան Չորրորդ Գիտաժողովին», որ տեղի կ’ունենայ Գահիրէ, «Եգիպտոսի Օփերայի տան» մէջ, ուր ան կ’երգէ յայտնի երգեր, ինչպէս՝ (أنت عمري) (Դուն ես իմ կեանքը), ، (افرح يا قلبي) (Եղիր ուրախ սիրտ իմ), ، (عودت عيني)، (يا ليلة العيد)، (ح قابلو بكرة)

Արաբական ազգային երաժշտական ​​համոյթին հետ, որ կը ղեկավարէր մայէսթրօ Սալիմ Սահհապ: Բարձր արուեստի հնմտութեամբ իր կատարումները կը զարմացնեն բոլոր ներկաները եւ անոնք հիացած կը մնան ոտքի՝ զինք ծափահարելով մօտ քառորդ ժամ, որմէ ետք շնորհակալութիւն կը յայտնեն իրեն եւ գնահատանքի գիր կը շնորհեն[1]:

Վկայութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Երաժշտագէտ, քննադատ Սամիմ ալ-Շարիֆը صميم الشريف նամակին մէջ գրած է հետեւեալը. «Ռուպա Ծովինարը ունի գերբնական ձայն, եւ ես նման ձայն յիսուն տարիէ չեմ լսած »:
  • երաժիշտ محمد سلطان Մոհամետ Սուլթանը 1982-ին կը յայտարարէ, որ «եթէ ան ընդունի իր առաջարկը մնալ Գահիրէ մէկ տարի, զինք կը դարձնէ իր ժամանակի ամենայայտնի երգչուհին»:

1998-ին, ան կը մասնակցի Թունիսի մէջ տեղի ունեցած Քարթաժ փառատօնին, եւ Թունիսեան մամուլը իր մասին կը գրէ՝ « Անոր ձայնը 24-քարաթ, ոսկի կշռաչափի Ում Քալսումի ձայնն է»[1]: “إنها صوت كلثومي من عيار 24”

Երաժշտական գործունէութիւն եւ ալպոմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ռուպա Ծովինարի երգերը կը յօրինեն խումբ մը երաժշտահաններ, ինչպէս (Սուհայլ Արաֆա, Սաիտ Քոթպ, Մաճիտ Զեյն Ալ-Ապիտին, Ֆարուք ալ-Շառնուպի, Նաճիպ Ալ-Սարաճ, Սաֆուան Պահլաուան, Ահմատ Ալ-Սունպատի, Ռիատ Ալ-Պանտաք, Ուատիհ Ալ-Սաֆի, Ամիր ՄաՃիտ, Իմատ Թաուֆիք):
  • Ան կ’երգէ «Ի՞նչու զիս լքեցիր» խորագրով Նիզար Քապպանիի բանաստեղծութիւնը, որուն երաժշտութիւնը յօրինած է Սաիիտ Քութպը, եւ «Չեմ վերադառնար» բանաստեղծութիւնը, երաժշտութիւն՝ Նաճիպ Ալ Սարրաճ غنت قصيدة (لماذا تخليت عني) شعر نزار قباني وتلحين سعيد قطب، وقصيدة (لن أعود) من تلحين نجيب السراج։
  • Հանրածանօթ եգիպտացի երգիչ՝ Մուհամմետ Ապտէլ Ուահապի պարգեւատրման պատուաւոր արարողութեան, Ռուպա Ծովինար կ’երգէ «Քէյս ու Լէյլա» զուգերգը հանրաճանաչ լիբանանցի երգիչ՝ Wadih Al Safi Ուատի Ալ Սաֆիին հետ وديع الصافي։
  • Ռուպա Ալ Ճամալ ունի միայն մէկ ալպոմ ՝ “صعبها بتصعب” «Saab-bha B՛Tsaab» վերնագրով, որ կ’ընդգրկէ սեփական երգերը՝ (فاكر ولاناسي), (صعبها بتصعب هونها بتهون), եւ երաժշտական ​​համերգներ, որոնց մէջ ան փայլուն կատարումներով հանդէս եկած է Umm Kulthum- ի եւ Asmahan- ի երգերու ժողովածուն:

Պարգեւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մշակոյթի նախարարէն ան կ’արժանանայ ոսկէ ափսէին, ուր փորագրուած է «Ռուպա Ալ Ճամալ արաբական աշխարհի լաւագոյն իգական ձայնը»:
  • Փարիզի Continental Theatre թատրոնէն անոր կը շնորհեն վկայական:
  • Ան կ’արժանանայ «Ոսկէ խօսափողի» մրցանակին[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]