Ռուպ

Ռուպ, եփած մրգահիւթ:[1]
Անիկա խաղողի հիւթով պատրաստուող ու եփող քաղցրն է:
Աւանդութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին օրերէն ի վեր գիւղերուն մէջ, եւ մինչեւ օրս Քեսապի մէջ, ընտանիքներ միասնաբար կը հաւաքուին եւ քանի մը օրուան տեւողութեան՝ երգով, պարով ու մանաւանդ երկար աշխատանքով կը պատրաստեն ամբողջ ձմրան համար խաղողի ռուպը:
Անոնք ճոխ երգերով բոլորը միասնաբար կը սկսին քաղել քաղցրահամ խաղողներու ողկոյզները:

Երեկոյեան զովութեան, հաւաքուած բերքը կը լեցուի լայն եւ խորունկ կարասներու մէջ երիտասարդները կը սկսին ոտքերով ճզմել, ապա հիւթը կը հաւաքուի ու անմիջապէս անոր կ'աւելցուի «սպիտակ հողը», որ «Հաւուրա» կը կոչուի: Անոր պարտականութիւնն է հիւթը թթուելէ պաշտպանել եւ զտել բոլոր տեսակի մանրափոշիներէ ու հողամաղերէ:


Զուլալ հեղուկը կը տեղադրուի պղինձէ կաթսաներու մէջ ու կը սկսի եփիլ հանդարտ կրակի վրայ: Ամբողջ գիշերը տղաքը հերթապահութեամբ կը հսկեն կրակը ու կը հետեւին եռացող հեղուկին, որ քիչ-քիչ պնդանալով կը դառնայ ոսկեգոյն: Կրակին շուրջ կը ստեղծուի ընկերային մթնոլորտ ու մարդիկ բարձր տրամադրութեամբ կ'երգեն ազգային ու հայրենասիրական երգեր:
| Խաղողը ճառթենք, կարմիր շիրան չըռչըռա-չըռչըռա
Լցնենք կարասն, էփի, թափի վըռվըռա-վըռվըռա: |
| Քաղենք խաղողը, լցնենք կողովը, ճութ-ճութ
Քաշենք սեւը, փռենք արեւը, շուտ-շուտ Քաղենք քիշմիշին, տանք մեր անուշին Քաղենք Սաթենին, տանք Սաթենիկին: |


Հեղուկէն մաս մը ուրիշ ամանի մէջ փոխադրելով կը յառաջանայ փրփուրը եւ բոլորը կը համտեսեն այդ փրփուրէն դափնիի տերեւները դգալաձեւ ծալելով ու հրճուած այդ քաղցրահամ ռուպէն կ'երգեն.
| Խմենք հայրենիք, կենացդ երգով
Լինես երջանիկ, քաջ լինես միշտ հոգով Լարի թըմբլը լալա-հահահա»: |
Ռուպի պատրաստութիւնը՝ Դպրեվանքին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռուպի պատրաստութիւնը Դպրեվանքի ամէնէն գեղեցիկ աւանդութիւններէն մէկն է, որ տեղի կ'ունենայ ամէն տարի Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Ամէն տարի, Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը, Դպրեվանքի Ընծայարան բաժինի ուսանողները, հաւաքուելով Սուրբ Աստուածածին Վանքի մէջ հաստատուած ռուպի պատրաստութեան յատուկ աշխատավայրը՝ աղօթքներով եւ երգերով կը պատրաստեն խաղողի հիւթէն պարտասուող ռուպը[2]: