Jump to content

Ռուբէն Օրբելի

Ռուբէն Օրբելի
Ծնած է 23 Ապրիլ 1880(1880-04-23)
Ծննդավայր Նախիջեւան (քաղաք), Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 9 Մայիս 1943(1943-05-09) (63 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն և  Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Սան Փեթերսպուրկի համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունք
Մասնագիտութիւն հնաբան
Աշխատավայր Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու Ակադեմիա
Ամուսին Olga Nikolskaya?
Ծնողներ հայր՝ Աբգար Օրբելի, մայր՝ Վարվառա Արղութեան-Երկայնաբազուկ
Երեխաներ Ռուսուդան Օրբելի?

Ռուբէն Օրբելի (23 Ապրիլ 1880(1880-04-23), Նախիջեւան (քաղաք), Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 9 Մայիս 1943(1943-05-09), Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն), հայ խորհրդային հնագէտ, հիմ­նա­դի­րը ստորջ­րեայ հե­տա­զօ­տու­թեանց եւ հնա­գի­տու­թեան։

Լեւոն եւ Յովսէփ Օրբելիներու աւագ եղբայրը։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Նախիջեւան։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քութայիսի (Վրաստան), ապա՝ Թիֆլիսի 3-րդ գիմնազիոնին մէջ։

1903 թուականին աւարտած է Ս. Փեթերպուրկի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը, իսկ այնուհետեւ աշխատանքի անցած է նոյն համալսարանի քաղաքացիական իրաւունքի ամպիոնին մէջ։

1905-1907ին, ուսանած է Գերմանիոյ Ենայի եւ Պոննի համալսարանները, ուր ստացած է իրաւունքի դոկտորի գիտական աստիճանը։

Վերադառնալով Ռուսաստան, Ս. Փեթերպուրկի կայսերական համալսարանի իրաւաբանական ընկերութեան լիիրաւ անդամ ընտրուած է եւ աշխատանքի անցած՝ Ծերակոյտին մէջ, վճռաբեկ յանձնաժողովի աւագ քարտուղար նշանակուելով[1][2]։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1918-ին, Ռուբէն Օրբելի գործի անցած է Թամպովի պետականհիմնարկի  մանկավարժութեանճիւղի բարոյագիտութեան ամպիոնին մէջ, դասաւանդելով իրաւունք եւ փիլիսոփայութիւն։

1921-ին վերադառնալով Փեթրոկրատ, Ռուսաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի գրադարանը սկսած է աշխատիլ։ Այս տարիներուն աշխատելով արխիւներուն եւ գրադարաններուն մէջ, կատարած է թարգմանութիւններ եւ դարձած՝ գրադարանային եւ արխիւային գործի յայտնի մասնագէտ։ Այդ ժամանակ իր կոչումն ու կեանքի գործը գտած է՝ ստորջրեայ հետազօտութիւններու բնագաւառը։

1934-էն սկսեալ, Օրբելի ղեկավարած է Խորհրդային Միութեան ծովերու եւ գետերու ստորջրեայ աշխատանքներու յատուկնշանակութեան արշաւախումբը։ Ասորեստանեան հարթաքանդակներու, ջրասուզակներու պատկերներով կնիքներու, յունական հեղինակներու երկերու ուսումնասիրութեամբ պարզած է ջրասուզակներու ընկերային պատկանելութիւնը, խնդիրները, աշխատանքի պայմանները, հանդերձանքն ու թեքնիքը։ Այս նիւթին առնչութեամբ ուսումնասիրած է նաեւ Լէոնարտօ տա Վինչիի գրականութիւնը եւ 18-րդ դարու Ստորջրեայ հնագիտութեան գործի հսկայական գրականութեան եւ արխիւային նիւթերու ուսումնասիրութեան հետեւանքով Օրբելիգիտութեան նոր ճիւղ մը հիմնեց՝ ջրահնագիտութիւնը։

Օրբելի ընդամէնը տասնհինգ տարի զբաղած է սուզակային գործի գիտական ուսումնասիրութեամբ՝ սկզբնաղբիւրներու առաջնահերթ օգտագործումով, որուն նպաստած է 12 լեզուներու իմացութիւնը (ռուսերէն, վրացերէն, հայերէն, լատիներէն, յունարէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, սպաներէն, շուէտերէն, արդի եւ հին իտալերէն)։ Անոր ղեկավարած արշաւախումբերը յայտնաբերած են ստորջրեայ յունական քաղաքի մնացորդներ Ղրիմի մէջ։

Ան տուած է ստորջրեայ կառոյցները պաշտպանելու նպատակով ծովեզերքները ամրացնելու գաղափարը եւ առաջարկած՝ հնագոյն առարկաները ջուրէն հանելու եւ պահպանելու եղանակներ։

Օրբելի ռուսերէնով հեղինակած է իրաւաբանական շարք մը աշխատութիւններ, ջրահնագիտական քանի մը հատորներ եւ գերմաներէնէ ու ֆրանսերէնէ թարգմանութիւններ։

Մահացած է Մոսկուայի մէջ, թաղուած՝ հայկական գերեզմանատան մէջ[1][2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «ՌՈՒԲԷՆ ՕՐԲԵԼԻ (մահ՝ Մայիս 9, 1943)»։ Armenian Prelacy։ արտագրուած է՝ 2025-09-10 
  2. 2,0 2,1 «Ռուբէն Օրբելի (1880-1943)»։ Azat Or։ արտագրուած է՝ 2025-09-10