Jump to content

Ռուբէն Խանազատ

Ռուբէն Խանազատ
Ծննդեան անուն հայ.՝ Նշան Կարապետյան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Ռուբեն Խան-Ազատ
Ծնած է 17 Փետրուար 1862(1862-02-17)
Ծննդավայր Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1929
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Ժընեւի համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Ռուբէն Խանազատ (Նշան Կարապետեան, 17 Փետրուար 1862(1862-02-17), Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն - 1929), հայ գրող եւ թարգմանիչ։ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներէն։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւան, տեղական դպրոցը աւարտելէ ետք մտած է երկրորդական վարժարան։ Դեռ երիտասարդ, ոգեւորուած է ռուս յեղափոխականներու գաղափարներով եւ որոշած է նուիրուիլ հայկական ազատագրական պայքարին:

Խանզատ անցած է Ֆրանսա եւ Մոնփէլիէի մէջ հետեւած է գիւղատնտեսութեան: Աւետիս Նազարբէկեանի եւ ուրիշներու հետ Ժընեւի մէջ հիմնած է Հնչակեան կուսակցութիւնը:

1889-ին գացած է Կ. Պոլիս եւ կազմակերպած՝ Գում Գափուի նշանաւոր ցոյցը, 15 Յուլիս 1890-ին

Սիմոն Զաւարեանի յանձնարարութեամբ, իբրեւ ուսուցիչ, Տրապիզոն անցած է եւ անկէ ետք՝ Կովկաս ու Թաւրիզ, դարձեալ իբրեւ ուսուցիչ:

1905-ին բաժնուելով իր ընկերներէն, յարած է Սոցեալ Դեմոկրատներուն:

Ռուբէն Խանազատ աշխատակցած է «Մշակ»ին, «Տարազ»ին եւ ուրիշ ռուսերէն ու ֆրանսերէն թերթերու:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր հրատարակութիւններն են՝

  • Յիշողութիւններ Խրիմեանի մասին,
  • Իդէալիզմ թէ՞ մատէրիալիզմ։

Իբրեւ դասագիրք լոյս ընծայած է՝

  • Հին աշխարհի պատմութիւն,
  • Նախամարդ եւ հայկական առասպելներ,
  • Հայաստանի համառօտ պատմու.թիւնը:

Թարգմանած եւ հրատարակած է՝

  • Կի տը Մոփասանի «Ճարպագունդ»ը,
  • Շրէյնէրի ՀէքեաԹներ,
  • Մանկական պատմուածքներ՝ կենդանիներու կեանքէն:

Անտիպ կը մնան Անաթօլ Ֆրանսի «Կարմիր շուշան», «Թէոտորա», ինչպէս նաեւ «Միջին դար» դասագիրքը:

Իր մանրամասն յոււշերը հրատարակուած են ամսագիր «Հայրենիք»ներուն մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։