Jump to content

Ռոս ծով

Ռոս ծով
Ross Sea

Ռոս ծովուն դիրքը
դասաւորում
Դիրք Անթարքթիքա
Ընդհանուր մակերեսը 950․000 քմ²
Ամենամեծ խորութիւնը 1000 մ

Ռոս ծով (անգլ․՝ Ross Sea)․ Անթարքթիքայի մէջ ընդարձակ ծավային տարածք։ Ծովը, Խաղաղական ովկիանոսին շարունակութիւնն է որ կը թափանցի Անթարքթիքայի գօտիին մէջ։ Իսկ անոր ձեւաւորած խորշին կը գտնուի համանուն «Ռոսի դարակի սառցադաշտ»ը։ Երկուքն ալ, իրենց անունը առած են Բրիտանական Ծովային Ուժի ոպայ եւ հետազօտողէն՝ Ճէյմս ՔԼարք Ռոս։ Ան է որ առաջին յայտնաբերեց սառցադաշտը՝ 28 Յունուար 1841։

Ծովուն տարածութիւնը մօտաւորապէս 950․000 քլ² է, եւ ամենէն խորունկ մասը կը հասնի 1000 մ․։ Իւրայատկութիւնը ան է թէ անոր ափամերձ գօտին հրաբուծներով լեցուն է։ Իսկ մակերեսին ջերմութիւնը ընդհանրապէս -1,8°C է։

Ռոս ծով եւ համանուն կղզիին եզր
Ռոս ծով․ ամառը

Ռոս ծովը բնութագրուած է սննդարար նիւթերով եւ ծփակենսիկով հարուստ շրջան, եւ այդ պատճառով ան կրնայ կերակրել իր տարածքին մէջ գտնուող ձուկի բազմաթիւ խոշոր տեսակներ, ինչպէս նաեւ փոկեր, կէտ ձուկեր եւ ծովու թռչուններ։

Զբօսաշրջիկութեան տեսարժան վայր մը հանդիսացած է քանի կը թափանցի Անթարքթիքայի «գիրկը» եւ սառցաբեիկորները հազուագիւտ են։

[1] [2] [3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]