Jump to content

Ռոսլին (հանդէս)

Ռոսլին
Հիմնադիր Վրէժ Առաքելեան

«Ռոսլին» արուեստի հանդէս, հիմնադրուած է 2020 թուականի աշնան, անդրանիկ համարը լոյս տեսած է 2021 թուականի գարնան։ Գրիգոր Մովսիսեան-Նաիրա Կարապետեան ամուսիններու մէկենասութեամբ, նոյն տարին արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու դատին յանձնուեցան հանդէսի յաջորդ համարները, Գրիգոր Մովսիսեան-Նաիրա Կարապետեան ամուսինները կը հանդիսանան հանդէսի բոլոր համարներու հովանաւորը[1]։

«Ռոսլին» արուեստի հանդէսի գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ռոսլին» արուեստի հանդէսը կը հրապարակուի տարեկան չորս անգամ եւ նուիրաբերման սկզբունքով[2] կը տարածուի հանրապետութեան գեղարուեստական, գիտամշակութային, ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ, Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանային ցանցին մէջ։

Հանդէսի մշտական ընթերցողներն են՝

«Ռոսլին» արուեստի հանդէսը կը լուսաբանէ եւ ժամանակակից արուեստագէտներուն, եւ անցեալի դասականներու ժառանգութիւնը[3]։ Հանդէսը կ՚ընդգրկէ կերպարուեստը, թատրոնը, երաժշտարուեստը, ճարտարապետութիւնը եւ կինոն։ Հանդէսը ունի տարբեր խորագրեր, մասնաորապէս նշենք «Եռաչափ խոստաւանանք» եւ «Գինեձօն» խորագրերը։

Հանդէսի հիմնադիր խմբագիրն է հրապարակագիր Վրէժ Առաքելեանը։ Արուեստի բաժնի խմբագիրն է ՀՀ ԳԱԱ արուեստի ինստիտուտի տնօրէն, արուեստագիտութեան դոկտոր Աննա Ասատրեանը։ Խմբագիրն է հրապարակագիր Մարտին Հուրիխանեանը, պատասխանատու քարտուղարը՝ Սիլվա Մանուչարեանը[4]։

«Ռոսլին» արուեստի հանդէսը միաժամանակ կ՚իրականացնէ բազմաթիւ նախագիծեր։ Մասնաւորապէս 2020-2021 թուականներուն իրականացուած է «70 ճանապարհ դէպի տաճար» պլեներաշարը ողջ հանրապետութիւնով ու Արցախով՝ ի նուիրումն Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Վեհափառ Հայրապետի 70-ամեակին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://hy.armradio.am/archives/549845
  2. http://ardi.am/rosliniarvesti-handesi-arajin-togh/
  3. https://internews.info/%D5%BC%D5%B8%D5%BD%D5%AC%D5%AB%D5%B6%D5%A8-%D5%A5%D5%AC%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%B4-%D5%A7-%D5%B4%D5%A5%D5%AE-%D5%B3%D5%A1%D5%B4%D6%83%D5%B8%D6%80%D5%A4%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6/
  4. https://hy.armradio.am/archives/368937

Արտաքին vղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]