Jump to content

Ռոպերթա Մեձոլա

Ռոպերթա Մեձոլա

Ռոպերթա Մեցոլան (անգլերէն` Roberta Metsola, 18 Յունուար 1979) առաջին անգամ Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ ընտրուեցաւ 2013-ին՝ դառնալով Մալթայի առաջին կին երեսփոխաններէն մէկը։ 2014-ին վերընտրուեցաւ որպէս Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ՝ կին թեկնածուի համար ձայներու մրցանշային թիւով։ Մասնագիտութեամբ իրաւաբան է, որ մասնագիտացած է եւրոպական իրաւունքի եւ քաղաքականութեան մէջ։

Ռոպերթա Մեցոլան 2004-էն մինչեւ 2012 ծառայած է Եւրոպական Միութեան մօտ Մալթայի Մշտական Ներկայացուցչութեան որպէս Իրաւական եւ Դատական Համագործակցութեան կցորդ եւ Արդարադատութեան ու Ներքին Գործոց բաժնի վարիչ։ Այնուհետեւ, միացած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի խումբին՝ որպէս իրաւական խորհրդատու։ Ան ձգեց այս պաշտօնը՝ ստանձնելու Մալթայի ընդդիմութեան ներկայիս ղեկավար Սայմըն Պուսութիլի (Simon Busuttil) թափուր մնացած տեղը Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ։ Ուսանողական տարիներուն եղած է շատ գործոն տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ, իսկ 2002-2003 թուականներուն վարած է Եւրոպացի Դեմոկրատ ուսանողներու կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօնը։

2021-ի Նոյեմբերին, Ռոպերթա Մեցոլան ընտրուեցաւ որպէս Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան թեկնածու՝ յաջորդելու Դաւիթ Սասոլիին (David Sassoli) որպէս Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ, վերջինիս պաշտոնավարութեան աւարտին՝ 2022-ի Յունուարին։ Սասոլին 2021-ի Սեպտեմբերին թոքատապի պատճառով հիւանդանոց փոխադրուած էր, իսկ Դեկտեմբերին յայտարարած էր, որ պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը երկրորդ շրջանի համար, ինչ որ Ռոպերթա Մեցոլան դարձուց իր ամենահաւանական յաջորդը։ Յաւելեալ բուժումներէ ետք, Սասոլին մահացաւ 2022-ի Յունուար 11-ին՝ իր պաշտօնավարութեան աւարտէն մէկ շաբաթ առաջ։ Սասոլիի մահով, Ռոպերթա Մեցոլան դարձաւ Եւրոպական Խորհրդարանի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար։

18 Յունուար 2022-ին, իր 43-ամեակին օրը, Մեցոլան ընտրուեցաւ Եւրոպական Խորհրդարանի Նախագահ՝ երկու տարուայ ժամկէտով։ Ան ընտրուեցաւ քուէարկութեան առաջին փուլին՝ ստանալով 690 քուէարկողներու բացարձակ մեծամասնութիւնը՝ 458 ձայն։ Որպէս Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան թեկնածու, ան նաեւ վայելեց Սոցիալիստներու եւ Դեմոկրատներու Յառաջդիմական Դաշինքի եւ «Վերանորոգել Եւրոպան» (Renew Europe) խմբակցութիւններու աջակցութիւնը, երբ երեք խումբերը համաձայնութեան եկան նախագահի եւ փոխնախագահներու ընտրութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Խորհրդարանի երկրորդ կիսամեակի օրէնսդրական առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Իր ընտրութեամբ Մեցոլան դարձաւ ամենաերիտասարդ նախագահը, առաջին մալթացին, որ ստանձնեց այս պաշտօնը, եւ առաջին կին նախագահը 2002 թուականէն ի վեր (ընդհանուր առմամբ՝ երրորդ կին նախագահը)։

Ռոպերթա Մեցոլան ամուսնացած է Ուքքօ Մեցոլայի (Ukko Metsola) հետ եւ չորս փոքր տղոց մայր է։ Ան աւարտած է Մալթայի Համալսարանը եւ Պրիւժի Եւրոպայի Քոլէճը (College of Europe)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1] [2] [3]

  1. (յունարէն)
  2. (անգլերէն)
  3. (անգլերէն)