Ռիթա Շահինեան

Ռիթա Շահինեան
Ծնած է 28 Յունիս 1987-ին
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Ռատիոբան: Աւարտած է՝ 1) կենսաբանութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայական,2) բժշկութեան MD վկայական, 3) մասնագիտացած ռատիոբանութեան (radiology) մէջ: Իսկ Սեպտեմբեր 2021-ին կ'աւարտէ Հիւլէական բժշկութեան (nuclear medicine)

Ռիթա Շահինեան (ծնած 28 յունիս, 1987), Սեպտեմբեր 2021-ին պիտի դառնայ արաբական աշխարհի հիւլէական բնագաւառի առաջին կին բժիշկը:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռիթա Շահինեան ծնած է 28 Յունիս 1987-ին, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, ուրկէ 2006-ին աւարտած է կենսաբանական բաժինի երկրորդական ուսումը` ապահովելով պաքալորէայի քննութեան հայկական վարժարաններու բարձրագոյն միջինը: Այս առիթով ալ, ան պարգեւատրուած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ:

Ուսում եւ Մասնագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է կենսաբանութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականը 2009-ին: Ապա, անցած է Լիբանանեան ամերիկեան համալսարան, ուրկէ ստացած վկայականը 2013-ին, որմէ ետք նոյն հունին մէջ կը մասնագիտանայ ռատիոբանութեան (radiology) մէջ եւ ուսումը կ՛աւարտէ 2018-ին: 2018-ին դարձեալ կը վերադառնայ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան` մասնագիտանալու համար հիւլէական բժշկութեան (nuclear medicine) մէջ: Ան իր մասնագիտական ուսումը պիտի աւարտէ Սեպտեմբեր 2021-ին:[1]

Նախապատրաստական աշխատանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մասնակցած է զանազան ասպարէզներու նախապատրաստական աշխատանքներու Լիբանանի լաւագոյն հիւանդանոցներուն մէջ եւ վկայուած է «Ամերիքըն Հարթ Էսոսիէյշըն»-ի կողմէ: 2019-ին աշխատած է Պսալիմի «Միտլ Իսթ» հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ ռատիոբան:

Հրատարակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահինեան Մասնակցած է զանազան բժշկական պրպտումի եւ հրատարակչական աշխատանքներու. մինչեւ հիմա ունի 8 հրատարակութիւն` վերջինը հրատարակելով 19 Յունիսին, որ կը վերաբերի PET/CT քննութեան մէջ գործածուող նիւթի մը կապին` գեղձերու նախնական քաղցկեղի արտայայտման մէջ: Այս ուսումնասիրութիւնը տեղի ունեցած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ` այլ բժիշկներու մասնակցութեամբ եւ տոքթ. Մոհամետ Հայտարի հսկողութեամբ:

Սեմինարներ եւ համագումարներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բժշկական մարզի նորութիւններուն եւ յառաջդիմութիւններուն հետ քայլ պահելու համար, Շահինեան մասնակցած է Լիբանանի եւ արտասահմանի մէջ զանազան սեմինարներու եւ համագումարներու, թէ՛ իբրեւ մասնակից, թէ՛ իբրեւ դասախօս:

Անդամակցութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահինեան անդամ է լիբանանեան եւ համաշխարհային բժշկական զանազան կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ինչպէս` Լիբանանի բժիշկներու սենտիքային, Հիւսիսային Ամերիկայի ռատիոբանական միութեան (Radiological Society of North America), Հիւլէական բժշկութեան ամերիկեան քոլեճին (American College for Nuclear Medicine) եւ այլն:

Լիբանանի հայ գաղութին մէջ ծաւալած գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շահինեան 2011-էն 2016 անդամակցած է ԱՖՀԻԼ-ի թմրամոլութեան դէմ պայքարող «Հորիզոն» կեդրոնին իբրեւ դասախօս:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]