Jump to content

Ռէյ Քրոք

Ռէյ Քրոք
անգլերէն՝ Raymond Kroc
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Raymond Albert Kroc
Ծնած է 5 Հոկտեմբեր 1902(1902-10-05)[1][2][3]
Ծննդավայր Օուկ պարկ, Քուք գաւառ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Մահացած է 14 Յունուար 1984(1984-01-14)[1][2][3] (81 տարեկանին)
Մահուան վայր Սան Դիեգո, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Օք Պարկի River Forest ավագ դպրոց?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Grinding It Out: The Making of McDonald's?
Մասնագիտութիւն ռեստորատոր, գործարար, գրագէտ, վաճառող և ձեռնարկատէր
Աշխատավայր Prince Castle?, Lily-Tulip Cup Company?, ՄըքՏօնըլտզ և American Red Cross?
Կուսակցութիւն Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն
Ամուսին Joan Kroc?
Ծնողներ հայր՝ Alois Kroc?

Ռէյ Քրոք (անգլերէն՝ Raymond Albert Kroc, 5 Հոկտեմբեր 1902(1902-10-05)[1][2][3], Օուկ պարկ, Քուք գաւառ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1] - 14 Յունուար 1984(1984-01-14)[1][2][3], Սան Դիեգո, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]), ամերիկացի գործարար։

Ան ապրանքանիշը գնեց Մըքտոնըլտ եղբայրներէն 1951-ին, քանի մը տարի անոնց արտօնագրային գործակալը ըլլալէ ետք եւ ղեկավարեց ընկերութիւնը մինչեւ իր մահը:

Քրոք ծնած է Օք Փարք, Իլինոյ, եւ զանազան գործերով զբաղած է, ներառեալ՝ թուղթէ բաժակներու վաճառականութիւն եւ երաժշտութիւն, նախքան ի վերջոյ կաթնային հարուածի հարիչներու վաճառական դառնալը: 1954-ին ան այցելեց Սան Պերնարտինօ, Քալիֆորնիա գտնուող համպըրկըրի ճաշարան մը, որուն տէրերն էին Ռիչըրտ եւ Մորիս Մըքտոնըլտները: Քրոք տպաւորուեցաւ ճաշարանի գործունէութեան արդիւնաւէտութեամբ ու արագութեամբ եւ համոզեց եղբայրները, որ արտօնեն իրեն տարածել այդ գաղափարը արտօնագիրերու միջոցով:

Քրոքի ղեկավարութեան տակ, Մըքտոնըլտզը արագօրէն աճեցաւ՝ շնորհիւ անոր յարձակողական ընդարձակման քաղաքականութեան, նոր ճաշարաններ բացուեցան Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ ի վերջոյ՝ միջազգային գետնի վրայ: Քրոք դարձաւ «McDonald's Corporation»-ի սեփականատէրը 1961-ին եւ կը նկատուի անոր հիմնադիրը՝ որպէս արտօնագրային գործակալ իր ունեցած ազդեցութեան եւ ընկերութեան ընդարձակման գործին մէջ իր խաղացած գլխաւոր դերին համար, հակառակ անոր որ ինք չէր հիմնած ընկերութիւնը[4]:

Քրոք վարեց Մըքտոնըլտզի նախագահի պաշտօնը 1955-էն 1968, եղաւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ 1968-էն 1977, եւ աւագ նախագահ՝ 1977-էն մինչեւ իր մահը՝ 1984-ին: Իր կեանքի ընթացքին Քրոք գործօն աջակից եղած է բազմաթիւ բարեգործական կազմակերպութիւններու: Ան նաեւ Պէյսպոլի Գլխաւոր Լիկայի (Major League Baseball) «San Diego Padres» խումբի սեփականատէրն էր 1974-էն մինչեւ իր մահը[5]:

1954 թուականին, միանալով եղբայրներ Տիք եւ Մաք Մըքտոնըլտզներուն, «Մըքտոնըլտզ»ը վերածած է աշխարհի ամէնամեծ արագ սնունդի ցանցին։

2000 թուականին ընդգրկուած է «Թայմ» ամսաթերթի 20-րդ դարու 100 ամէնէն ազդեցիկ շինարարներու եւ գործարարներու ցանկին մէջ:

Վաղ կեանք եւ կրթութիւն[6]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռէյմընտ Ալպերթ Քրոք ծնած է 5 Հոկտեմբեր 1902-ին, Շիքակոյի մօտ գտնուող Օք Փարք, Իլինոյ՝ չեխ-ամերիկացի ծնողներէ՝ Ռոզ Մարիի (ծնեալ՝ Հրախ) եւ Ալոյիս «Լուի» Քրոքի ընտանիքին մէջ: Ալոյիս ծնած էր Հորնի Ստուպնօ, որ կը գտնուի Ռոքիցանիի մօտակայքը՝ Պրժասիիմէջ: Ռոզի հայրը՝ Վոյտեխը, Շեւետինէն էր, իսկ մայրական կողմի մեծ հայրը՝ Եոզեֆ Քոթիլինեքը՝ Պորժիցէէն: Ամերիկա գաղթելէ ետք, Ալոյիս 1920-ական թուականներուն հողային չարաշահումներու միջոցով մեծ հարստութիւն դիզեց, սակայն 1929-ի սակարանի տագնապին պատճառով կորսնցուց ամբողջը[7]:

15 տարեկան հասակին, Քրոք որոշեց ձգել երկրորդական վարժարանը՝ հակառակ իր ծնողներուն փափաքին: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին Միացեալ Նահանգներու մուտքէն ետք, ան սուտ խօսեցաւ իր տարիքին մասին, որպէսզի զինուորագրուի Ամերիկեան Կարմիր Խաչին որպէս շտապօգնութեան վարորդ: Սակայն, անոր ծառայութիւնը կարճ տեւեց, որովհետեւ պատերազմը աւարտեցաւ իր զինուորագրուելէն քիչ անց[8][9]: 1920-ականներուն եւ Մեծ Տնտեսական Տագնապի ամբողջ ընթացքին, Քրոք զանազան գործերով զբաղեցաւ, ներառեալ՝ թուղթէ բաժակներու վաճառականութիւն, կալուածներու միջնորդութիւն եւ դաշնակահարութիւն՝ տարբեր նուագախումբերու մէջ[10][11]:

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, Քրոք գործի անցաւ որպէս կաթնային հարուածի (milkshake) հարիչներու վաճառական՝ սննդի սպասարկման սարքեր արտադրող «Prince Castle» ընկերութեան մէջ[13]: Երբ «Prince Castle»-ի հարիչներու վաճառքը կտրուկ նուազեցաւ աւելի էժան «Hamilton Beach» արտադրանքներու մրցակցութեան պատճառով, Քրոքի հետաքրքրութիւնը շարժեցան Ռիչըրտ եւ Մորիս Մաքտոնալտները, որոնք իրմէ ութ հարիչ գնած էին Սան Պերնարտինօ, Քալիֆորնիա գտնուող իրենց ճաշարանին համար: Քրոք այցելեց եղբայրներուն 1954-ին՝ տեսնելու համար, թէ ինչո՞ւ անոնք այդքան շատ կաթնային հարուածներ կը պատրաստէին[14][15]:

Մաքտոնալտ եղբայրներուն հետ արտօնագրային համաձայնագիրը վերջնականացնելէ ետք, Քրոք նամակ մը յղեց Ուոլթ Տիզնիին: Անոնք ծանօթացած էին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին Օլտ Կրինուիչ, Քոնեքթիքութ, երբ երկուքն ալ շտապօգնութեան օգնականի պատրաստութեան կը հետեւէին: Քրոք գրեց. «Վերջերս ստանձնած եմ Մըքտոնըլտզի համակարգի ազգային արտօնագիրը: Կ'ուզեմ հարցնել, թէ արդեօ՞ք հնարաւորութիւն կայ Մըքտոնըլտզ մը բանալու ձեր Տիզնիի նախագիծին մէջ»: Ըստ պատմութեան մը՝ Տիզնին համաձայնած է, բայց պայման դրած է, որ տապկուած գետնախնձորի գինը տասը սենթէն բարձրանայ տասնըհինգ սենթի, որպէսզի յաւելեալ շահոյթը ինք ստանայ: Քրոք հրաժարեցաւ իր հաւատարիմ յաճախորդները կեղեքելէ, որուն պատճառով ալ Տիզնիլենտը բացուեցաւ առանց Մըքտոնըլտզ ճաշարանի: Գրող Էրիք Շլոսըր, իր «Fast Food Nation» գիրքին մէջ, կը կարծէ, որ այս պատմութիւնը Մըքտոնըլտզի շուկայագիտութեան պատասխանատուներուն կողմէ հնարուած ձեւափոխութիւն մըն է: Հաւանական է, որ առաջարկը պարզապէս մերժուած ու վերադարձուած է[16]:

Քրոքին կը վերագրուին սննդի սպասարկման արտօնագրային մոտելին մէջ կատարուած շարք մը նորարարական փոփոխութիւններ: Անոնցմէ գլխաւորը միայն մէկ խանութի արտօնագիրերու վաճառքն էր՝ փոխանակ մեծ ու տարածքային արտօնագիրեր վաճառելու, ինչ որ ընդունուած սովորութիւն էր այդ ժամանակուան արդիւնաբերութեան մէջ: Քրոք կը գիտակցէր, որ մեծ շուկաներու համար բացառիկ արտօնութիւններու վաճառքը դրամ վաստակելու ամենաարագ ձեւն էր արտօնատիրոջ համար, բայց ան նաեւ կը տեսնէր, որ այդ քայլով արտօնատէրը կը կորսնցնէր ցանցի զարգացման ընթացքն ու ուղղութիւնը վերահսկելու կարողութիւնը: Ամէն բանէ վեր, եւ հաւատարիմ մնալով Մաքտոնալտ եղբայրներուն հետ կնքած պայմանագրային պարտաւորութիւններուն, Քրոք կը ձգտէր սպասարկման եւ որակի միօրինակութեան Մըքտոնըլտզի բոլոր վայրերուն մէջ: Առանց արտօնագիր ստացողներուն վրայ ազդելու կարողութեան, Քրոք գիտէր, որ դժուար պիտի ըլլար այդ նպատակին հասնիլը: Արտօնագիր ստացողին միայն մէկ վայրի իրաւունք տալով՝ Քրոք կը պահպանէր որոշակի վերահսկողութիւն անոնց վրայ, կամ առնուազն անոնց վրայ, որոնք օր մը կը փափաքէին ուրիշ խանութի մըն ալ իրաւունքը ստանալ[17]:

Քրոք սկսաւ նեղուիլ Մաքտոնալտ եղբայրներուն՝ ճաշարաններու թիւը փոքր պահելու փափաքէն: Եղբայրները նաեւ շարունակ կը մերժէին Քրոքի փոփոխութիւնները, օրինակ՝ սկզբնական յատակագիծին վերաբերեալ, եւ հակառակ Քրոքի պաղատանքներուն, անոնք երբեք պաշտօնական նամակ չուղարկեցին, որ իրաւականօրէն թոյլ կու տար այդ փոփոխութիւնները կատարել ցանցին մէջ: 1961-ին, ան գնեց ընկերութիւնը 2.7 միլիոն տոլարով՝ այն գումարով, որ եղբայրները պահանջած էին իրմէ, երբ ինք յստակ թիւ մը ուզած էր: Քրոք կատաղեցաւ այս գումարը լսելով եւ հարցուց, թէ արդեօ՞ք կրնայ մաս-մաս վճարել, բայց եղբայրները մերժեցին: Գնման համար անհրաժեշտ դրամագլուխը հայթայթելը դժուար էր՝ ընդարձակման պատճառով կուտակուած պարտքերուն հետեւանքով: Սակայն Հէրի Սոնըպորնը, որուն Քրոք կը կոչէր իր «ելեւմտական կախարդը», կրցաւ գտնել անհրաժեշտ միջոցները[18]:

Գործարքի աւարտին, Քրոք ջղայնացաւ, որովհետեւ եղբայրները իրեն չփոխանցեցին Սան Պերնարտինոյի սկզբնական վայրի կալուածն ու իրաւունքները: Եղբայրները Քրոքին ըսած էին, թէ այդ գործը, հողատարածքն ու ամէն ինչ կը նուիրէին հիմնադիր գործաւորներուն: Իր բարկութեան պատճառով, Քրոք աւելի ուշ նոր Մըքտոնըլտզ ճաշարան մը բացաւ սկզբնական Մըքտոնըլտզի մօտ, որուն անունը փոխուած եւ դրուած էր «The Big M», որովհետեւ եղբայրները մոռցած էին պահել անուան իրաւունքները: Քրոք կը զգար, որ ոչ ոք պիտի ուզէր ուտել «Kroc's» կոչուող ճաշարաններու ցանցի մը մէջ, ուստի պնդեց, որ անպատճառ ձեռք բերէ «McDonald's» անուան իրաւունքները:

Քրոքի կողմէ մօտակայքը նոր Մըքտոնըլտզը բացուելէ ետք, «The Big M»-ը ի վերջոյ փակուեցաւ[19]: Կ'ըսուի, թէ գնման գործարքի իբրեւ մաս, Քրոք ձեռքսեղմումով խոստացած էր շարունակել սկզբնական համաձայնութեան տարեկան 1% հասոյթի վճարումը, բայց ատոր մասին ոչ մէկ փաստ կայ՝ բացի Մաքտոնալտ եղբայրներու զարմիկին պնդումէն: Եղբայրներէն ոչ մէկը հրապարակաւ յուսախաբութիւն յայտնած է այս գործարքին գծով: Գնման մասին խօսելով՝ Ռիչըրտ Մաքտոնալտ ըսած է, որ ինք չի զղջար[20]:

Քրոք պահպանեց համպըրկըրի պատրաստման հաւաքման գիծի «Speedee Service System» համակարգը, որ ներկայացուած էր Մաքտոնալտ եղբայրներուն կողմէ 1948-ին: Ան միօրինակ դարձուց գործողութիւնները՝ ապահովելով, որ ամէն համպըրկըր նոյն համը ունենայ բոլոր ճաշարաններուն մէջ: Ան խիստ կանոններ սահմանեց արտօնագիր ստացողներուն համար՝ ուտելիքի պատրաստման ձեւի, չափաբաժիններու, եփելու եղանակներու ու ժամանակի, ինչպէս նաեւ փաթեթաւորման վերաբերեալ: Քրոք նաեւ մերժեց ծախսերու կրճատման այնպիսի քայլեր, ինչպէս՝ համպըրկըրի միսին մէջ սոյայի լեցօն օգտագործելը: Այս խիստ կանոնները կը վերաբերէին նաեւ յաճախորդներու սպասարկման չափանիշներուն. օրինակ՝ դրամը պէտք էր վերադարձուէր այն յաճախորդներուն, որոնց պատուէրները սխալ էին, կամ անոնց, որոնք ստիպուած եղած էին հինգ վայրկեանէ աւելի սպասել իրենց ուտելիքին:

1984-ին՝ Քրոքի մահուան ատեն, Մըքտոնըլտզը ունէր 7500 կէտեր Միացեալ Նահանգներու եւ 31 ուրիշ երկիրներու ու տարածքներու մէջ[21]: Ճաշարաններու համակարգի ընդհանուր վաճառքը 1983-ին կը կազմէր աւելի քան 8 միլիառ տոլար, իսկ անոր անձնական հարստութիւնը կը հասնէր շուրջ 600 միլիոն տոլարի[22]:

Բարեգործութիւն եւ մրցանակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Քրոք հիմնադրամ»-ը աջակցած է զանազան առողջապահական խնդիրներու, ինչպէս՝ ալքոհոլամոլութեան, շաքարախտի, յոդատապի (arthritis) եւ բազմախթան կարծրախտի հետազօտման, բուժման եւ կրթութեան գործին: Անիկա ամենէն աւելի ճանչցուած է «Ռոնալտ Մաքտոնալտ Հաուս»-ի հիմնադրմամբ, որ ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն մըն է եւ անվճար կեցութիւն կ'ապահովէ այն ծնողներուն, որոնց զաւակները բուժում կը ստանան մօտակայ հիւանդանոցներուն մէջ[24][25]:

1973-ին, Քրոք արժանացած է Ամերիկեան Նուաճումներու Ակադեմիայի «Ոսկէ Պնակ» մրցանակին[26]:

Քաղաքականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որպէս ցկեանս Հանրապետական՝ Քրոք հաստատօրէն կը հաւատար սեփական ուժերուն վրայ յենելու սկզբունքին եւ խստօրէն դէմ էր պետական նպաստներուն ու «Նոր Կուրս»-ի (New Deal) քաղաքականութեան: Քրոք 255,000 տոլար նուիրեց Ռիչըրտ Նիքսոնի 1972-ի նախագահական քարոզարշաւին, ինչ որ բուռն քննադատութիւններու տեղի տուաւ. ոմանք, յատկապէս ծերակուտական Հարիսըն Ուիլիամզը, զինք մեղադրեցին այնպիսի նուիրատուութիւն կատարելու մէջ, որպէսզի ազդէ Նիքսոնի վրայ, որ վերջինս վեթոյի ենթարկէ Քոնկրեսի մէջ քննարկուող նուազագոյն աշխատավարձի մասին օրինագիծը[27]:

Քրոք ծանօթացաւ Էթել Ֆլեմինկի հետ 1919-ին, ամուսնացան 1922-ին, ապա տեղափոխուեցան Շիքակօ եւ ամուսնալուծուեցան 1961-ին: Անոնք ունեցան Քրոքի միակ զաւակը՝ Մերիլին անունով դուստրը[28]: Ան 1963-ին ամուսնացաւ Ճէյն Տոպինս Կրինի հետ եւ ամուսնալուծուեցաւ 1968-ին[29]:

1969-ին ան ամուսնացաւ իր երրորդ կնոջ՝ Ճոան Սմիթի (ծնեալ՝ Մանսֆիլտ) հետ: Ճոան Քրոք բարերար էր, որ Ռէյ Քրոքի մահէն ետք զգալիօրէն աւելցուց իր բարեգործական նուիրատուութիւնները: Ան նիւթապէս կ'աջակցէր զանազան բնագաւառներու, որոնք զինք կը հետաքրքրէին, ինչպէս՝ խաղաղութեան խթանումը եւ միջուկային զէնքի տարածման կանխարգիլումը: 2003-ին իր մահէն ետք, իր մնացեալ 2.7 միլիառ տոլարի կալուածքը բաժնուեցաւ շարք մը ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւններու միջեւ, ներառեալ՝ 1.5 միլիառ տոլարի նուիրատուութիւն «Փրկութեան Բանակ»-ին՝ 26 «Քրոք Կեդրոններ» կառուցելու համար, ինչպէս նաեւ 200 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն Ազգային Հանրային Ռատիոյին, քանի որ ան խորապէս կը հաւատար հանրային ռատիոյի ուժին: Ասկէ բացի, ան նաեւ նուիրատուութիւններ կատարեց երկրի տարածքին գտնուող այն համայնքային կեդրոններուն, որոնք կը սպասարկէին ընկերային գետնի վրայ զրկուած թաղամասերուն[30]:

1980-ին, կաթուածէ ետք, Քրոք ընդունուեցաւ ալքոհոլամոլներու վերականգնողական կեդրոն: Չորս տարի ետք, 14 Յունուար 1984-ին, ան մահացաւ սրտի կանգէ Սան Տիեկոյի հիւանդանոցի մը մէջ՝ 81 տարեկան հասակին: Ան թաղուեցաւ «Էլ Քամինօ Մեմորիըլ Փարք» գերեզմանատան մէջ, որ կը գտնուի Սորենթօ Վելի, Սան Տիեկօ[31]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 Deutsche Nationalbibliothek Record #136034950 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 1 2 3 4 SNAC — 2010.
  3. 1 2 3 4 Find A Grave — 1996.
  4. "The Mc Donald's Man: What Ray Kroc Hath Wrought Around the World". People. May 19, 1975. Archived from the original on March 30, 2016. Retrieved November 9, 2013.
  5. (անգլերեն) Ray Kroc, 2026-06-18, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Ray_Kroc&oldid=1360057779, վերցված է 2026-06-29
  6. (անգլերեն) Ray Kroc, 2026-06-18, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Ray_Kroc&oldid=1360057779, վերցված է 2026-06-29
  7. Napoli, Lisa (2016). Ray and Joan: The Man Who Made the Mcdonald's Fortune and the Woman Who Gave It All Away. New York City: Dutton Publishing. p. 28. ISBN 978-1101984956.
  8. Kroc, Ray; Anderson, Robert (1987). Grinding it out: the making of McDonald's (St. Martin's paperback ed.). [New York]: St. Martin's Paperbacks. p. 19. ISBN 978-0-312-92987-9.
  9. "Raymond "Ray" Kroc". Rosenberg International Franchise Center. University of New Hampshire. Retrieved December 1, 2024.
  10. "Raymond "Ray" Kroc". Rosenberg International Franchise Center. University of New Hampshire. Retrieved December 1, 2024.
  11. Encyclopaedia Britannica, Inc. (October 1, 2008). Britannica Guide to 100 Most Influential Americans. Encyclopaedia Britannica, Inc. p. 342. ISBN 978-1-59339-857-6.
  12. (անգլերեն) Ray Kroc, 2026-06-18, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Ray_Kroc&oldid=1360057779, վերցված է 2026-06-29
  13. Neil Snyder (June 15, 2010). Vision, Values, and Courage: Leadership for Quality Management. New York City: Simon and Schuster. p. 133. ISBN 978-1-4516-0252-4.
  14. "Our History: Ray Kroc & The McDonald's Brothers". McDonald's. Retrieved September 12, 2021.
  15. "Ray Kroc". American Dream Story. November 18, 2024. Retrieved November 19, 2024.
  16. Schlosser, Eric (2002). Fast Food Nation: The Dark Side of the All-American Meal. New York City: Harper Collins Publishers. ISBN 978-0-395-97789-7.
  17. Love, John (1995). McDonald's: Behind The Arches. New York: Bantam Books. pp. 57–60. ISBN 978-0-553-34759-3.
  18. "Ray Kroc". Entrepreneur. October 9, 2008. Retrieved May 29, 2019.
  19. Kroc (1977). Grinding It Out. H. Regnery. p. 123. ISBN 978-0-8092-8259-3.
  20. Gilpin, Kenneth N. (July 16, 1998). "Richard McDonald, 89, Fast-Food Revolutionary". The New York Times. ISSN 0362-4331. Retrieved October 21, 2017.
  21. "Ray Kroc | American businessman". Encyclopedia Britannica. Retrieved May 29, 2019.
  22. Pace, Eric (January 15, 1984). "Ray A. Kroc dies at 81. Built McDonald's Chain". The New York Times. Archived from the original on November 8, 2017. Retrieved January 13, 2020.
  23. (անգլերեն) Ray Kroc, 2026-06-18, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Ray_Kroc&oldid=1360057779, վերցված է 2026-06-29
  24. Pace, Eric (January 15, 1984). "Ray A. Kroc dies at 81. Built McDonald's Chain". The New York Times. Archived from the original on November 8, 2017. Retrieved January 13, 2020.
  25. Pompilio, Natalie (October 12, 2013). "Joan Kroc, Unconventional Philanthropist". Legacy.com. Retrieved January 11, 2018.
  26. "Golden Plate Awardees of the American Academy of Achievement". www.achievement.org. American Academy of Achievement.
  27. Novak, Ralph (May 19, 1975). "The McDonald's Man: What Ray Kroc Hath Wrought Around the World". People. Retrieved July 18, 2017.
  28. Mattern, Joanne (2015). Ray Kroc: McDonald's Restaurants Builder. Minneapolis, Minnesota: Abdo Publishing. p. 7. ISBN 978-1-62968-890-9.
  29. Pompilio, Natalie (October 12, 2013). "Joan Kroc, Unconventional Philanthropist". Legacy.com. Retrieved January 11, 2018.
  30. Sullivan, Paul (January 20, 2017). "Kroc's Giving, Like McDonald's Meals, Was Fast and Super-Sized". The New York Times. Retrieved January 11, 2018.
  31. Napoli, Lisa (2016). Ray and Joan: The Man Who Made the Mcdonald's Fortune and the Woman Who Gave It All Away. New York City: Dutton Publishing. p. 28. ISBN 978-1101984956.