Jump to content

Ռենօ (գետ)

Ռենօ (իտալ.՝ Reno), գետ հարաւային Իտալիոյ մէջ։

Գետին ակունքը կը գտնուի Թոսքանայի լեռներուն մէջ, բայց Ռենօ գետին մեծ մասը կը հոսի Փաթանի հարթավայրով, Էմիլիա Ռոմանիա մարզին մէջ, որմէ ետք կը թափի Աթրիաթիք ծով։

Գետին երկայնքը 212 քմ է. անիկա երկարութեամբ տասներորդն է երկիրին մէջ։

1864-ին, վերին ընթացքը կը բնութագրուի քանի մը արհեստական ջրամբարներով, որոնց ամբարտակները կ'օգտագործուին ջրելեկտրականութեան արտադրութեան համար։

Գետին աւազանը 5040 քմ² է։

Գետը կը վարարի գարնան ու աշնան։

Մինչեւ 1797 թուական անիկա եղած է «Փօ» գետին վտակը, բայց ջրհեղեղի պատճառով գետին հունը փոխուած է։

Գետին ստորին մասը նաւարկելի է[1]։

Գետահովիտին մեծ քաղաքը Պոլոնիան է։

Ռենօ գետին գլխաւոր վտակը Սանթերնօն է։

Անուան ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գետին անունը կը նշանակէ «ջուրի հոսք»։

Գետին մասին յիշատակում կայ «Աստուածային կատակերգութիւն» բանաստեղծութեան մէջ, ուր հեղինակը Պոլոնեզը կը նկարագրէ իբրեւ «Սավնայի եւ Ռենոյի միջեւ ապրողի»:

Ք.Ա. 43-ին Ռենոյի կղզիներէն մէկուն մէջ կնքուած է Երկրորդ Եռապետութիւնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]