Ռաֆֆի Չիլինկիրեան

Ռաֆֆի Չիլինկիրեան
Ծնած է 26 Մայիս
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Country data Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Աւետարանական
Կարողութիւն Տուտուկահար
Մասնագիտութիւն Համակարգչային Գիտութեան Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս
Աշխատավայր Համակարգչային ծրագրի գիտաճարտարագէտ

Ռաֆֆի Չիլինկիրեան, ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Համակարգչային ծրագրի գիտաճարտարագէտ: Հայ Աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի անդամ: «Armenian Soul Band» թարգմանաբար՝ «Հայկական Ոգի» խումբի տուտուկահար:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տուտուկահար Ռաֆֆի Չիլինկիրեան ծնած է Պէյրութ: Արմատներով՝ հօրենական կողմէ Ատանացի, իսկ մօրենական կողմէ՝ Պերէճիկ:

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան հայկական երկրորդական վարժարան աւարտելէ ետք, 1999-ին, յաճախած է Սփիւռքի հայկական առաջին եւ միակ համալսարանը՝ Հայկազեան Համալսարանը, ուր մասնագիտացած է եւ Պսակաւոր Արուեստից վկայականը ստացած համակարգչային գիտութեան մէջ, 2003-ին։ Այժմ կ՚աշխատի Մագիստրոսի աւարտաճառին վրայ, խաղաղութեան (peace-building) մարզին մէջ։

Աշխատանքներ մասնագիտական մարզի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարտ 2006-էն սկսեալ աշխատած է զանազան հաստատութիւններու մէջ՝ համակարգչային ծրագիներ մշակելով, ինչպէս՝ Chanitz.org կայքէջի աշխատանքը՝[1], որմէ ետք «Digital Marketing եւ Communications» Թուային արեւտուրի եւ Հաղորդակցման Ուղիները մարզերուն՝ ստանցնելով պատասխանատու դիրքեր ոչ-հասութաբեր հաստատութիւններու մէջ։ Այսինքն՝ NGO հաստատութիւններ, որոնք ոչ անպայման բարեգործական են:

Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական «Ջանից» միութեան անդամակցութիւն եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանուկ հասակէն գործունեայ անդամ եւ վարչական գործերով կը ծառայէ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երիտասարդական բաժիններուն մէջ: Փորձառութիւն ու հմտութիւն քաղած է Քրիստոնէական Ջանից միութեան տարած աշխատանքէն։ Ինչպէս նաեւ՝ վարչական ծառայութիւն ունի ոչ-հայ երիտասարդական կազմակերպութեան մէջ։ Ներկայիս, Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ, որպէս հոգաբարձու կը ծառայէ։

Հայ Աւետարանական «Արմիս» երգչախումբի անդամ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2000-էն սկսեալ, Հայ Աւետարանական «Արմիս» Երգչախումբին մաս կազմելով, իբրեւ երգիչ (թենոր) համերգներով ելոյթ ունեցած է թէ՛ Լիբանան եւ թէ Սուրիա։

Տուտուկի, ծիրանափողի նուագակցութեամբ ելոյթներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2016-ին, Տուտուկի նուագակցութեամբ առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիի ճաշկերոյթին: Լիբանանի մէջ զանազան կազմակերպութիւններէ հրաւիրուելով նուագած է զանազան բեմերէ. ինչպէս՝

  • Զաւարեան Ուսանողութեան ձեռնարկին, որ նուիրուած է բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերուն:
  • USJ համալսարան Փիէր Ապու Խաթէր հանդիսասրահին մէջ: Կենդանի կատարումով ընկերակցացած Օրդ. Ժիւլի Մրատ իր գրքի շնորհահանդէսին հայ բանաստեղծներու իր արաբերէնի թարգմանութիւնները ասմունքին:
  • Թրիփոլիի մէջ, ուր NGO մը արաբական շրջանակին մէջ զանազան խումբեր հանդէս կու գան գաղութը այլ մշակոյթներու ծանօթացնելու նպատակով:
  • Հայ Կաթողիկէ միութեան Վարդանանցի տօնակատարութեան ձեռնարկին,
  • Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկին:
  • 20 Փետրուար 2020-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնը, հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ:[2]
  • 8 Մարտ 2020-ին, Կոմիտասեան երեկոյ, նուիրուած` Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին:[3]
  • Կաթողիկոսարանէն ներս ու տակաւին այլ ձեռնարկներ։

Հայկական Արուեստի Փառատօն Զուիցերիոյ Արաու Քաղաքին Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

13-15 դեկտեմբեր 2019-ին Զուիցերիոյ Արաու քաղաքին մէջ կազմակերպուած էր «Արմինիըն արթ էքսփիրիընս 1» փառատօնը, որուն մասնակցացած են տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ արուեստագէտներ եւ մասնակիցներ, նապտակ ունենալով ցանց մը ստեղծել եւ հետագային զանոնք քով քովի բերել էր:

Ռաֆֆի Չիլինկիրեան տուտուկի նուագով կատարած է փառատօնին բացումը` ներկայացնելով «Ծաղկած բալենի»-ն:[4]

Armenian Soul Band խումբը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

3 Մայիս 2020-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ յայտագիրով, Armenian Soul Band խումբի անունով Տուտուկահար Ռաֆֆի Չիլինկիրեան ելոյթ ունեցաւ հայ արուեստագէտներ՝ Յակոբ Փամպուքեանի (կիթառ) եւ Կարօ Սվաքճեանի (սրինգ) հետ: Յայտագիրը ուղիղ սփռուած է՝ Լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» MTV պատկերասփիւռի կայանէն, որ լայն տարածում ունեցաւ ընկերային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ մամուլի մէջ.[5]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]