Jump to content

Ռանչպար (թերթ)

«Ռանչպար» օրաթերթ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Հանդիսացած է ՀԿ(բ) կ Նոր Պայազետի գաւկոմի եւ գաւգործկոմի օրգանը։

Լոյս տեսած է 1921-1923 թուականներուն, Նոր Պայազետի մէջ։ Խմբագիր՝ Վ․ Ծովեան (Խերանեան)։

Զգալի դեր կատարած է գաւառի չքաւոր գիւղացիութեան խորհրդային գաղափարախօսութեամբ քաղաքական դաստիարակութեան գործին մէջ, ագիտացիոն-կազմակերպչական աշխատանքներ ծաւալած է պարենհարկի գանձման եւ խորհուրդներու ընտրութեան ընթացքին։ Անդրադարձած է նաեւ դպրոցական շինարարութեան, գիւղատնտեսութեան վերականգնման, առողջապահութեան խնդիրներուն։ 1922 թուականին ունեցած է «Աշխատաւոր կնոջ թերթիկ» յաւելուածը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։