Jump to content

Ռանչպար Իրանի (թերթ)

«Ռանչպար Իրանի», իրանահայկական աշխատաւորական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1921-1924 թուականներուն, Թեհրանի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Վ․ Մեսրոպեան։

Տեղեկութիւններ հաղորդած է իրանահայ գաղութի առօրեայիէն, գործած է յանուն հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ամրապնդման, աշխատաւորութեան փորձած է «հաւատ ներշնչել ապագայի հանդէպ»։

Խորհրդային քարոզչութեան դիրքերէն քննադատած է դաշնակցութեան գործունէութիւնը, 1921 թուականի փետրուարեան ապստամբութիւնը որակած է որպէս «խռովութիւն»։ Անդրադարձած է նաեւ կրթութեան ու մշակոյթի հարցերուն։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։