Jump to content

Ռահվիրայ (թերթ)

Ռահվիրայ, մանկավարժական ամսաթերթ։ Պուլկարահայ դպրոցներու «Ուսուցիչներու միութեան» հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1906- 1908 թուականներուն, Շումէնի մէջ, ապա՝ Փլովտիւի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Ա. Իշխանեան, Ա. Պետելեան։ Տպագրած է մանկավարժական յօդուածներ, ներկայացուցած է պուլկարահայ դպրոցներու ու ուսուցիչներու դժուարութիւնները, հոգաբարձութիւններու, կապակցական գործիչներու անտարբերութիւնը կրթական գործի նկատմամբ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։