Jump to content

Ռազմիկ (թերթ, Պէյրութ)

Ռազմիկ
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Երկիր Լիբանան Լիբանան

Ռազմիկ, հասարակական֊քաղաքական, երիտասարդական պարբերաթերթ։ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան (ԼԵՄ) պաշտօնաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1983 թուականի Մայիսէն, սկիզբը՝ իբրեւ ամսաթերթ, 1985 թուականէն անկանոն պարբերականութեամբ։ Կը հրատարակէ երիտասարդութեան հետաքրքրող քաղաքական, հասարակական, հայ ժողովուրդի, մասնաւորապէս ՀՅԴ պատմութեան վերաբերող յօդուածներ։ 1980-ական թուականներու կիսուն լայն տեղ յատկացուցած է ՀՅԴ-ին մօտ կանգնած զինեալ խմբակներու՝ Հայոց ցեղասպանութեան արդարութեան մարտիկներու եւ Հայ յեղափոխական բանակի հակաթուրքական գործունէութեան լուսաբանման։

Այս յօդուածի կամ անոր որոշակի հատուածի սկզբնական կամ ներկայիս տարբերակը առնուած է Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ (1988—1994) հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։