Ռազմաձի (վէպ)
| Հեղինակ | Մայքլ Մորբուրկօ |
|---|---|
| Թարգմանիչ | Արազ Գոճայեան |
| Լեզու | անգլերէն (բնագիր) |
| Ոճ | Ռազմական վէպ |
| Հրատարակող | Kaye & Ward, Զարդիս (հայերէն) |
Հրատարակչական թուական | 1982 |
Հրատարակուած Հայերէնով | 2020 |
Ռազմաձի․ բրիտանական ռազմական վէպ։ Հեղինակն է Մայքլ Մորբուրկօ։ Վէպը առաջին անգամ կը հրատարակուի Մեծ Բրիտանիա «Kaye & Ward» հրատարակչութեան կողմէն 1982-ին։ Հայերէնի թարգմանուած է Արազ Գոճայեանին կողմէն, Զարդիս մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։
Վէպը հիմք հանդիսացած է մրցանակակիր թատերախաղի մը (2007), ինչպէս նաեւ Սթիվըն Սբիլպըրկին կողմէն ստեղծուած եւ միջազգային ճանաչում ստացած շարժանկարին (War Horse, 2011)։ Վէպը յաճախ համարուած է Մորբուրկոյի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն մէկը եւ այդ յաջողութիւնը զայն մղած է շարունակութեան մը «Ագարակի տղայ» (Farm Boy) տիտղոսով, որ լոյս տեսաւ Հոկտեմբեր 1997-ին։
Նիւթը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հերոսը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վէպին հերոսը Ճոյի անունով ձի մըն է։ Անոր պատմութիւնն է Առաջին համաշխարհային պատերազմին ընթացքին ունեցած փորձառութիւնները եւ անոր նախկին տիրոջ՝ 15 տարեկան Ալպերթին ջանքերը զայն ապահով տուն վերադարձնել։
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հողագործ Թետ Նարաքոթ, 3 կինես վճարելով քուռակ մը կը գնէ։ Սակայն, կնոջ խոստացած էր աճուրդի մը ընթացքին հորթ մը գնել։ Անոր զաւակը՝ Ալպերթ, ձին Ճոյի կ՛անուանէ եւ անոր հոգ կը տանի, կը կապուի հետը եւ զայն կը պաշտպանէ ամէն անգամ երբ հայրը՝ Թետ գինով տուն կը վերադառնար։ Միաժամանակ, Ճոյիին եւ ընտանիքին ծերացած Զոյի ձիուն միջեւ յատուկ սերտ կապ մը կը զարգանայ։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին սեմին, Թետ, իր զաւակէն՝ Ալպերթէն գաղտնի ձին բրիտանական բանակին կը ծախէ, որպէսզի ան Ֆրանսայի ռազմաճակատներուն։ Սակայն անոր նախկին տէրը՝ 15-ամեայ Ալպերդ, ամէն ջանք կը թափէ զայն ապահով տուն բերելու։ Ան կը փորձէ զինուրագրուիլ բրիտանական բանակին, սակայն տարիքը չի ներեր։ Չի վհատիր եւ մաս կը կազմէ Ճէյմս Նիքոլս սպայի հեծելազօրքին։ Ճիգ չի խնայեր ձիուն հետքերը գտնել։
Յուզիչ է պահը, երբ այլեւս պատերազմը գրեթէ վերջացած է եւ Ալպերթ եւ Ճոյի զիրար կը գտնեն անսպասելի ձեւով։
Ստեղծարար գրագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը կը գործածուի հայկական դպրոցներուն մէջ, իբրեւ դասագիրք։ Անկէ լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Վերջին հսկաները, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ the guardian. Մայքլ Մորբուկօ(անգլերէն)
- ↑ Ռազմաձի․ վէպը ամբողջութեամբ, 15-3-2012(անգլերէն)
- ↑ The Daily Telegraph. Մայքլ Մորբուկօ․Ռազմաձի՝ «երբ ձիերն էին հերոսները» Լոնտոն, 13-10-2011 (անգլերէն)
- ↑ Ռազմաձիի մը պատմութիւնը, Լաչնօ Ճէյմս, 18-10-2011(անգլերէն)
- ↑ Սբիլպըրկ պիտի բեմադրէ Ռազմաձի ֆիլմը, 25-1-2013(անգլերէն)
- ↑ Ագարակի տղայ, Մայքլ Մորբուկօ(անգլերէն)
- ↑ զնտուկ․ Զարդիս մատենաշար - Ռազմաձի