Պօ-Արաքս
Արտաքին տեսք
Պօ-Արաքս մշակութային ընկերակցութիւն (Իտալիա)․ հիմնուած է 1987-ին, Վենետիկ, Լեւոն Արք․ Զէքիեանի եւ Գաբրիելլա Ուլուհոճեանի նախաձեռնութեամբ։
Ընկերակցութեան նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկերակցութեան նպատակն է հայոց լեզուի պահպանումն ու զարգացումը յատկապես Սփիւռքի տարածքին։
Ընկերակցութեան գործունէութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1986-էն սկսեալ, ամէն տարի Օգոստոսին, Պօ-Արաքս ընկերակցութիւնը կը հովանաւորէ Վենետիկի պետական համալսարանի հայագիտական ամպիոնին աջակցութեամբ կազմակերպուող հայոց լեզուի եւ մշակոյթի խտացած դասընթացքներ, որոնց կը մասնակցին անձեր մօտաւորապէս 24 երկիրներէ։ Ընկերակցութիւնը նախաձեռնած է բազմաթիւ գիտաժողովներ եւ մշակութային ձեռնարկներ, որոնք մեծ արձագանք գտած են իտալական եւ եւրոպական մամուլին մէջ։ Գործակցած է նաեւ Վենետիկի համալսարանին հետ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Արեւմտահայերէնի ուսուցման «Պո Արաքս» Մշակութային Ընկերակցութիւնը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 40-Ամեակը - հորիզոն շաբաթաթերթ, Սեպտ․11, 2025
- ↑ Վենետիկ. «Պօ-Արաքս» մշակութային ընկերակցութիւնը նշեց հիմնադրութեան 40-ամեակը, 8-9-2025
- ↑ Նոր Յառաջ․ Բացառիկ համերգեր Վենետիկի Պո-Արաքս մշակութային միութեան ամառնային խտացեալ դասընթացքին